«ԹԱՍՍ» լրատուական գործակալութիւնը, հաղորդեց, թէ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին, Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ խօսնակ Տմիթրի Փեսքով յայտնած է, թէ ռուս զինուորները ուշադիր կը հետեւին Լեռնային Ղարաբաղի իրադարձութիւններուն:
« Մեր զինուորները շատ ուշադիր կը հետեւին շփման գիծին զարգացումներուն: Տեղեկատուութիւնը մանրամասնօրէն կը վերլուծուի: Մենք նաեւ հանգամանօրէն կ’արձանագրենք աշխարհի ամենատարբեր երկիրներու միջազգային ղեկավարներու բոլոր յայտարարութիւնները». ըսած է Փեսքով, պատասխանելով Լեռնային Ղարաբաղի հարցով Թուրքիոյ մասնակցութեան վերաբերեալ հարցումին:
Փեսքով աւելցուցած է, թէ Մոսկուա հաւանութիւն չի տար, Լեռնային Ղարաբաղի հետ կապուած Ազրպէյճանին քաղաքականապէս օժանդակելու Թուրքիոյ յայտարարութեան: «Անշուշտ մենք չենք աջակցիր նման յայտարարութիւններու, մենք համաձայն չենք անոնց(Թուրքիոյ) հետ». նշած է Փեսքով, յիշեցնելով որ չարժեր իւղ լեցնել կրակին վրայ:
«Մենք, նախկինին նման, տարածաշրջանի բոլոր երկիրներուն զսպուածութեան կոչ կ’ընենք եւ յատկապէս, հակամարտութեան մասնակից երկիրներուն կոչ կ’ընենք անյապաղ դադրեցնել կրակը». եզրակացուցած է Փեսքով: