Ազգային ժողովի պատգամաւոր, ընդդիմադիր շարժման առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեան ըսած է, որ վարչապետի պաշտօնակատար Կարէն Կարապետեանի հետ հանդիպումը չէ կայացած, քանի որ «Հանրապետական կուսակցութեան մէջ լիակատար շփոթ կը տիրէ»:
«Մենք պատրաստ ենք բանակցութիւններու, բայց Կարապետեանը չէ եկած, սա շատ պարզ փաստ է: Մեր ծրագիրը կը մնայ նոյնը` քայլ առ քայլ առաջ պիտի շարժինք, պիտի շարունակենք ցոյցերը: Քաղաքական ճգնաժամը Հայաստանի մէջ չէ լուծուած, եւ մենք պէտք է աշխատինք լուծման ուղղութեամբ` ցոյցերու եւ բանակցութիւններու միջոցով»,- յայտարարած է Նիկոլ Փաշինեան:
Ան կոչ ըրած է քաղաքացիներուն Երեքշաբթի, 1 Մայիսին հեղեղել Երեւանի փողոցները:
«Ես, 1 Մայիսին կը կանխորոշեմ Հայաստանի Հանրապետութեան հարիւր հազարաւոր քաղաքացիներ Երեւանի փողոցներու մէջ: Այս պահէն կոչ կ՛ուղղենք Հայաստանի քաղաքացիներուն` 1 Մայիսին` առաւօտեան ժամը 8:00-ին, ըլլալ Երեւան եւ հեղեղել փողոցները, հրապարակները, որոնց շարքին` Ազգային ժողովի յարակից փողոցները»,- ըսած է ընդդիմադիր շարժման առաջնորդը:
Անդրադառնալով վարչապետի պաշտօնին ՀՀԿ ներկայացուցիչի ընտրուելու հնարաւորութեան` Նիկոլ Փաշինեան ըսած է. «Եթէ Հանրապետականը ընտրուի որպէս վարչապետ, ապա ճգնաժամը պիտի չլուծուի, եւ մենք մեր խաղաղ ցոյցերուն միջոցով պիտի փորձենք բացատրել Հանրապետականներուն, պարոն Կարէն Կարապետեանին, ինչպէս ըրած ենք Սերժ Սարգսեանի պարագային, որ ան չի հասկնար երկրի իրական քաղաքական իրավիճակը»: