Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Անվտանգութեան խորհուրդի անդամներուն հետ երկրին համար կարեւորագոյն այլ հարցերու շարքին քննարկած է նաեւ Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրի Կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ)` 23 նոյեմբերին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած վեհաժողովն ու Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ իր հանդիպումը: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
«Խօսելու բան կայ: Գիտէք, որ ես բոլորովին վերջերս Հայաստան էի, ուր տեղի կ՛ունենար ՀԱՊԿ-ի վեհաժողովը: Բազմակողմ ձեւաչափով եւ յետոյ Հայաստանի ղեկավարութեան հետ հանդիպման ժամանակ` այնտեղ կային քանի մը հարցեր, որոնք հաւաքական քննարկում կը պահանջեն, խօսինք նաեւ այդ մասին», ռուսական լրատուամիջոցներուն համաձայն ըսած է Փութին:
Փաշինեան երեւանեան վեհաժողովի ընթացքին առաջարկուած ՀԱՊԿ-ի փաստաթուղթերէն երկուքը չստորագրեց, որովհետեւ անոնց մէջ կը բացակայէր Հայաստանի դէմ Ազրպէյճանի յարձակումի քաղաքական գնահատականը: