Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ։
Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմէն յայտնեցին, որ զրուցակիցները քննարկեցին վերջին օրերուն Արցախիի մէջ տիրող լարուած իրավիճակը: Վարչապետը մտահոգութիւն յայտնեց Ատրպէյճանի կողմէ 9 Նոյեմբեր 2020ի եռակողմ յայտարարութեան դրոյթներէն շեղելու մասին եւ վերահաստատեց Հայաստանի Հանրապետութեան դիրքորոշումը՝ տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ կայունութեան վերաբերեալ:
Պլինքըն իր կարգին մտահոգութիւն յայտնեց լարուածութեան գծով եւ ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգները պատրաստակամ է աջակցելու իրավիճակի կայունացման:
Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի միջազգային յարաբերութիւններու յանձնախումբի անդամ Ռապըրթ Մենենտեզ հրապարակեց յայտարարութիւն մը՝ դատապարտելով Պաքուի գործողութիւնները։
«Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ատրպէյճանի մահաբեր յարձակումները ոչ միայն զինադադարի դրութեան խախտում են, այլ նաեւ նախայարձակման դրսեւորումներու անընդունելի շարունակութիւն։ Ատրպէյճանական ուժերը պէտք է հեռանան տարածաշրջանէն եւ դադրեցնեն Արցախի ժողովուրդի դէմ զինուորական գործողութիւնները», կ՛ըսուի Մենենտեզի յայտարարութեան մէջ։