ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի խօսնակ Վալենթինա Մատվիենքօ յայտնեց, որ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի ղեկավարները՝ Վլատիմիր Փութին եւ Նիկոլ Փաշինեան հաւանաբար երկկողմանի հանդիպում մը ունենան Եւրասիական տնտեսական միութեան բարձրագոյն խորհուրդի ժողովի ծիրին մէջ, որ 29 Մայիսին տեղի պիտի ունենայ Ղազախստանի մէջ։
«Ռուսիոյ եւ Հայաստանի քաղաքական գործակցութիւնը շատ կառուցողական եւ աշխոյժ ընթացք ունի: Մեր երկիրներու ղեկավարները անցեալ տարի հանդիպեցան եօթն անգամ եւ անոնք շարունակաբար շփման մէջ են հեռաձայնային զրոյցներով։ Եւրասիական տնտեսական միութեան այլ հանդիպում մը տեղի պիտի ունենայ 1 Հոկտեմբերին, Երեւանի մէջ, ուր եւս երկու երկրներու ղեկավարները երկկողմանի հանդիպում ունենալու առիթ պիտի ունենան», ըստ «ՌԻԱ Նովոսթի»ի՝ յայտնեց Մատվիենքօ, Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի հետ հանդիպման ընթացքին։