ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կառավարութեան կեդրոնատեղիին մէջ հանդիպում ունեցաւ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին հետ:
Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն յայտնեցին, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ատրպէյճանաթրքական յարձակումներուն իբրեւ արդիւնք Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակը, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեամբ հակառակորդին գործողութիւններուն դէմ պայքարին միտուած քայլերը:
Հանդիպման ընթացքին կաթողիկոսը Հայաստանեայց առաքելական Ս. եկեղեցւոյ զօրակցութիւնը յայտնեց Հայաստանի եւ Արցախի կառավարութիւններուն` Արցախի ժողովուրդին ազատ ու անկախ կեանքի իրաւունքի պաշտպանութեան արդար պայքարին մէջ: