ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի Ապրիլ 24-ի ելոյթը անուանեց Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման նոր մակարդակ եւ «ազգի սպանդի արդարացում»: Հայաստանի ղեկավարը միջազգային հանրութեան կոչ ուղղեց արձագանգել Թուրքիոյ նախագահի ատելութեան խօսքին:
Փաշինեան ինք արձագանգեց Էրտողանի Ապտիլ 24-ի ելոյթին։ «Յիշատակի օր, երբ աշխարհասփիւռ հայերը յարգանքի տուրք էին մատուցում Հայոց Ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցին, սակայն Թուրքիայի ղեկավարը կրկին հերքում էր 20րդ դարի մեծագոյն ոճրագործութիւնը եւ այն անուանում «1915 թ. հայերի տեղահանութիւն»: Օսմանեան կայսրութեան ողջ հայ բնակչութեանը, որը դատապարտուեց զանգուածային սպանդի ու մահուան երթերի, «հայ հրոսակներ ու նրանց աջակիցներ» անուանելը, 1,5 միլիոն մարդ սպանելն ու դա «ամենատրամաբանական վարքագիծ» որակելը ոչ միայն ժխտողականութեան նոր մակարդակ է, այլեւ՝ մի ողջ ազգի սպանդի արդարացում», գրած է վարչապետ Փաշինեան «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ:
«Ամէնից առաջ՝ Ապրիլի 24ին այդպիսի յայտարարութիւնը հայ ժողովրդի եւ ողջ մարդկութեան հանդէպ խորին վիրաւորանք է եւ ծայրայեղ ատելութեան խօսք անձամբ Էրտողանի կողմից: Աշխարհը պէտք է չլռի», աւելցուցած է Փաշինեան:
Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրուան առիթով վարչապետ Փաշինեան հասնդէս եկաւ յայտարարութեամբ, որուն մէջ կ՛ըսէ. «Հայոց Ցեղասպանութեան առանձնայատկութիւններէն մէկը այն է, որ ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդը ոչ միայն բնաջնջուած է ֆիզիքապէս, այլ նաեւ զրկուած է իր հայրենիքին մէջ ապրելու իրաւունքէն: Մեզ հետեւողականօրէն զրկած են այն հողէն, ուր հազարամեակներու ընթացքին ձեւաւորուելով հայկական մշակոյթն ու հայկական ինքնութիւնը կը զարգանար: Երկրի երեսէն ջնջուած է հայկական ինքնութիւնը կազմող մշակութային ժառանգութիւնը՝ հազարաւոր դպրոցներ, եկեղեցիներ եւ վանքեր: Ոչնչացուած են հայկական մշակոյթի էութեան կրողները՝ անոր մտաւորականութիւնն ու հոգեւորականութիւնը»:
Ան կը յայտնէ, որ պատահածը հսկայական հարուած էր ոչ միայն հայ ժողովուրդին, անոր մշակոյթին ու անոր մշակութաբանական տեսակին, այլ նաեւ մարդկային ամբողջ քաղաքակրթութեան:
«Անդառնալիօրէն համաշխարհային մշակոյթին մաս կազմող ուրոյն եւ ինքնատիպ շերտ կորսուած է: Հայերու, յոյներու եւ ասորիներու ցեղասպանութեանբ՝ անդառնալիօրէն փոխուած է ամբողջ տարածաշրջանի մը մշակութային պատկերը: Արդեօք ասիկա յանցագործութիւն չէ՞ր մարդկութեան դէմ: Ոճրագործը ոչնչացուց մեր բանաստեղծները, որոնք մեր խիղճն ու ինքնութեան առանցքը կը կազմէին: Ուրեմն, մեր շարունակական պայքարը մեր էութեան, մեր տեսակի պահպանութեան համար է: Մոռնալով անոնց յիշատակը, մոռնալով անոնց մշակութային ժառանգութիւնը՝ մենք մեր էութեան կը դաւաճանենք: Անոնց յիշատակը վառ պահելով, արդարութեան վերականգնման համար պայքարելով՝ մենք անմահութիւն ձեռք կը բերենք: Ուրեմն, մենք Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործում հետեւողական պիտի ըլլանք», ըսաւ վարչապետը: