ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան 24 Յունիսին հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Ըստ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան վարչութեան՝ Փութին շնորհաւորեց Փաշինեանը՝ Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն յաջող ընթացքին եւ իր արձանագրած յաղթանակին համար:
Զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ տարածաշրջանին մէջ տիրող իրավիճակին եւ եռակողմ յայտարարութիւններու դրոյթներու իրականացման ընթացքին:
Վարչապետի պաշտօնակատարը ընդգծեց ռազմագերիներու անյապաղ վերադարձին կարեւորութիւնը: