ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ ունեցած առանձին հեռաձայնային զրոյցներու ընթացքին քննարկեց Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը: Լուրը տեղադրուած է Ռուսիոյ նախագահին պաշտօնական կայքին վրայ:
«Նախագահ Փութին 1 եւ 2 Նոյեմբերին հեռաձայնային զրոյցներ ունեցաւ համապատասխանաբար Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: Հանգամանալից կերպով քննարկուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցը», կ՛ըսուի Ռուսիոյ նախագահին պաշտօնական կայքին վրայ։