ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- 25 Յուլիսի երեկոյեան տեղի ունեցած եւրոպայի ֆութպոլի ա-կումբներու «Եուրոփա» մրցաշարքի զտումի Բ. հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, Երեւանի «Փիւնիկ» ակումբը Գիւմրիի մէջ հիւրընկալեց «Եապլոնեք» խումբը (Չեխիա), 2-1 արդիւնքով (կիսախաղ 2-0) յաղթանակ մը արձանագրելով։ «Փիւնիկ»ի երկու կօլերը նշանակեց Արթուր Միրանեան (5-րդ եւ 30 վայրկեաններուն)։
Նոյն օրը, «Ալաշկերտ»ը չկրցաւ կրկնել «Փիւնիկ»ի յաջողութիւնը, երբ իր դաշտնին վրայ 0-3 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց «Շթէուա»էն (Ռումանիա):
Երեւանի երկու խումբերուն դարձի մրցումները տեղի պիտի ունենան 1 Օգոստոսին։