ԵՐԵՒԱՆ.- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան, կառավարութեան անդամներ, պատգամաւորներ եւ բարձրաստիճան զինուորականներ 2 Ապրիլին այցելեցին Եռաբլուր զինուորական պանթէոն՝ յարգանքի տուրք մատուցելու Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին ընթացքին հայրենիքի սահմանները պաշտպանելու ընթացքին անձնուիրաբար զոհուած հերոսներու յիշատակին եւ ծաղիկներ զետեղեցին անոնց շիրիմներուն:
Նիկոլ Փաշինեան եւ Արարատ Միրզոյեան ծաղիկներ զետեղեցին նաեւ սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի եւ Անդրանիկի շիրիմներուն:
Ծաղկեպսակ զետեղուեցաւ նաեւ անյայտ կորած ազատամարտիկներու յուշակոթողին: