ԱՆՈՆՔ ՀԱՄԱՁԱՅՆԵՑԱՆ ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏԵԼ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐ ՄԸ
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 6 Ապրիլին, Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եռակողմ հանդիպումը:
Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութենէն յայտնեցին, որ անոր ընթացքին քննարկուեցան 9 Նոյեմբեր 2020ի, 11 Յունուար եւ 26 Նոյեմբեր 2021ի եռակողմ յայտարարութիւններուն, ինչպէս նաեւ 14 Դեկտեմբերին Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած եռակողմ հանդիպումին ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւններու գործադրութեան վերաբերող հարցեր:
Ձեռք բերուեցաւ պայմանաւորուածութիւն՝ 26 Նոյեմբեր 2021ին Սոչիի մէջ գոյացած համաձայնութեան հիման վրայ, մինչեւ Ապրիլի վերջը կազմել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմաններու սահմանազատման հարցերով զբաղող երկկողմ յանձնախումբ մը, որ օժտուած պիտի ըլլայ նաեւ սահմանի երկայնքով ապահովութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու լիազօրութեամբ:
Փաշինեան եւ Ալիեւ իրենց երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն յանձնարարեցին մեկնարկել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւններու նախապատրաստական աշխատանքները:
Միշէլ իր կարգին անդրադարձաւ այս հանդիպումին՝ զայն կոչելով արդիւնաւէտ եւ ընդգծելով, որ խաղաղ բանակցութիւններու որոշակի հոլովոյթի սկսելուն վերաբերող որոշում տրուած է:
«Թասս»ը կը հաղորդէ, որ Միշէլ այս մասին յայտնեց լրագրողներու հետ տեղի ունեցած հանդիպումին:
«Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութիւնը, ապահովութիւնը եւ զարգացումը շատ կարեւոր են Եւրոպական Միութեան համար: Առ այդ, մենք կ՛աջակցինք բոլոր դրական ջանքերուն եւ վստահութեան հաստատման քայլերուն, ու այս գիշեր մեծ յաջողութեան հասանք, իսկ այս կը նշանակէ, որ մենք միասին որոշած ենք սկսիլ խաղաղ բանակցութիւններու որոշ հոլովոյթի, նախապատրաստել հնարաւոր խաղաղութեան համաձայնագիրը եւ լուծել այդ համաձայնագիրին համար անհրաժեշտ բոլոր տարրերը», ըսաւ Միշէլ: Ան նշեց, որ ուժերուն միջեւ համապատասխան հեռաւորութեան ապահովումը միջադէպերու կանխարգիլման եւ լարուածութեան նուազեցման էական տարր է: Միշէլ վերահաստատեց Եւրոպական Միութեան պատրաստակամութիւնը՝ տրամադրելու խորհրդատուութիւն եւ աջակցութիւն:
Միշէլ յայտնեց, թէ վտահ է, որ եռակողմ հանդիպման ընթացքին «ճիշդ ուղղութեամբ կարեւոր քայլ առնուած է»: «Ատիկա, անշուշտ, չի նշանակեր, որ ամէն ինչ լուծուած է, սակայն կը նշանակէ, որ մենք յառաջընթաց արձանագրեցինք, որովհետեւ աւելի լաւ կը հասկնանք, թէ ի՛նչ են այն կարեւոր տարրերը, որոնք անհրաժեշտ են կարելի եղածին չափ շուտ կայուն համաձայնութեան հասնելու համար, որպէսզի հասարակ յայտարարի հասնինք եւ ամբողջ տարածաշրջանին մէջ ապահովենք խաղաղութիւն, ապահովութիւն ու կայունութիւն», ընդգծեց Միշէլ:
Ան դիտել տուաւ, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ վերջերս ստեղծուած լարուածութիւնը եւ վերահաստատուեցաւ 9 Նոյեմբեր 2020ի յայտարարութեան դրոյթներուն բոլորովին հաւատարիմ մնալու անհրաժեշտութիւնը: Ան լուսարձակի տակ առաւ երկու կողմերու մարդասիրական ժեսթերու կարեւորութիւնը՝ վստահութեան եւ խաղաղ գոյակցութեան խթանման համար, նաեւ շեշտեց մարդասիրական բոլոր հարցերուն ամբողջական եւ արագ լուծման անհրաժեշտութիւնը, որոնց կարգին՝ գերութեան մէջ պահուողներու ազատ արձակումը եւ անհետ կորսուածներու հարցի համակողմանի լուծումը: Ան յայտարարեց, որ Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է աջակցելու այդ նախաձեռնութեան:
Միշէլ տեղեկացուց, որ երկու երկիրներու ղեկավարները քննարկեցին նաեւ կապի, ենթակառուցուածքներու վերականգնման հարցը. ան ողջունեց երկաթուղային գիծերու վերականգնման վերաբերող քայլերը՝ միաժամանակ խրախուսելով Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը՝ գտնել արդիւնաւէտ լուծումներ ճանապարհային կապերու վերականգնման համար: Միշէլ շեշտեց, որ Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է աջակցելու կապերու զարգացման հարցին:
