Ռուսիան երկար տարիներ Հայաստանին կ՛առաջարկէր Ղարաբաղի հարցը լուծել 5 շրջանները, ուրկէ մարդիկ դուրս եկած էին, Պաքուին վերադարձնելու ճամբով, սակայն Երեւանը գնաց իր ճամբով: Այս մասին երէկ «Վալտայ» ակումբի ժողովի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին:
«Մենք երկար տարիներ հայկական կողմին հետ կ՛երկխօսէինք ու կ՛առաջարկէինք Ղարաբաղի հետ կապուած հարցը լուծել հետեւեալ կերպով, Հայաստանը փաստացի կը տնօրինէր Ազրպէյճանի 7 շրջանները: Մենք կ՛ըսէինք` եկէ՛ք շարժինք դէպի լուծում, ահա կայ երկու շրջան, մեծ շրջաններ: Որոշ փուլի պիտի համաձայնինք ազրպէյճանական կողմին հետ. տուէք 5 շրջանները, անոնք պէտք չեն, դատարկ են, այնտեղէն մարդիկ հեռացած են, ինչո՞ւ զանոնք պահենք, անմիտ է», ըսած է Փութին:
Ան պնդած է, թէ արդար պիտի ըլլար գաղթականները վերադարձնելը, եւ ատիկա լաւ քայլ պիտի ըլլար շրջանին մէջ կացութեան կարգաւորման ուղղութեամբ:
«Սակայն Հայաստանի ղեկավարութիւնը իր ճամբով գնաց: Ինչպէս գիտէք, ատիկա յանգեցուց այն կացութեան, որ այսօր ստեղծուած է», ըսած է Ռուսիոյ նախագահը: