ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահները՝ Սթեֆան Վիսքոնթի (Ֆրանսա), Էնտրիւ Շոֆըր (Միացեալ Նահանգներ), Իկոր Խովաեւ (Ռուսիա) հրապարակեցին յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը շեշտեն, որ մտահոգութեամբ կը հետեւին Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի երկայնքով տեղի ունեցած վերջին միջադէպերուն, ներառեալ՝ զոհերու եւ մարդկային կորուստներու մասին լուրերուն:
Համանախագահները կոչ կ՛ուղղեն Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին՝ անյապաղ նուազեցնելու լարուածութիւնը, ձեռնպահ մնալու սադրիչ հռետորաբանութենէ եւ գործողութիւններէ, ամբողջութեամբ կատարելու իրենց պարտաւորութիւնները՝ 9 Նոյեմբերի յայտարարութեան եւ հրադադարի մասին այլ պայմանաւորուածութիւններու համաձայն:
Համանախագահները կը վերահաստատեն հակամարտութեան բոլոր մնացած հիմնական հարցերու բանակցուած, համապարփակ եւ կայուն կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը եւ կողմերուն կոչ կուղղեն՝ կարելի եղածին չափ շուտ վերադառնալու բանակցութիւններուն` համանախագահներուն հովանիին տակ: Անոնք կը կրկնեն իրենց հովանիին տակ երկկողմանի ուղղակի խորհրդակցութիւններ կազմակերպելու առաջարկը, որպէսզի կողմերը վերանային եւ միասնաբար համակարգեն կառուցուածքային օրակարգը՝ արտացոլացնելով իրենց առաջնահերթութիւնները՝ առանց նախապայմաններու:
«Համանախագահները կը վերահաստատեն իրենց ամուր աջակցութիւնը ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչին եւ անոր խումբի շարունակական ջանքերուն», կը նշուի յայտարարութեան մէջ: