ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի փաստաբաններու պալատը 24 Յունիսին կազմակերպեց խորհրդակցութիւն Մը՝ Ատրպէյճանի մէջ ընթացող դատավարութիւններուն ընթացքին հայ ռազմագերիներուն իրաւաբանական օգնութիւն ցուցաբերելու արդիւնաւէտութեան վերաբերեալ:
«Փաստաբանները քննարկել են Ադրբեջանում հայ ռազմագերիներին իրավաբանական օգնութիւն ցոյց տալու, ինչպես նաեւ հնարաւոր խախտումները բացայայտելու եւ հիմնաւորելու անհրաժեշտութեան եւ արդիւնաւէտութեան հարցը: Փաստաբանները մտահոգութիւն են յայտնել առ այն, որ Ադրբեջանը խոչընդոտելու է ՀՀ փաստաբանների կողմից հայ ռազմագերիներին իրաւաբանական օգնութեան տրամադրումը», կը նշուի այս առիթով հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ։
Քննարկման իբրեւ արդիւնք՝ Փաստաբաններու պալատը որոշեց դիմել Հայաստանի Հանրապետութեան իրաւասու մարմիններուն, Ատրպէյճանի իրաւասու մարմիններուն, Ատրպէյճանի փաստաբաններու միութեան, ինչպէս նաեւ միջազգային այլ կառոյցներու՝ հայ ռազմագերիներուն Հայաստանի Հանրապետութեան փաստաբաններուն միջոցով իրաւաբանական օգնութիւնը ապահովելու, Հայաստանի փաստաբաններուն Ատրպէյճան մուտքը արտօնելու եւ անոնց անվտանգութիւնը երաշխաւորելու հարցերով: