ՕՐՈՒԱՆ ԼՐԱՀՈՍ՝ 7 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2020
Թուրք-ազերի հրոսակները շաբաթ լոյս առաւօտէն սկսեալ, Արցախի հանրապետութեան տարբեր սահմանագիծերու վրայ յառաջխաղաց փորձեցին արձանագրել: Արցախի պաշտպանութեան բանակը ձախողութեան մատնեց թշնամիին փորձերը: Օրուան ընթացքին թշնամին քանի մը անգամ ռմբակոծեց Շուշին եւ Ստեփանակերտը:
Հայաստանի հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան յայտարարեց, թէ բախումները կը շարունակուին Շուշիի շրջակայքը: Արցախի պաշտպանութեան բանակը լիարժէք պատասխան կու տայ թշնամիին:
Պաշտպանութեան բանակի հակաօդային ստրաբաժանումները Արցախի արեւելեան շրջաններուն մէջ չէզոքացուցին անօդաչու թռչող սարք մը:
Արցախի արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան տեղեկատուական եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնի սպայ Յունան Թադէոսեան յայտնեց, թէ Շուշին անհաշիւ վնասներու եւ աւերածութեան ենթարկուած է թուրք-ազերիական յարձակումներուն հետեւանքով:
Մարտունիի քաղաքապետ Էտիկ Աւանեսեան նշեց, թէ իրավիճակը կը մնայ լարուած: Թշնամին յաճախակի կը ռմբակոծէ Մարտունին: Հակառակ վտանգաւոր իրավիճակին՝ Մարտունիի պատկան մարմինները վերակաշինութեան աշխատանքներու սկսած են:
Պելճիքական «La Libre Belgique» պարբերականին տուած հարցազրոյցին, Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան յայտնեց, թէ Թուրքիա ամենուր անկայունութիւն կը սերմանէ :
Դիւանագիտական գետնի վրայ, նախագահներ Վլատիմիր Փութին եւ էմմանուէլ Մաքրոն հեռախօսազրոյց մը ունեցան եւ քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ արմատականներու աշխոյժ ներգրաւուածութիւնը:
Ֆրանսայի Ազգային ժողովի 39 երեսփոխաններ նախագահ Մաքրոնէն պահանջեցին չէզոքութիւն չցուցաբերել Արցախի հարցով եւ ճանչնալ Արցախի անկախութիւնը:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մուհամմէտ Ճաուատ Զարիֆ դիտել տուաւ, որ արմատականներու թափանցումը սպառնալիք կը ներկայացնէ ամբողջ տարածաշրջանին համար: Իսկ իրանեան բանակի շտապի մամլոյ քարտուղար Ապուլֆազլ Շեքարճի յայտնեց, թէ Թեհրան չի կրնար հանդուրժել իր սահմանագիծերուն կից տարածութիւններու մէջ արմատական խմբաւորումներու ներկայութիւնը: