Կառավարութեան վերջին նիստին ընթացքին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նախարարներուն ըսաւ. «Պէտք է նկատի առնուի այն փաստը, որ Պետական եկամուտներու խորհուրդին պարտականութիւն տրուած է, որ պիւտճէի մուտքի մասերը պէտք է էականօրէն աւելնան, եւ այստեղ երկրորդ տարբերակ չկայ: Մենք բոլորս գիտենք, որ Հայաստանի մէջ հսկայական ստուերային տնտեսութիւն կայ, եւ մեր համապատասխան մարմինները պէտք է աշխատին եւ այս ստուերային տնտեսութիւնը դուրս բերեն լուսաւոր տարածք: Այսինքն` մենք պէտք չէ մտածենք` վա՛յ, դրամ չունինք, եկէ՛ք, ոչ մէկ բան ընենք: Մենք դրամ ունինք, պարզապէս մեր դրամը այն տեղը չէ, ուր պէտք է ըլլայ: Հիմա Պետական եկամուտներու խորհուրդը, Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը, դատախազութիւնը, ոստիկանութիւնը, քրէակատարողական ծառայութիւնը պէտք է ապահովեն այդ ընթացքը: Եթէ չընէն, մենք կ՛ընենք համապատասխան եզրակացութիւններ»: