8 ՄԱՅԻՍի ՆԱԽՕՐԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ
Մինաս Գոճայեան, Լոս Անճելըս, 7 Մայիս 2018
Ուղիղ 50 տարի առաջ, 6 Մայիսին, եւ ապա ամբողջ 15 օրեր, «լոյսի քաղաք» Փարիզ վերածուեցաւ խաւարի, ըմբոստութեան, ուսանողական եւ բանուորական յամառ ու աննահանջ ցոյցերու անսանձելի հրաբուխի մը։ Մէկ կողմէն խիստ դժգոհ ուսանողութիւն մը եւ անիրաւուած դասակարգեր կատաղի բախումներու միջոցով որոշած էին հարցերը լուծել, միւս կողմէն պահպանողական խաւերը կը փորձէին շարունակել իրենց իշխանութիւնը եւ դառնալ դէպքերու թելադրողը։ Օրուան ամենէն բնորոշ լոզունգներէն մէկն էր «Արգիլուածն է արգիլուածը» (“Il est interdit d’interdire”)։ Եւ սկսան Սէն Միշէլ հրապարակի ու Սորպոնի յարակից թաղերու մէջ պայթիլ ոստիկանութեան արցունքաբեր ռումբերը, որոնց ծուխ ու մուխէն Փարիզի Մայիսեան պայծառ երկինքը խաւարեցաւ։
Յաջորդ օրերուն Ֆրանսան անդամալուծուեցաւ ընդհանուր գործադուլներու պատճառով։ Յեղափոխականացած ուսանողութիւնը կը պահանջէր բարեփոխութիւն եւ պետութեան վերակառուցում։ Սէն Միշէլ հրապարակի սալիկները մնացին ՄԵՐ միակ ինքնապաշպանութեան միջոցները բիրտ ոստիկանութեան վայրագ յարձակումներու դիմաց։ ՄԵՐ կ՚ըսեմ, որովհետեւ տողերուս հեղինակը առաջին մէկ օրէն միացաւ շարժումին՝ արժանանալով շրջապատին համակրանքին։
Մի՛ զարմանաք, եթէ կարդաք յաջորդող շեղագիր տողերը, որոնք գրուած են տասնամեակներ առաջ։ Պարզապէս անձին եւ երկրին անունները փոխարինեցէք եւ դուք կը ստանաք այսպիսի տեղեկագրութին մը։
«Ազգային կառավարութիւնը վայրկեանապէս դադրեցաւ իր պարտականութիւնները կատարելէն, երբոր երկրին նախագահ Շարլ տը Կոլ գաղտնօրէն փախաւ Ֆրանսայէն քանի մը ժամուայ համար։ Բողոքի ցոյցերը խթանեցին մշակութային եւ արուեստի շարժում մը՝ ստեղծելով նոր երգեր, նոր երեւակայութեամբ որմնանկարներ (graffity), որմազդեր, կոչեր ու լոզունգներ»։
Կամ՝ «Ըմբոստութիւնները սկսան դրամատիրութեան, Ամերիկեան կայսերապաշտութեան, սպառողականութեան եւ ժամանակավրէպ հիմնարկներու, արժէքներու եւ կարգուսարքի դէմ ուղղուած ուսանողներու կողմէ կատարուած գրաւումերով»։
Այսօր, ուղիղ հինգ տասնամեակ ետք, այս անգամ Երեւանի փողոցներուն մէջ, ՀՀԿ-եան կողմէ զաւթուած պետութիւն կոչուածի դէմ մեր ուսանողութիւնը, իր կողքին ունենալով ամէն տարիքի հայրենի քաղաքացիներ, ա՛լ դանակը ոսկորին հասած ըլլալով յամառօրէն կը պահանջեն ՀՀԿ-ական համակարգի, իմա՝ օլիկարխիայի, վարչաձեւը, որուն համար խաղաղ ցոյցի իջած մեր հայրենակիցները խոշտանգուեցան, ինչպէս Փարիզի մէջ՝ մինչեւ որ ընթացիկ տը Կոլական կառավարութեան ուրիշ ելք չմնաց, եթէ ոչ հրաժարիլ պետական պաշտօններէն։
Ժողովրդական ըմբոստութիւններն ու ընդվզումներ յանկարծ չեն ծնիր նախախնամութեան մը կողմէ եղած հրահանգով կամ կարգադրութեամբ։ Անոնք պոռթկումի կը վերածուին երկար ժամանակի ընթացքին կաթիլ կաթիլ կուտակուած դժգոհութիւններու, անարդարութեանց դէմ անկարողութեան մատնուած հոսանքներու եւ խաւերու այլեւս դիմադրելու անկարող զգացումներէն։
Այդպէս եղած են գրեթէ բոլոր յեղափոխութիւններու ժամանակ, ինչպէս Փարիզի ու Երեւանի պարագաներուն։ Իշխող վերնախաւին եւ իր հրամանները կամայ թէ ակամայ պաշտպանելու դատապարտուած ուժային կառոյցները կրնան որոշ ժամանակ կարծել թէ յաղթանակած են, բայց երբ շարունակուի ընկերային անարդարութեան եւ պետական այրերու վարած հակաժողովրդական քաղաքականութիւնը, յաջորդ ըմբոստութեան ալիքը շատ չ’ուշանար եւ այս անգամ կու գայ աւելի ուժգնօրէն, նոյնիսկ աւելի անկարգապահ։ Այդպէս եղաւ Ֆրանսայի մէջ 1968թ. Մայիս 6–էն ետք մինչեւ որ նախկին իշխանութիւնները աւելի խայտառակ ձեւով քաշուեցան ղեկավար պաշտօններէն։
Այդպէս չեղա՞ւ նաեւ մեր հայրենիքին մէջ, երբ Մարտի խաղաղ ցոյցերը իշխանութիւններու մեղքով դարձան արիւնալի, սկսան խօսիլ զէնքերը, բայց ի պատիւ մեր ժողովուրդին, անոր արդար ատելութիւնն ու սուգը կոյր վրէժխնդրութեան չվերածուեցաւ, այլ վճռակամութիւնը աւելի կարծրացաւ, արմատացաւ։ Ժամանակաւորապէս ճզմուեցաւ Մարտի ըմբոստութիւնը, բայց եկաւ Հիմնադիր խորհրդարանի արիւնալի դէպքը, ապա այս տարուան ապրիլեան ըմբոստութեան ալիքը, որ ամբողջ երկիրը կլանեց իր հոսանքին մէջ։
Տիրող նախկին իշխանութիւնը այսօր ելքի շատ տարբերակներ չունի։ Եթէ իր յոյսը պիտի դնէ «մենք Ազգային ժողովին (խորհրդարան) մէջ մեծամասնութիւն ենք» յոխորտանքին վրայ եւ չընտրուի ժողովուրդին ԻՐԱՒ ՄԵԾԱՄԱՍՆՈՒԹԵԱՆ թեկնածուն, մեր երկիրը պիտի նետեն հնարաւոր քաոսի գիրկը, զանգուածային ընդվզումներու հոսանքը ոչ մէկ թումբ պիտի ճանչնայ, այն ատեն Աստուած օգնէ մեր ազգին։
Ինչպէ՞ս կարելի է պատկերացնել Ազգային ժողով մը, որուն մեծամասնութիւնը «ընտրուած է» ընտրակեղծիքներով ու անբարոյական միջոցներով՝ «կոպեկներով» պիտի ըսէր մեր ժողովուրդը։
Լրջախոհութիւն ու կատարեալ զգօնութիւն կը պահանջուին երկու կողմերէն ալ, բայց մասնաւորապէս նախկին իշխանաւորներէն, որոնց մեծամասնութեան մշտական բնակավայրը պէտք է ըլլար Նուբարաշէնը (Հայաստանի բանտը)՝ այն խցիկները, ուր անարդարօրէն կալանքի տակ կը գտնուին մեր ազգին լաւագոյն երիտասարդներէն ոմանք։