Փաշինեան 7 Ապրիլի կառավարութեան նիստին խօսեցաւ օր մը առաջ Ալիեւի հետ ունեցած հանդիպումին մասին եւ ընդգծեց, որ երկու ուղղութիւններով պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է. առաջին՝ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն յանձնարարուեցաւ կապի մէջ մտնել, բանակցել խաղաղութեան պայմանագիրի նախապատրաստական աշխատանքներուն ուղղութեամբ եւ երկրորդ՝ ստեղծել երկկողմ յանձնախումբ մը սահմանազատման եւ սահմանագծման հարցերով զբաղելու համար:
Անդրադառնալով խաղաղութեան համաձայնագիրի բովանդակութեան՝ Փաշինեան ըսաւ. «Մեզ համար սկզբունքային նշանակութիւն ունեն Լեռնային Ղարաբաղի ժողովրդի անվտանգութեան երաշխիքներն ու նրանց իրաւունքների, ազատութիւնների պաշտպանութիւնը, նաեւ՝ Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակի ճշգրտումը»: Ըստ անոր՝ այս կէտերը ընդգրկուած են Ատրպէյճանին նախապէս հասցէագրուած հայկական կողմի պատասխանին մէջ եւ անոնք պիտի դառնան բանակցութիւններու առարկայ:
Ատրպէյճանական զինուած ուժերուն կողմէ Փառուխ ներխուժման դէպքը եւս, ինչպէս փոխանցեց Փաշինեան, եղած է քննարկումի նիւթ, «սակայն դա չի յանգեցրել իրավիճակի միասնական գնահատականի»: Ան նաեւ յայտարարեց, որ յարմար չէ նկատած այս հարցը քննարկել Պրիւքսէլի մէջ, որովհետեւ հարցը պիտի քննարկուի Ռուսիոյ գործընկերներու մասնակցութեամբ, մանաւանդ որ ներխուժումը եղած է ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատուութեան գօտիին մէջ:
Հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման եւ սահմանագծման յանձնախումբ ստեղծելու աշխատանքներուն մասին խօսելով՝ Փաշինեան շեշտեց, որ յանձնախումբը պիտի ունենայ նաեւ երկրորդ առաքելութիւն՝ սահմանին ապահովութեան ու կայունութեան հաստատումը: «Հայաստանում տարածքներ կան, որոնք գտնւում են Ադրբեջանի վերահսկողութեան ներքոյ, եւ կան ադրբեջանական տարածքներ, որ ՀՀ վերահսկողութեան ներքոյ են: Այս հարցերը պիտի լուծուեն դէ իւրէ (իրաւապէս) հիմնաւորուած արձանագրումների, իրաւական նշանակութիւն ունեցող փաստերի հիման վրայ», յայտնեց Փաշինեան: Այս հարցով աջակցութեան պատրաստակամութիւն յայտնեցին թէ՛ Ռուսիան եւ թէ Եւրոպական Միութիւնը: Տարածաշրջանային հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման վերաբերեալ Փաշինեան տեղեկացուց, որ այս հարցով կան տարընթերցումներ. բանակցութիւնները պիտի շարունակուին:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ գերիներու եւ այլ պահուող անձերու վերադարձի անհրաժեշտութեան թեման:
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին յայտարարեց, որ 6 Ապրիլի հանդիպումէն ետք ձեռք բերուած համաձայնութիւնները կը բխին Պաքուի շահերէն՝ տեսակցութիւնը նկատելով յաւելեալ կարեւոր քայլ մը տարածաշրջանի զարգացումը՝ խաղաղութեան եւ ապահովութեան պայմաններու մէջ:
«Հանդիպման իբրեւ արդիւնք համաձայնութիւն գոյացած է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներուն յանձնարարելու՝ սկսիլ խաղաղութեան համաձայնագիրի շուրջ աշխատանքի՝ հիմնուած Պաքուի կողմէ ներկայացուած հիմնարար սկզբունքներուն վրայ», կ՛ըսուի Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
Հանդիպումին արձագանգողներէն եղաւ նաեւ Քրեմլին, որ դրական գնահատեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն՝ խաղաղ բանակցութիւններու հոլովոյթի սկսելու որոշումը:
«Թասս»ը կը հաղորդէ, որ այս մասին լրագրողներու ըսաւ Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով: «Հասկնալի է, որ այս հոլովոյթը շատ երկար է, սակայն դէպի նման փաստաթուղթի կնքումը յառաջընթացը ինքնին դրական փաստ է եւ ողջունելի», ըսաւ ան:
Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզէփ Պորել եւս անդրադարձաւ հանդիպումին՝ «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ կիսելով Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի գրառումը, որուն մէջ ան կը նշէ, որ արդիւնաւէտ երեկոյ ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւի հետ՝ որոշակի եւ շօշափելի արդիւնքներով, եւ որ յանձնառութիւն ստանձնեց՝ աշխատելու խաղաղութեան ապագայ պայմանագիրի նախապատրաստութեան ուղղութեամբ:
Պորել այս մէկը նկատեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ձեռք բերուած կարեւոր ջանք եւ յառաջընթաց՝ տեւական խաղաղութեան եւ կայուն ու ապահով Հարաւային Կովկասի ուղղութեամբ աշխատելու համար: «Աշխարհաքաղաքական ներկայ պայմաններուն մէջ, առաւել քան երբեք կարեւոր է գտնել ուղիներ՝ ներգրաւուելու եւ դիւանագիտական ճամբով լուծելու հակամարտութիւնները», կ՛ընդգծէ Պորել: