ԱՐՇԱԼՈՅՍՆԵՐ
Արշալոյսնե՛ր առաւօտեան,
Արեւալոյս բաշխէք մտքիս,
Սրտիս, հոգւոյս արեգական,
Որ ձեզ նման լուսավառի,
Ճառագայթէ լուսաճաճանչ
Խոհեր, միտքեր արեգնափայլ
Մարդ էակին, բոլորին ալ…
Արշալոյսնե՛ր հրաշանման,
Սիրալոյսով զիս վարարէք,
Զայն ես տեղամ վարդաբուրեան
Յոգնած մարդուն, ծերին, մանկան,
Զերթ բալասան ու սպեղանի,
Սփոփարար յոյս , ցաւաց դարման,
Զարթօնքի կանչ, կենաց աւիշ…
Արշալոյսնե՛ր արեւափառ,
Ծագեցէ՛ք սէ՛ր ու միացեա՛լ կամք
Ժողովուրդիս իմ հնամեայ,
Բազմաչարչար, արեւավառ,
Որ միշտ պաշտեց լոյսը արդար,
Իր ցաւը՝ ներս, ճրագը դուրս,
Լոյս հեղեղեց ամէնեցուն,
Զի արեւով էր շաղախուած:
4/10/2019
…………………………
ՏԵՆՉԱՆՔ
Սիրտս ուզեց արեւանա՛լ երկնակարկառ,
Մշուշին մէջ աշնանային գարունանա՛լ,
Գրկել լազուրն անհուն երկնին թեւերով բա՛ց
Եւ իր լոյսը խառնել լոյսին հրաշահմա՛յ…
Սիրտս տենչաց մընալ հրաբո՛րբ, արփիանա՛լ,
Մերժեց տարիք ու ժամանակ սահմանափակ,
Արեւին պէս ինքնամատո՛յց, յաւերժակա՛ն
Բաշխել իր լոյսն անյոգնասպա՛ռ, տիեզերավա՛ռ…
Սիրտս ուզեց միշտ տենդավա՛ռ ապրիլ անափ,
Խանդավառուի՛լ միշտ խօլաբար ու խենդենա՛լ,
Բոցավառուի՛լ, բոցավառե՛լ արեգական,
Ճառագայթե՛լ սէրեր, լոյսեր անեզրական:
30/9/2018
…………………………
ՄԷՆ ՄԻ ԲՈՒՌԸ
Մէն մի բուռը հայոց հողին
Պատմութեան շունչ ու բոց ունի,
Որ կայծկլտայ ու հրավառի,
Թէ ձեռքդ տաս անոր սրտին…
Մէն մի բուռը հայոց հողին
Արշալոյսներ իր մէջ ունի,
Որոնք ծագին հրաշքով վերին,
Երբ մութն իջնէ խաւարածին…
Մէն մի բուռը հայոց հողին
Սուրբ աճիւններ իր մէջ ունի,
Որոնց ոգին անմահական
Դեռ բաբախէ չարահալած…
Ու թէ ոսոխն մտնէ մեր տուն,
Անոնք դառնան շանթ ու կայծակ,
Պայքարի կանչ մը որոտուն,
Պահպանելու հողն անվթար…
Զգո՛յշ դպիր հայոց հողին,
Հիւլէ՛-հիւլէ՛ ան մասունք է
Մեր մեծերուն արեւահեւ,
Հունտերը վառ մեր գալիքին:
31/7/2021
…………………………
ՆՈՐ ԿԵԱՆՔԻ ՀՐԱՇՔՈՎ
Աւերակուած երազանքիս փշո՛ւր-փշո՛ւր կոյտերուն մէջ,
Ես ման կու գամ որոնելով կա՛յծ մը կրակ դեռ անթեղուած,
Բեկո՛ր մը յոյս ճանապարհիս բաւիղներուն մէջ մթամած,
Որ բորբոքեմ ամբողջ ոյժով, թող հրավառի հրաշքի մը պէս…
Եւ խորտակուած ազգս գուցէ յանկարծօրէն նո՛ր կեանք առնէ,
Կանգնի հպարտ իր լեռան պէս խորհրդաւոր, լուսապայծառ,
Եւ այս անգամ, գէթ այս անգամ իմաստնացա՛ծ քալէ ճամբէն,
Չսայթաքի՛, չմոլորի՛ խաբեպատիր պատրանքներէն…
Շիտա՛կ, ուղի՛ղ յարէ հայեացքն Արարատին երկնապարգեւ,
Անկէ քաղէ ազա՛տ, արդա՛ր կեանքի խորհուրդը բարձրաբերձ,
Անկէ քաղէ լոյսն ու յոյսը արշալոյսին արեւահեւ,
Որ պիտ’ ծագի լուսաժպիտ եւ նոր կեանքը պիտ’ աւետէ:
27/9/2021
…………………………
ՄԵՐ ԻՆԿԱԾ ՔԱՋԵՐՈՒՆ
44-օրեայ պատերազմի տարելիցին առթիւ:
Դուք մեր խիղճն էք ու մեր ոգին,
Որ վերյառնեց հըրաշագին
Մահու կենաց նուրբ սահմանին
Հրեղէն շունչով Վահագնածին:
Մեր պատմութիւնն հերոսածին
Նոր ժայթք առաւ ձեր արեան մէջ,
Ձեր մէջ ծնան նոր Դաւիթներ,
Անդրանիկներ, Վարդան կարմիր…
Ճիշդ անոնց պէս, դուք գոչեցիք.-
Չկա՛յ մահ մեր անմահ ցեղին-,
Կնքեցիք մահն ձեր Իմացեալ,
Անմահութիւն նուաճեցիք:
Մեր սիրտերը կ’ըլլան խորան
Խոնարհումի, երախտիքի
Յիշատակին ձեր սրբազան,
Ուր մեր մոմերն բոցավառին…
Եւ դուք հիմա հրեշտակ դարձած
Կը սաւառնիք աստղերէն վեր,
Ձեր հայեացքը սակայն ուղղած
Հայոց երկրին կարօտահեւ,
Ուր պիտ’ ծնին նոր Հայկակներ
Ձեր ոգիին բռնկումէն,
Պիտ’ աւարտեն ձեր գործն արի
Յաղթանակով մը պանծալի:
26/9/2021
…………………………
ՍՐՏԻ ՄԱՂԹԱՆՔ..
Թող հայրենեաց երկինքներէն
Ծագին խաղաղ արշալոյսներ,
Մանկան ծիծաղն թող ղօղանջէ
Անոր տաքուկ երդիքներէն…
Թող մայրերու լոյս ծոցերէն
Նո՛ր-նո՛ր շիւեր թող բողբոջին,
Ազգս ծլի, ծլարձակի
Մեր հաստարմատ հին կաղնիէն…
Թող հայն բարին միշտ ստեղծէ,
Լոյս արարէ շէն ու զուարթ,
Սէրն ու լոյսը թող ողողեն
Հայաշխարհը արարչական…
Լոյսն այդ շատնայ, ընդարձակի,
Արար աշխարհն թող պարուրէ,
Հայու հոգին, Հայկեան ոգին
Թող մշտարծարծ հուրհըրատէ…
6/10/2021
………………
ԵՒ ԱՄԷՆ ՊԱՀ
Եւ ամէն պահ՝ քուն թէ արթուն,
Դուն քեզ նոր յո՛յս պիտ’ ներշնչես,
Երա՛զ փռես խոնջ կոպերուդ
Ու հեքիաթի լոյսը ըմպես…
Եւ հաւա՛տքդ՝ առկայծ պահես,
Նոյնիսկ կեանքի վիհերուն մէջ,
Աչքդ յառած հեռուներուն,
Վառ գալիքի տեսիլքներուն…
Դեռ պիտ’ պահես սիրտդ սիրո՛վ,
Որ բաբախէ ան սիրավառ,
Պիտ’ ոռոգես զայն արիւնով
Որ չցամքի խորշակահար…
Ու թէ փլուզուի ամէն երազ,
Պատրանաթափ միայն ըլլաս,
Դեռ հանապազ պիտ’ յօրինես
Նոր անուրջնե՛ր, յոյս ու լոյսե՛ր…
Առանց անոնց անապատ է,
Զոր քրտինքով պիտ’ ծաղկեցնես,
Եւ որքան դուն պիտ’ հրճուիս,
Թէ մէկ ծաղիկ տեսնես կեանքիդ..
24/8/2020
…………………………
Հայաստան աշխարհ,
Իմ հո՛ղ, իմ հաւա՛տք, իմ գոյութեան սի՛ւն,
Դարերու հառա՛չ, դարերու երկո՛ւնք,
Բարիի օրրա՛ն, առաւօտեան լո՛յս,
Վսեմ աղօթ’րան, սրբազան բարձո՛ւնք…
Հայաստան աշխարհ,
Արնաշաղախ հո՛ղ, հերոսածին մա՛յր,
Խինդ ու արտասուք, ոգիի խոյա՛նք,
Իմացեալ մահ եւ յարութեան հըրա՛շք,
Յարատեւման թռի՛չք, արարման ճախրա՛նք…
Հայաստան աշխարհ,
Սրտիս չափ մօտիկ բայց երա՛զ անհաս,
Արեանս թրթի՛ռ ու կարօտի կա՛նչ,
Հոգւոյս օթեւա՛ն, սէ՛ր անդաւաճան,
Սրբոց սրբութի՛ւն, սրբալոյս օճա՛խ…
Հայաստան աշխարհ,
Ծիծեռնակաբերդ ու Եռաբըլուր,
Մատենադարան ու Սարդարապատ,
Զուարթնոց, Գառնի ու Գեղարդավանք
Ու միշտ վեհասլա՛ց Մասիս երկնասո՛յզ…
Հայաստան աշխարհ,
Հոգիս քեզ տեսնէ կարօտի աչքով
Քու պատկերով ջինջ ու վեհատեսիլ,
Քեզ կ’ըղձայ ինչպէս պանդուխտը իր մօր,
Կը պարզէ թեւերն սիրով կաթոգին:
Հայաստան աշխարհ,
Իմ խորհո՛ւրդ խորին ու մեծ առեղծուա՛ծ,
Մորմոք ու տանջա՛նք, վարդագոյն բերկրա՛նք,
Իմ վսեմ տեսի՛լք ու վեհ տեսլակա՛ն,
Իմ ծննդարա՛ն, վերջին հանգրուա՛ն:
13/10/2021
…………………………
ՄՕՐՍ ՀԵՏ
Տարիներու մշուշին մէջ յիշատակդ միշտ անթառամ
Կ’արեւանայ սիրապայծառ, ճաճանչներով կարօտավառ…
Սէրդ կարծես միշտ բոցարծարծ զիս ջերմացնէ լուսագորով,
Երբ տաղտկալի գորշ առօրեան զիս կը կլանէ իր յորձանքով…
Ապաւէնդ կը զգամ, անգի՛ն, քար սիրտերու սառնութեան մէջ,
Քնքուշ խօսքդ սիրտս շոյէ հրեշտակներու փետուրին պէս…
Յոգնած աչքէդ, խորշոմներէդ սէ՛ր կը ցաթի ու չի հատնիր,
Լոյս հայեացքդ յոյս ճառագէ կեանքի մթին շառաւիղին…
Վտիտ ու նուրբ մարմինիդ մէջ, անկոտրում կամք մը կը ցցուի,
Մրրիկներուն դէմ ծառանայ ու յաղթական կ’աշտարակուի…
Բուռ մը սրտիդ մէջ խտանայ անչափ ներո՛ւմ, սէ՛ր, կարեկցա՛նք,
Կարծես տիեզե՛րք մը ան ըլլայ Աստուածային սիրով առկայծ…
Ու խիղճ մ’արթուն միշտ կը տրոփէ զարկով մը բորբ, սիրագորով,
Կը բարձրանայ դէպի երկինք, դառնայ աղօթք մը մշտախօս:
Ժամանակը կը չքանայ ՄԵԾ ՍԻՐՈՅԴ դէմ տիեզերաչափ,
Ժամանակէն վեր ու անդին ԱՐԵԳԱԿ է յաւերժագնայ:
21/10/2021