Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Փաշինեան. «Ռուսիոյ Տուած Սահմանազատման Եւ Սահմանագծման Նախապատրաստական Փուլին Վերաբերեալ Առաջարկները Ընդունելի Են Մեզի Համար»

November 19, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Հայերէն Լուրեր
0
Մենք պետք է ի վերջո գնանք 1920-1930-ականների իրավական հիմքերին․ վարչապետը՝ դեմարկացիայի և դելիմիտացիայի մասին

Երէկ` հինգշաբթի, 18 նոյեմբերին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ, հակառակ ռուսական կողմին միջնորդութեամբ նախօրէին հաստատուած հրադադարին, 17 նոյեմբերի ուշ երեկոյեան ազրպէյճանական զինուած ուժերու ստորաբաժանումները անկանոն կրակ բացին Տաւուշի մարզի հայ-ազրպէյճանական սահմանի կարգ մը ուղղութիւններով. պատասխան գործողութիւններէ ետք կրակոցները դադրած են:

Ըստ նախարարութեան, 18 նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 10:00-ի դրութեամբ իրավիճակը սահմանին յարաբերականօրէն կայուն եղած է:

Զոհերու կամ վիրաւորներու մասին տեղեկութիւններ չհաղորդուեցան:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը նաեւ յայտնեց, որ ճշդուած է ինքնութիւնը 16 նոյեմբերի մարտերուն ընթացքին զոհուած հայ զինուորին, որուն դիակը Ռուսիոյ Հարաւային ռազմական ջոկատի փոխհրամանատար, զօր. Ռուստամ Մուրատովի միջնորդութեամբ յատուկ թռիչքով Պաքուէն Երեւան տեղափոխուեցաւ: Սպան 31-ամեայ աւագ տեղակալ Տարօն Սահակեանն է:

Մարտերուն ընթացքին անհետ կորսուած 24 զինուորներու յայտնաբերման, ինչպէս նաեւ գերեվարուածներու վերադարձի աշխատանքները կը շարունակուին:

Նախարարութիւնը յայտարարութեամբ մը նաեւ հերքեց մամուլին եւ ընկերային ցանցերուն մէջ շրջան ընող այն տեղեկութիւնները, թէ 14 նոյեմբերին հայկական կողմը 6 ազրպէյճանցի զինուոր գերեվարեց, այնուհետեւ գաղտնաբար վերադարձուց զանոնք: «Բացարձակ ոչ մէկ կապ ունի իրականութեան հետ: Աւելի քան ակնյայտ է, որ նման իրադրութեան պարագային հայկական կողմը գերիներու առնուազն համարժէք փոխանակում կ՛իրականացնէր», յայտնեց նախարարութիւնը:

Իսկ 18 նոյեմբեր 2021-ի առաւօտեան Հայաստանի վարչապետը յայտարարեց, թէ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը սահմանազատման եւ սահմանագծման նախապատրաստական փուլին վերաբերեալ առաջարկներ ներկայացուցած է: Փաշինեան մանրամասնութիւններ չտուաւ, միայն ըսաւ, որ ռուսական կողմին առաջարկը ընդունելի է Հայաստանի համար:

Ան նաեւ յանձնարարեց պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանին` Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան հետ ճշգրտելու մանրամասնութիւնները: «Փորձենք իրագործել առաջարկները` Ռուսիոյ առաջարկներուն ծիրին մէջ եւ անոնց հիման վրայ», նշեց Փաշինեան:

Previous Post

Հայաստան Առաջին Անգամ Ըլլալով Ընտրուած Է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Գործադիր Խորհուրդի Անդամ

Next Post

Presidents of Turkey, Niger discuss regional development

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.