Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Զրոյցի ընթացքին քննարկուեցաւ Արցախի իրավիճակին կտրուկ սրումը: Փութին լուրջ մտահոգութիւն յայտնեց ռազմական լայնածաւալ բախումները վերսկսելու կարելիութենէն: Կողմերը նշեցին, թէ անհրաժեշտ է չարտօնել հակամարտութեան զարգացումը եւ դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները:
Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյմս Ափաթուրայ ռազմական գործողութիւնները անմիջապէս դադրեցնելու կոչ ուղղեց հակամարտութեան կողմերուն: