Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Փունջ Մը Բանաստեղծութիւններ Երան Գույումճեանէն

March 18, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
Փունջ  Մը  Բանաստեղծութիւններ Երան Գույումճեանէն
ԻՄ ԱՆՈՒՇ ՄԱՅՐԻԿ
Երազիս մէջ այցի եկար
Յանկարծօրէն, անակնկալ՝
Բարի հրեշտակ մը լուսաթեւ,
Ժպիտով լոյս ու սիրաւէտ…
Զիս գրկեցիր հին գորովով,
Պարուրեցիր սրտիդ գոլով,
Ու ես անանց, հին կարօտով
Քեզ փարեցայ արտասուաթոր…
Տարիները բաժանումի
Ջնջուեցան տաք շունչովդ,
Կարծես միշտ ալ հետս էիր՝
Քու շշունջով ու հեւքովդ…
Ու ես դարձեալ մանուկ դարձայ
Մոռցած տարիք ու ժամանակ,
Գարնանային, արեւավառ
Կեանքս կրկին վերադարձաւ…
Ու ետ եկան պահերն անգին
Իմ մանկութեան քաղցրահամբոյր,
Հարազատներ իմ սիրելի,
Մեր օճախը ջերմ, սրբասուրբ:
Բուրմունքն առի քու ճաշերուդ,
Հնչիւնները քու խօսքերուդ,
Վաղուց մոռցուած յիշատակներ
Զիս գգուեցին կարօտակէզ:
Դուն հեռացար ինչպէս եկար,
Բայց տաք ալիք մը սիրազեղ
Հին օրերէն մեր խանդակաթ
Զիս պարուրեց մտերմօրէն:
Մայրերն արդեօ՞ք մեռնին յաւէտ…
9/2/2021
……………..
ԳԱՐՆԱՆԱՅԻՆ
Պուրակներուն գարնանային
Լոյս փթթումին յանձնուէի՛
Քալէի՛ նեղ կածաններէն
Զիս օծէ՛ին արեգակներ…
Պուրակներուն գարնանային
Լուսախինդը ես ծծէի՛
Արբենայի՛ վառ ծաղկունքի
Երազներով նոր գալիքի…
Վարդափրփուր, ձիւնափրփուր
Նոր հանդերձանք ես հագնէի՛
Սրտիս նորոգ կայծեր վառէ՛ր
Սիրալոյսը գարնանաբոյր…
Կածանները զիս տանէի՛ն
Հըրաշագեղ նոր մի աշխարհ,
Ուր ճաճանչներն արեւախինդ
Լոկ սէր ունին արեւավառ…
Մոլորուէի՛ ես խելագար
Պուրակին մէջ գարնանավառ
Միաձուլուէի՛ խօլ տարերքին
Սիրափթիթ բռնկումին…
19/2/2018
……………..
ՀՈԳՒՈՅՍ ԸՆԾԱՆ
Եւ չեմ գիտեր թէ ո՞րն էր շատ`
Կորուստնե՞րս իմ անհամար,
Թէ՞՝ գտածս գանձերը բիւր,
Զորս բաշխեցի սիրահամբոյր…
Կորուստներուս ցաւն էր գուցէ,
Որոնց բոցէ ճենճերումէն
Ես քաղեցի ծաղիկ կրակէ՝
Իմ բորբ սրտիս սկիհին մէջ…
Ծաղիկներս ճըրագ դարձան,
Մէյ մէկ կանթեղ լուսաճառագ՝
Խորանին վրայ իմ հոգիին,
Լոյսի, սիրոյ ու հաւատքի…
Կորուստներուս բիւր վէրքերէն
Ես հիւսեցի բիւր բիւր երգեր,
Զարդարեցի կեանքիս ուղին
Ի վայելումն ամէնքին….
Երգերուս մէջ՝ սէրն ու բարին
Ճաճանչներն են իմ հոգիին,
Որոնք միշտ ալ շողշողացին
Նոյնիսկ դժուար դժնէ պահին…
Յամառօրէն լո՛յս երգեցին,
Լոյսը միայն խնկարկեցին,
Խաւարն երբեք տեղ չգտաւ
Ու նահանջեց լոյսին դիմաց…
Որքան հիմա հարուստ եմ ես
Գանձերովն այդ հոգենուէր,
Որոնք իմն են, անխլելի՛
Եւ իմ ընծան ձեզի՛, մարդի՛կ:
10/2/2019
Previous Post

Turkey’s assets abroad total $246.3 bln in January

Next Post

Կիսաւեր Հոգիներ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.