Աշխարհ այս օրերուն մեծ ճգնաժամի մէջ է։ Լիբանան անմասն չէ այս բոլորէն։ Պսակաձեւ ժահրը եւ անոր ստեղծած արհաւիրքը ու հիւանդութիւնը կը խլէ մարդկային կեանքեր։ Եւ մեր Լիբանանն ալ այսօր, զօրաւոր կերպով,համավարակի ստեղծած աւերը կապրի եւ մարդկային կեանքերը որ կը մահանան։ Եւ լիբանանահայ գաղութը կը կորսնցնէ իր սիրելի անդամները եւ դժբախտաբար շար արագ՝մէկը միւսին ետեւէն։
Եւ այսօր կը կորսնցենք մեր գաղութի առաջնորդ եւ կորովի մէկ անդամը, Տիգրան Գալայճեանը։
Առիթը ունեցած եմ ճանչնալու Տիգրանը նախ իր մասնագիտական ու ասպարէզային բնագաւառի ճամբով։ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան տնտեսական-հաշուապահական ցուցակներու ստուգումի համար երբ ան նշանակուած էր իր ընկերութեան կողմէ կատարելու համար այդ աշխատանքը։ Եւ ես ստանձնած էի գանձապահի պատասխանատուութիւնը։ Բայց առիթը ունեցայ հանդիպելու Տիգրանի նաեւ գաղութի տարբեր միջ-համայնքային ձեռնարկներու եւ գործունէութիւններու ընթացքին։ Եւ այս բոլորին մէջէն տեսած էի Տիգրանի միտքը,բծախնդրութիւնը եւ անշահախնդիր ու մասնագիտական աշխատանքային կարողականութիւնը եւ ոճը։ Բայց նաեւ որպէս հայ մարդ, ուր ան իւրացուցած էր ազգային առողջ ու հաւասարակշռուած կեցուածքներ։ Ու տակաւին նուիրում եւ մասնակցութիւն լիբանանահայ կեանքի տարբեր գործնթացքներուն մէջ։
Կորսնցուցինք մէկ կարող եւ երիտասարդ առաջնորդ հայորդի մը։ Եւ կորուստը մեծ է երբ օրէ օր աւելիով կը շեշտուի մեր ազգային կեանքի մէջ առաջնորդ տարրին թիւի նօսրացումը։
Աշխարհագրականօրէն հեռու, բայց մտքով,սրտով եւ աղօթքով ձեր բոլորին հետ եմ։
Ցաւակցութիւն,Տիգրանի մօր, տիկ Ազատուհի Սիմոնեան-Գալայճեանի, կողակիցին,զաւակներուն եւ ընտանեկան հարազատներուն եւ պարագաներուն։
Ցաւակցութիւն՝ Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանի։
Ցաւակցութիւն՝ այն բոլոր կազմակերպութիւններուն եւ միութիւններուն,որոնց համար Տիգրան ունեցաւ անսակարկ ծառայութիւն եւ նուիրում։
Յարգանք Տիգրանի ապրած կեանքին եւ վաստակին։ Եթէ ան տակաւին շատ բան ունէր յաջողցնելու իր երկրային կեանքի ընթացքին՝եւ հաւատացած ենք որ ունէր՝բայց ան կրցաւ ապրիլ բայց նաեւ բաժնեկցիլ Արժէքի կեանքը։ Այն կեանքը որ կը մնայ։ Եւ այսօր այս տեսակի Արժէքի կեանք մը եւս է որ կորսնցուցինք։
Սուրբ Հոգիին մխիթարութեանը կը հայցենք բոլորին։
Ցաւակցօրէն՝
Դոկտ. Հրայր ճէպէճեան
Ընդհանուր Քարտուղար՝Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութիւն
Քուէյթ, 16 Յունուար 2021