Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը կրնայ տեղի ունենալ նոյեմբերի առաջին տասնօրեակին, հաղորդեց «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն: :
Աղբիւրին տեղեկութիւններով` բանակցութիւններու հիմամբ ղեկավարները եռակողմ յայտարարութիւններ պիտի ստորագրեն:
Յիշեցնենք, որ օրեր առաջ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած է Փութինի եւ Փաշինեանի հանդիպումը, որուն ընթացքին քննարկուած են շրջանի մէջ կայունութեան հաստատման ուղղուած քայլերը:
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով, մեկնաբանելով Փութին-Ալիեւ-Փաշինեան յառաջիկայ հաւանական հանդիպման մասին լուրը, յայտնած է, թէ եթէ Ռուսիա-Հայաստան-Ազրպէյճան վեհաժողովի գումարման մասին համաձայնութիւն գոյանայ, Քրեմլինը ժամանակին պիտի տեղեկացնէ:
«Այն պարագային, եթէ նման համաձայնութիւն գոյանայ, մենք ժամանակին պիտի տեղեկացնենք», ըսած է Փեսքով: