ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Չորեքշաբթի, 8 Սեպտեմբերին, կառավարութեան նիստին սկիզբը Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան դարձեալ անդրադարձաւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ Պաքուի ու Անգարայի հետ սահմանները բանալու հարցին:
Փաշինեան նշեց, որ քաջալերական կը համարէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու հարցին մասին Թուրքիոյ նախագահին հրապարակային անդրադարձը:
«Այդ յայտարարութիւններում մենք տեսնում ենք Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները կարգաւորելու, հայ-թուրքական երկաթուղին եւ ճանապարհները վերագործարկելու մասին խօսելու հնարաւորութիւն: Եւ մենք պատրաստ ենք նման խօսակցութեան: Մեծ հաշուով խօսքը մեր տարածաշրջանը արեւմուտքը արեւելքին, հիւսիսը հարաւին կապող խաչմերուկ դարձնելու մասին է», ըսաւ Փաշինեան:
Փաշինեան ընդգծեց, որ այս հոլովոյթին աշխուժ կերպով աջակցելու հրապարակային պատրաստակամութիւն ցուցաբերած է Ռուսիա: «Եւրոպական Միութիւնը, Ֆրանսա եւ Միացեալ Նահանգները նոյնպէս հետաքրքրուած են այս հոլովոյթով: Իսկ Չինաստանի ու Հնդկաստանի շահագրգռուածութիւնը հաղորդակցութեան նախագիծերու զարգացման ուղղութեամբ յայտնի է», ըսաւ ան՝ աւելցնելով. «Մեզ համար չափազանց կարեւոր է նաեւ երկաթուղային կապի հաստատումը Ռուսաստանի Դաշնութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հետ»:
Ըստ Փաշինեանի՝ շրջանի խաղաղութիւնը եւ կայունութիւնը Հայաստանի կառավարութեան երկարատեւ ռազմավարութիւնն է: «Մենք մեզ պատասխանատու ենք համարում այդ խնդրի լուծման համար: Խաղաղութիւնը, կայունութիւնը, համագործակցութիւնը հեշտ յայտարարելի եւ ցանկալի նպատակներ են, բայց դրանց իրագործման համար խելամիտ, մտածուած, պրագմատիկ ջանքեր են պահանջւում: Եւ Հայաստանը պատրաստ է նման ջանքեր գործադրելուն», ըսաւ ան: