ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն»․- Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Եւրոպական Միութեան խորհուրդի ղեկավար Շարլ Միշէլ 8 Սեպտեմբերին տեղի ունեցած հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին քննարկեցին Արցախի կացութիւնը:
«Կարծիքներ փոխանակեցինք հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ, որուն ծիրին մէջ անհրաժեշտ են վստահութեան ամրապնդման եւ երկխօսութեան ուղղուած ջանքեր», հանդիպման մասին «Թուիթըր»ի վրայ գրած է Միշէլ:
Ըստ Քրեմլինի պաշտօնական կայքին՝ Ռուսիոյ նախագահը ներկայացուց 9 Նոյեմբերի եւ 11 Յունուարի եռակողմ համաձայնութիւններու իրականացման ուղղուած քայլերը: