ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Հայոց ազատութեան երգի՞չը…:
Ո՞վ կրնար ըլլալ ան:
Գրական ծածկանունով կը կոչուէր «Կոմս Էմմանուէլ»:
Գրականագէտ Մինաս Թէօլէօլեան իր «Դար մը գրականութիւն» երկհատոր գործին մէջ, քանի մը էջերու երկայնքին խօսելով ԺԹ. դարու արեւելահայ մեր այդ երիտասարդ ու աշխուժ գրողին մասին, առաջի՛ն իսկ տողով կը կատարէ սա՛ բնութագրումը. «Ազատութեան երգիչ եւ հանրայայտ կրակոտ գործիչ»:
Իսկ Սիմոն Սիմոնեան իր «Արեւելահայ գրականութիւն» գիրքին մէջ կը հաստատէ. «Ազգային եւ համամարդկային անարդարութիւններու դէմ բողոքելու եւ պայքարելու ի սպաս դրաւ իր ամբողջ կեանքն ու գրականութիւնը»:
Եւ իսկապէս, կրակոտ ու յախուռն գործիչ մը, գրչի ազատատենչ սպասարկու մըն էր ան: Մահացաւ շատ երիտասարդ տարիքին` դեռ հազիւ բոլորած կեանքի մը 37 գարունները…:
Ծնունդով նոր-նախիջեւանցի էր (հարաւային Ռուսիա: Բնաւորութեամբ ըմբոստ, ամէն տեսակ անարդարութեան դէմ անայլայլ գլուխ բարձրացնող մը, ուստի` հալածական մը: Իր անունը առաւելաբար կապուեցաւ Մոսկուայի հայ մշակութային-լրագրական կեանքին, ուր պաշտօններ ստանձնեց ան` Լազարեան Ճեմարանի ուսուցչական ամպիոնէն մինչեւ «Հիւսիսափայլ» թերթին էջերը…: Մտերիմ ու գաղափարակից ընկերն էր հրապարակագիր Ստեփանոս Նազարեանցին:
30 տարեկանին ծանրօրէն հիւանդացաւ ու յարմար դատեց Պոլիս ու Եւրոպա երթալ` դարմանուելու կամ կազդուրուելու համար: Իր ուղեւորութիւնները (որոնց մասին կանոնաւոր նկարագրականներ ստորագրեց միշտ «Հիւսիսափայլ»-ին մէջ), զինք հասցուցին մինչեւ Հնդկաստան ալ: Վերադարձին սակայն, Նոր Նախիջեւանի մէջ, ձերբակալուեցաւ ձարական ոստիկանութեան կողմէ` իբրեւ «ռուս յեղափոխականներու գործակից եւ գաղափարակից»: Արդէն ֆիզիքապէս տկար` դատապարտուեցաւ երեք տարուան բերդարգելութեան: Այս ծանր պատիժը վերջնականապէս քայքայեց իր առողջութիւնը: Թոքախտը սկսաւ կրծել իր կուրծքը: Ի վերջոյ, երբ դուրս եկաւ բանտէն, իր վերջին շունչը փչեց 1866-ին: Զինք տարին թաղեցին Նոր Նախիջեւանի Ս. Խաչ գեղատեսիլ վանքին բակը:
Ա՛լ իր յաւերժական հանգիստը գտած է ան, այնտեղ` կոկիկ շիրմաքարի մը ու անոր վերեւ կանգնեցուած գեղեցիկ կիսանդրիի մը շուքին տակ, շատ մօտիկը` բանաստեղծ Ռափայէլ Պատկանեանի (Գամառ-Քաթիպա) եւ կրթական մշակ ու գրող Յարութիւն Ալամդարեանի շիրիմներուն:
Մեր գրականութիւնը շատ բան չի պահեր իրմէ, բացի թերեւս ազատութեան այն խորունկ պաշտամունքէն, որուն բարձրագոռ երգիչը հանդիսացաւ ինք: Իր նշանաւոր «Ազատն Աստուած» հրեղէն քերթուածը քաղաքական կամ ընկերային ազատութեան ուժգին կանչ մըն է, զոր հայ դպրոցականները կ՛արտասանէին թէ՛ ԺԹ.դարուն, թէ՛ Ի. դարուն, կ՛արտասանուի նաեւ հիմա` մեր օրերուն, խանդավառութեամբ եւ յուզումով.
Ազատն Աստուած այն օրից,
Երբ հաճեցաւ շունչ փչել,
Իմ հողանիւթ շինուածքին
Կենդանութիւն պարգեւել,
Ես անբարբառ մի մանուկ`
Երկու ձեռքս պարզեցի,
Եւ իմ անզօր թեւերով
Ազատութիւնն գրկեցի:
– Ազատութի՜ւն,- գոչեցի,-
Թող որոտայ իմ գլխին
Փայլակ, կայծակ, հուր, երկաթ,
Թող դաւ դնէ թշնամին.
Ես մինչ ի մահ, կախաղան,
Մինչեւ անարգ մահու սիւն,
Պիտի գոռամ, պիտ կրկնեմ
Անդադար` ազատութի՜ւն:
Ո՞վ էր այս «ազատութեան երգիչ»-ը: Գուշակեցի՞ք իր անունը:
* * *
Վերջերս, բոլորովին պատահաբար, հանդիպեցայ ֆրանսացի հանրածանօթ գերիրապաշտ բանաստեղծ Փոլ Էլիւառի (Paul Eluar) մէկ բանաստեղծութեան, որ աղուոր ու գաղտնի զգացումներ արթնցուց սրտիս մէջ:
Բանաստեղծութիւնը երկարաշունչ է, կը բաղկանայ 21 տուներէ: Գրուած է 1942-ին, երբ ֆրանսացիք դիմադրական շարժում կը մղէին նացիներուն դէմ: Հեղինակը տուն առ տուն կը գծէ պայքարող եւ ազատասէր մարդու կերպարը ու անոր էութեան ամենափոքր ու անտեսանելի մասնիկներուն վրայ «Ազատութիւն» կը գրէ…:
Այս գեղեցիկ ու խորիմաստ բանաստեղծութիւնը հայերէնի թարգմաներ է օրին «Յառաջ»-ի մեծանուն խմբագրապետը` Շաւարշ Միսաքեան:
Երբ կարդացի զայն, անդրադարձայ, որ Փոլ Էլիւառն ալ «ազատութեան երգիչ» մըն էր, նոյնքան իտէալասէր, հաւատաւոր եւ գաղափարապաշտ` որքան մե՛ր «ազատութեան երգիչ»-ը:
Եկէք կարդանք քանի մը տուներ` Էլիւառի այս բանաստեղծութենէն.
ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ
Դպրոցականի տետրակներուս վրայ,
Գրասեղանիս եւ ծառերուն վրայ,
Աւազին եւ ձիւնին վրայ
Քու անունդ կը գրեմ:
Բոլոր կարդացուած էջերուն վրայ,
Բոլոր սպիտակ էջերուն վրայ,
Քարին, արիւնին, թուղթին թէ մոխիրին վրայ
Քու անունդ կը գրեմ:
Ոսկեղէն պատկերներու վրայ,
Ռազմիկներու զէն զրահին վրայ,
Արքաներու թագին վրայ
Քու անունդ կը գրեմ:
Թաւուտքին եւ անապատին վրայ,
Թռչունի բոյներուն, ցախաւելի թուփին վրայ,
Մանկութեան արձագանգին վրայ
Քու անունդ կը գրեմ:
Եւ վերջին տունը`
Եւ մէկ բառի զօրութեամբ
Կը վերսկսիմ կեանքս.
Ես ծնած եմ քե՛զ ճանչնալու,
Քու անունդ տալու համար,
Ազատութի՛ւն:
Նկատելի է անշուշտ, որ գաղափարական հանգիտութիւն մը կայ վերի երկու բանաստեղծութիւններուն միջեւ: Եւ ասիկա բնաւ զարմանալի չէ, որովհետեւ «ազատութիւն»-ը, իր ընդհանրական իմաստին մէջ, անանջատելի ու անխզելի է մարդուն էութենէն: 1565 տարի առաջ, Վարդանանք պատերազմի դաշտ իջան խղճի ազատութեան համար: 125 տարի առաջ ալ, մեր հրացանակիր ֆետայիներուն պարզած դրօշակներուն վրայ մեծատառ կը կարդացուէր.«Մահ կամ ազատութիւն»…:
* * *
Փոլ Էլիւառի անունն ալ առանձնաբար, շարժեց իմ հետաքրքրութիւնը: Ստուգեցի, որ ան ծնած էր 1895-ին ու մահացած` 1952-ին:
Հետաքրքրական է, որ ֆրանսահայ մեր գրողներէն Կարօ Փոլատեան Էլիւառի մահէն կարճ ժամանակ առաջ կրցեր է հանդիպում մը ունենալ անոր հետ: Փոլատեանի այդ հանդիպումին մանրամասնութիւնները տեղ գտած են իր «Զրոյց» շարքին Ա. հատորին մէջ (Փարիզ,1952):
Փոլատեան կը պատմէ, որ Էլիւառ «բարձրահասակ, գեղադէմ, կապոյտ ու խոշոր աչքերով մարդ մըն էր»: Իր աշխատասենեակը լեցուն էր գիրքերու դարաններով, ուր կային նաեւ Արշակ Չօպանեանի ֆրանսերէն թարգմանութիւնները: Էլիւառ մեծապէս գնահատեր է հայ միջնադարեան քերթողները ֆրանսացիներուն ծանօթացնելու Չօպանեանի ճիգերը` յիշատակելով մասնաւորաբար Նահապետ Քուչակը, որմէ խորապէս տպաւորուած է:
Էլիւառի հետ իր զրոյցին ընթացքին, Փոլատեան դիտել տուած է անոր, թէ «Ազատութիւն» բանաստեղծութիւնը ամէնէն շատ հայերո՛ւ կողմէ սիրուած է, քանի որ հայերը վեց դար շարունակ հիւծած են օտար բռնակալ տէրութիւններու լուծին տակ…: Յետոյ ան բարձրաձայն կարդացեր է այդ բանաստեղծութեան Շ. Միսաքեանի հայերէն թարգմանութիւնը:
Էլիւառ ուշադրութեամբ ականջ տալէ ետք իրեն համար անհասկնալի հայերէնին, ըսած է, որ կը զգայ, թէ թարգմանուած բանաստեղծութեան մէջ «նոյն շեշտը պահուած է», ապա աւելցուցած. «Քաղցր է ձեր լեզուն»:
Է՜հ, աշխարհի վրայ քանի՞ հարիւր հազար հայ կայ արդեօք, որ չ՛անդրադառնար, թէ «քաղցր է ՄԵՐ լեզուն»…:
Ու չմոռնալէ առաջ, յիշեցնենք, որ հայոց ազատութեան երգիչը ՄԻՔԱՅԷԼ ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆՆ էր…:
Հալէպ