Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, աւանդական դարձած տարեկան իր մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց, թէ ռուս խաղաղապահներուն թիւը հաւանաբար աւելնայ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ:
Ան յոյս յայտնեց, որ զինադադարի խախտումներ չեն կրկնուիր այսուհետեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Փութին դիտել տուաւ, որ կողմերը(հայ- ազերի) պարտին մնալ՝ 9 նոյեմբերի Յայտարարութիւնը ստորագրուելու պահուն իրենց գտնուած դիրքերուն վրայ:
Փութին նշեց, թէ Ռուսիա պիտի շարունակէ մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրել Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան, յոյս յայտնելով, որ միջազգային կազմակերպութիւններ նոյնպէս կը ցուցաբերեն օգնութիւն: