Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Փաշինեան Թոյվօ Քլաարի Հետ Քննարկեց Արցախի Տագնապի Լուծման Վերաբերող Հարցեր

February 19, 2020
in Mobile Home, Newsletter, Հայերէն Լուրեր
0
Փաշինեան Թոյվօ Քլաարի Հետ Քննարկեց Արցախի Տագնապի Լուծման Վերաբերող Հարցեր

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունեց Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերու Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը: Հանդիպման ներկայ եղաւ նաեւ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Անտրէա Վիքթորի:

Վարչապետը գոհունակութիւն յայտնեց Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն զարգացման ընթացքին համար եւ նշեց, որ երկկողմանի փոխգործակցութիւնը կը կրէ եռուն բնոյթ: Ան նշեց, որ Հայաստան ներկայիս կը գտնուի Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու հանրաքուէի իրականացման փուլին մէջ եւ անդրադարձաւ անոր նպատակներուն:

Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները քննարկեցին Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերող հարցեր: Վարչապետ Փաշինեան նշեց, որ Հայաստան հաւատարիմ է տագնապի խաղաղ լուծման՝ ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահութեան ձեւաչափով, եւ անդրադարձաւ բանակցային կարգաւորման շուրջ իր դիտարկումներուն ու տեսակէտներուն: Վարչապետը կարեւոր նկատեց Արցախի հասարակութեան ներգրաւումը վստահութեան կառուցման քայլերուն, ինչ որ պիտի նպաստէ կառուցողական մթնոլորտի ձեւաւորման եւ բանակցային գործընթացին:

Հայաստանի վարչապետը եւ Հարաւային Կովկասի ու Վրաստանի ճգնաժամի հարցերու Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչը միտքեր փոխանակեցին նաեւ տարածաշրջանային այլ հարցերու շուրջ:

Previous Post

«ԼՐԱԳԻՐ»Ի ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ ՓԱՍՏԱԲԱՆ ՆՈՐԱՅՐ ՆՈՐԻԿԵԱՆԻ ՀԵՏ

Next Post

Ուքրանիոյ Խորհրդարանին Մէջ Արձանագրուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակներուն Յիշատակը Յարգելու Որոշման Նախագիծը

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.