ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ բանբեր Տմիթրի Փեսքով չմեկնաբանեց Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի` հայ-ատրպէյճանական սահմանի երկայնքով ռուսական սահմանապահ յենակէտեր տեղակայելու գաղափարը:
Ըստ «ԹԱՍՍ»ի՝ Փեսքով այս մասին ըսաւ՝ պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՛նչ է Քրեմլինի մօտեցումը Փաշինեանի նախաձեռնութեան:
«Երեւանի հետ կապերը կը շարունակուին, աւելցնելիք չունիմ», շեշտեց ան։
Ըստ Փեսքովի՝ Ռուսիա մեծ ջանքեր ի գործ կը դնէ հայ-ատրպէյճանական սահմանին հրադադարի դրութիւնը վերականգնելու համար, աշխատանքները կը շարունակուին, կապեր կը հաստատուին Երեւանի եւ Պաքուի հետ, որպէսզի ամբողջութեամբ ապահովուի եռակողմանի պայմանաւորուածութիւններու իրականացումը։