ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ու Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին 8 Սեպտեմբերին պիտի հանդիպին Մոսկուայի մէջ: Կողմերը բարձր մակարդակի հայ-ռուսական բանակցութիւններ պիտի վարեն: Այս տեղեկութիւնը հաստատած է ՌԴ նախագահի մամուլի խօսնակ Տմիթրի Փեսքով:
Ասիկա պիտի ըլլայ Փաշինեանի երրորդ այցը Ռուսիա: Նախապէս ան Փութինի հետ հանդիպած էր 14 Մայիսին, Սոչիի մէջ՝ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ երկիրներու ղեկավարներու գագաթնաժողովին, ապա 13 Յունիսին, Մոսկուայի մէջ՝ ֆութպոլի Աշխարհի գաւաթի բացման արարողութեան ծիրէն ներս:
Մոսկուա իր այցելութեան ընթացքին, վարչապետ Փաշինեան 8 Սեպտեմբերին ծրագրած է հանդիպումներ՝ տեղւոյն հայ գործարար համայնքի ներկայացուցիչներու հետ: