Պսակաւոր ժահրը սարսափի մատնած է Անգլիոյ Փըրըմիէր Լիկ- ի ակումբները: Արդարեւ, Թոթենհամ, Մանչեսթըր Եունայթըտ, Պրայթըն, Պրենթֆորտ, Լեսթըր Սիթի, Ասթոն Վիլա, Նորուիչ Սիթի, առանց անուններ յիշատակելու, պաշտօնապէս յայտարարեցին, թէ պսակաւոր ժահր յայտնաբերած են կարգ մը մարզիկներու մօտ:
Այս կացութիւնը Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը մղած է անորոշ թուականով յետաձգել կարգ մը մրցումներ:
Փըրըմիէր Լիկ- ի բոլոր ակումբները ներկայիս ամենօրեայ ստուգումներու կ’ենթարկեն իրենց մարզիկները եւ վարչական պատասխանատուները:
Պաշտօնական տուեալներով պսակաւոր ժահրի վաթսուն երկու դէպք արձանագրուած է Փըրըմիէր Լիկ-ի ակումբներուն մէջ: