ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- 1 Օգոստոսին տեղի ունեցած եւրոպայի ֆութպոլի ակումբներու «Եուրոփա» մրցաշարքի զտումի Բ. հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի ֆութպոլի փոխախոյեան՝ Երեւանի «Փիւնիկ» ակումբը Չեխիոյ մէջ սպիտակ հաւասարութիւն մը արձանագրեց հիւրընկալ «Եապլոնեք» խումբին դէմ։
Չէզոք այս արդիւնքին շնորհիւ, հայկական խումբը կրցաւ ապահովել Գ. հանգրուանի տոմսը, որովհետեւ Հայաստանի մէջ 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր։
Երեւանի «Փիւնիկ»ը յաջորդ հանգրուանին պիտի մրցի Անգլիոյ բարձրագոյն դասակարգին մաս կազմող «Ուուլվըրհեմփթըն»ի դէմ, որ նախորդ տարեշրջանին Անգլիոյ մրցաշարքին մէջ 7րդ դիրքը գրաւած էր։
Նոյն օրը, «Ալաշկերտ»ը չկրցաւ կրկնել «Փիւնիկ»ի յաջողութիւնը, հակառակ այն իրողութեան, որ մրցակիցին՝ «Շթէուա»ի (Ռումանիա) դաշտնին վրայ կրցաւ 3-2 (կիսախաղ՝ 3-1) արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրել, ինչ որ բաւարար էր Երեւանի մէջ իր կրած 0-3 արդիւնքով պարտութեան բացը գոցելու։ Աբրահամ Խաշմանեանի գլխաւորած կազմին պրազիլցի մարզիկ Կուսթաւօ Մարմենթինի կրցաւ երկու կօլ նշանակել, իսկ երրորդը նշանակուեցաւ այլ պրազիլցիի մը՝ Թիակօ Կալվաուի կողմէ:
Մարզիչ Խաշմանեան մրցումէն ետք յայտնեց. «Երկրպագուների համար լաւ խաղ էր: Մենք պատրաստ էինք երկրորդ հանդիպմանը: Լաւ խաղ անցկացրինք, բայց մեր սխալի պատճառով բաց թողեցինք երկրորդ գօլը, եւ դրանով էլ խաղն աւարտուեց: Լաւ տրամադրուած էինք, ինչը ցոյց տուեց նաեւ խաղը: Մեր խումբին շնորհակալութիւն եմ յայտնում յաղթանակի համար, բայց սա քիչ է յաջորդ փուլ դուրս գալու համար: Այս դիմակայութեան ելքը վճռուել էր Երեւանում: Շնորհաւորում եմ «Շթէուա»ին»:
Նշենք, որ մրցաշարքին երրորդ հանգրուան հասաւ նաեւ Հայաստանի ախոյեան «Արարատ-Արմէնիա»ն, որ պիտի մրցի Վրաստանի «Սապուրթալօ» խումբին դէմ։