ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի փոխվարչապետ, «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան վարչութեան անդամ Տիգրան Աւինեան բնական կը գտնէ ՀՅԴ եւ «Ծառուկեան» խմբակցութիւններու որոշ պատգամաւորներու կողմէ Ռոպերթ Քոչարեանի խա-փանման միջոցը փոխելու համար ներկայացուած միջնորդութիւնը:
Երեքշաբթի, 7 Օգոստոսին, «Ազատութեան» ուղիղ եթերէն ելոյթ ունենալով՝ Տիգրան Աւինեան յայտնեց, որ կառավարութեան մէջ գործընկերներ հանդիսացող կուսակցութեանց անդամ պատգամաւորներու այս քայլին վերաբերեալ իրենք, այնուամենայնիւ, եզրակացութիւններ կ՛ընեն:
«Դա նրանց իրաւունքն է, եւ այստեղ շատ կարեւոր է փաստ արձանագրել, որ Յատուկ քննչական ծառայութիւնը գործադիրից որեւէ հրահանգ չի ստանում, այն գործում է անկախ, ինչպէս նաեւ որեւէ հրահանգ չի ստանում առաջին ատեանի դատարանը: Մեր գործընկերների հետ փոխյարաբերուելու առումով այս գործողութիւնները որոշակի վերլուծութեան ենթարկելու կարիք կայ: Կարծում եմ‘ այդ վերլուծական գործընթացը կը բերի որոշակի եզրայանգումների», նշեց Աւինեան:
Փոխվարչապետը անդրադարձաւ նաեւ ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի տարածած հաղորդագրութեան՝ Քոչարեանի նկատմամբ կալանաւորումը որպէս խափանման միջոց ընտրելու վերաբերեալ: Աւինեան նշեց, որ գործադիրը դատական իշխանութեան վրայ որեւէ ճնշում չէ գործադրած:
«Դաշնակցութիւնը, որ այս կառավարութեան մաս է, պէտք է շատ յստակ իմանար, թէ ինչպիսի փոխյարաբերութիւններ կան գործադիր եւ դատական իշխանութիւնների միջեւ, արդեօք ճնշումներ կա՞ն դատական իշխանութիւնների վրայ, թէ՝ չկան: Ինձ համար մի փոքր անհասկանալի է այս հաղորդագրութեան բովանդակութիւնը: Առաջին օրուանից մենք ֆիքսել (յստակացուցած-Խմբ.) ենք, որ գործադիրը որեւէ ճնշում չի գործադրելու դատական իշխանութեան վրայ: Որեւէ մէկը դատաւորին չի զանգում եւ ասում՝ ինչ անի նա: Դա անընդունելի է», նշեց փոխվարչապետը: