Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, այսօր՝ շաբաթ առաւօտեան նամակ մը յղեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին՝ մանրամասն ներկայացնելով Լեռնային Ղարաբաղի դէմ թուրքազերիական յարձակումին հետեւանքով ստեղծուած իրողութիւնը եւ յառաջացած մարտահրաւէրները: Նամակին մէջ յատուկ շեշտուած է Միջին Արեւելքէն օտարերկրեայ ահաբեկիչներու ներգրաւումը Լեռնային Ղարաբաղի ռազմական գործողութիւններուն:
Նամակը յղելու լուրը հաղորդեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը.« Հաշուի առնելով ռազմական գործողութիւնները Հայաստանի հանրապետութեան սահմանին մօտենալու, Հայաստանի հանրապետութեան տարածքին նկատմամբ արդէն իսկ տեղի ունեցած ոտնձգութիւններուն փաստը՝ Հայաստանի վարչապետը դիմած է Ռուսիոյ նախագահին սկսելու անյապաղ խորհրդակցութիւններ՝ սահմանելու աջակցութեան տեսակէտները եւ չափը, որ Ռուսիա կրնայ յատկացնել Հայաստանի հանրապետութեան՝ իր անվտանգութիւնը ապահովելու համար՝ հիմք ընդունելով Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ դաշնակցային յարաբերութիւնները եւ 29 օգոստոս 1997 թուականի «Բարեկամութեան, համագործակցութեան եւ փոխադարձ աջակցութեան» պայմանագիրի 2-րդ յօդուածը». Մեկնաբանեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը: