Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, 23 եւ 24 նոյեմբերին հեռախօսազրոյց ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: Զրոյցներուն ընթացքին մանրամասն քննարկուեցան Ռուսիոյ միջգերատեսչական պատուիրակութեան Երեւան եւ Պաքու կատարած այցելութեան արդիւնքները:
Լուսարձակի տակ առնուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներուն աշխատանքի ձեւաչափը եւ բնակչութեան մարդասիրական օժանդակութիւն ցուցաբերելու քայլերը: