Վարուժ Թէնպէլեան – ՀԱՅ ԵՄ
Կասկածէ վեր է որ ընկերութեան մը, ազգի մը կամ որեւէ խմբաւորումի ողնայարը կը հանդիսանայ երիտասարդ տարրը, որ իբրեւ քաթալիսդ մղում կու տայ շարժումներու կամ պատճառ կը դառնայ ընկերային անդամալուծութեան: Ճիշդ է նաեւ որ ընկերութեան մը բաղկացուցիչ բոլոր տարրերը, առանց սեռային, տարիքային թէ դասակարգային տարբերութեան ունին իրենց դերակատարութիւնը ընկերային շարժումներու կամ անշարժութեան մէջ, սակայն երիտասարդութիւնը կը մնայ հիմնաքարը ընկերային ամէն տեսակի փոփոխութեան:
Թէ ինչու երիտասարդութեան վերապահուած է աոանցքային այս յատկութիւնը, անիկա ունի բազմաթիւ պատճառներ սկսելով բնախօսականէն մինչեւ հոգեբանական տուեալներ, որոնց մատնանշումը կամ վերլուծումը դուրս կը մնայ այս գրութեան նպատակէն։
Եթէ ընկերութիւն մը առողջ է, անպայման որ ունի երիտասարդութիւն մը, որ զայն կ՝առաջնորդէ դէպի առաջ՝ յառաջդիմութեան, ընկերային դրական փոփոխութիւններու, քաղաքակրթութեան եւ գաղափարախօսական նուաճումներու ուղղութեամբ։ Այս ճամբուն վրայ, միջոցները հաւանաբար առաջնորդեն նաեւ ծայրայեղ տարազներու, բայց ընկերային փոփոխութիւնները միշտ չէ, որ կը պայմանաւորեն բիրտ ուժը, որ կ՛առընչուի բոլոր միջոցներու սպառումին:
Երբ ընկերութիւն մը կը պարզէ հիւանդագին վիճակ մը, էական պատճառներէն մէկը պէտք է փնտռել երիտասարդութեան դրսեւորած հոգեմտաւոր իրականութեան մէջ։ Չմոռնանք որ երիտասարդութիւնը ինքնըստինքեան գոյութիւն չէ, նոյնիսկ եթէ բնախօսական տուեալները այդ մէկը կ՛ենթադրեն։ Երիտասարդութիւնը նաեւ դաստիարակութիւն է, ժառանգութիւն է: Երիտասարդութեան ըմբոստ, առկայ պայմանները մերժելու, միշտ փոփոխութիւններու հակամէտ նկարագիրը կրնայ ճիշդ հակառակ արդիւնքը տալ եթէ չուղղուի, չդաստիարակուի։ Այս հաստատումին լաւագոյն փաստը կարելի է նկատել խուլիկանութեան, աննպատակ վայրագութեան եւ ինքնանպատակ այլամերժութեան երեւոյթներու տարածումը՝ գաղափարախօսութիւններու անկման այս օրերուն: Դաստիարակութեան բացակայութիւնը կրնայ յանգիլ այլ հետեւանքի ՝ երիտասարդութեան ծերացումին ։ Այս օրերուն ընթացիկ երեւոյթ է տեսնել ընկերութիւններ, որոնք ունին երիտասարդ տարրեր, բայց չունին երիտասարդութիւն:
Պահպանողական, իշխանատենչ եւ շահամէտ ղեկավարութիւնը, պետական թէ կուսակցութիւններու մակարդակին վրայ, դէմ է դաստիարակուած եւ տեսլապաշտ երիտասարդութեան, որովհետեւ նման երիտասարդութեան մը գոյութիւնը ենթահողը կը պատրաստէ փոփոխութիւններու, յառաջդիմութեան, հաշուետուական համակագի յառաջացաման եւ յեղաշրջումներու, որոնք րնականօրէն կը հակադրուին իշխանամոլական խաւարամտութեան եւ աւտապետական մաֆիականութեան:
Իսկ ի՞նչ վիճակ կը պարզէ հայ երիտասարդութիւնը պահպանողականութիւն-փոփոխութիւն յարաբերութեան մէջ:
Բնականօրէն, հայ երիտասարդը եւս ենթակայ է իր միջավայրի ազդեցութեան, որ իր անմիջական դրոշմը կը դնէ անոր աոօրեային վրայ: Հայ երիտասարդութիւնը այսօր նոյնը չէ ինչ որ էր 19-րդ դարու վերջաւորութեան, Մայիսեան անկախութեան օրերուն, 20-րդ դարու 50-ական եւ 60-ական, 70-ական թուականներուն կամ 80-ական թուականներու վերջաւորութեան ու 90-ական թուականներուն, երկրորդ անկախութեան եւ Արցախի ազատագրութեան օրերուն, եւ հիմա, այս օրերուն:
Քաղաքական կամ ընկերային հոլովոյթներու հետ բնականօրէն փոխուած է հայ երիտասարդութեան դիմագիծը։ Այսպէ՚ս է, կը փոխուի։ Անշուշտ կան սկզբունքային առաջադրանքներ, որոնք չեն կրնար փոփոխութեան ենթարկուիլ, ինչպէս հայապահպանումը, հողահաւաքը եւ հայահաւաքը, սակայն յիշեալ աոաջադրանքներուն հետապնդման եղանակը ունի յարափոփոխ դիմագիծ որ յաճախ չի ներդաշնակուիր ներքին եւ արտաքին պայմաններոն հետ, այն իմաստով որ չի կանխեր կամ չի չէզոքացներ ճնշող ազդակները կամ նոյնիսկ չի ցուցաբերեր խաղին օրէնքները օգտագործելու արթնութիւն եւ ճկունութիւն:
Արցախեան զինադադարէն ետք, 1994-ին, Հայաստանի նորաստեղծ պահպանողական խաւի իշխանատենչ խաղերը եկան կլանելու նաեւ հայ երիտասարդութիւնը, որ մեծ տոկոսով սկսաւ լողալ նոյն իշխանատենչութեան եւ նիւթապաշտութեան ճահիճին մէջ ու սկսաւ բռնել այլասերման ճամբան: Սփիւռքը շատոնց մխրճուած էր այդ տիղմին մէջ:
Այս հոսանքին առընթեր, նշմարելի է նաեւ գոյութիւնը այլ հոսանքի մը, որ կը պահուըտի գաղափարին ետեւ, իր արարքները կ՝արդարացնէ գաղափարով, բայց սա կեղծիքին ետեւ հիմնականօրէն առկայ է անձնիշխանութիւնը՝ իր աւատապետական ու մաֆիական ստորոգելիներով։ Այս հոսանքը նոյնքան այլասերող եւ ապաքաղաքականացնող իրավիճակ մը ստեղծած է, որովհետեւ կ՝արտադրէ տիպարներ, որոնք գաղափարականութիւնը աղարտելու կողքին, կը վարակեն ժխտականութիւն եւ վանողականութիւն։
Այս բոլորին մէջ կայ սակայն գաղափարական առողջ երիտասարդութիւն մը, որ կը պայքարի պահելու համար իր առհաւական դիմագիծը։ Այս երիտասարդները, սակայն, ներկայ իրավիճակին մէջ կը ներկայացնեն փոքրամասնութիւն մը եւ իրապաշտ ըլլալու համար, առայժմ չունին քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական մեր կեանքը բարեփոխելու տուեալներ, որովհետեւ դէմ յանդիման կը գտնուին անպատասխան հարցադրումներսւ: Ւնչպէ՞ս կենսաւորել տեսլապաշտութիւնը իշխանատենչական անբարոյութեան այս մթնոլորտին մէջ։ Տեսլապաշտութիւնը վերածել միջոջի թէ նպատակի։ Եթէ միջոց է, ինչպէ՞ս պայքարիլ հակառակ հոսանքի ահարկու զէնքերուն դիմաց։ Եթէ նպատակ է, այլ խօսքով, վախճանական նպատակի ճամբուն վրայ արդեօք պէտք է սորվի՞լ խաղին օրէնքները եւ պահպանողական հոսանքին զէնքերով պայքարի ՞լ նոյնինքն պահպանողականութեան դէմ:
Այս հարցումները հայ երիտասարդութիւնը դէմ յանդիման կր դնեն հրամայականի մը, զոր կ՝ուզենք բնորոշել նոր մտածողութիւն դարձուածքով – մտածողութիւն մը, որ ունի գիտական հիմք եւ լաւագոյնս կը պատշաճի ներազգային եւ միջազգային իրավիճակներուն։ Հինին կառչելու յամառութիւնը, իբրեւ հարազատութեան արտայայտութիւն, կ՛առաջնորդէ կեթոյականութեան եւ բնականօրէն՝ ձախողութեան։ իսկ նոր մտածողութիւնը պէտք չէ ունենայ երազային կամ ցնորատեսական հիմք, այլ պէտք է բխի առարկայական իրականութիւններէ։ Պէտք է փոխենք մեր մտածելու ձեւը, ոչ թէ խորքը։ Մեր մտածելաձելը պէտք է յարմարի 21-րդ դարու արհեստագիտական արագընթաց նուաճումներու հոլովոյթին, ինչու չէ տեսնելու, տուեալներ հաւաքելու, վերլուծելու եւ եզրականացնելու համակարգչային եղանակին: Վերջ ի վերջոյ, պայքարը, շարժումը գիտութիւններն են, իրենց քաղաքական, տնտեսական եւ զինուորական բազմաթիւ երեսներով։
Գաղափարական մեր ժառանգութիւնները, մեր արմատներէն եկած աւիշը մեզի կրնան շնորհել հաւատք, սակայն չեն կրնար մեզի տրամադրել պայքարի գիտական միջոցները։ Պէտք է յամառօրէն կառչինք մեր մշակութային ժառանգութեան եւ անշեղօրէն պահենք մեր ազգային աւանդութիւնները, սակայն ասոնցմէ դուրս չենք կրնար չտեսնել հրամայականը՝ մտածելու նոր եղանակի մը, արդի մտածողութեան մը։ Մեր հաւաքական կեանքին մէջ արձանագրուած թերութիւնները չենք կրնար սրբագրել ինքնանպատակ քննադատութիւններով կամ ճաոեով:
Ամբողջ մարդկութիւնը պահպանողական հոսանքին մէջ կլանող արշաւին դիմաց, չենք կրնար չփնտռել ազդու զէնքեր, չենք կրնար չտեսնել մեր հաւաքական կեանքին փտտումը, չճանչնալ մեր թերութիւնները եւ ըստ այնմ չհակազդել: Հակազդելու համար պէտք է ունենալ առողջ միտք, նոր մտածողութիւն, որ ծնունդն է միջազգային եւ ներազգային իրավիճակներու առարկայական ծանօթութեան: Մեր դատը թաղելու եւ ընդհանրապէս Հայաստանի ու Արցախի դէմ լարուող դաւերուն դիմաց, չենք կրնար մեր վճռականութիւնը չստանալ մեր երիտասարդութենէն, գիտակից երիտասարդութենէն։
Պայքարը անցելապաշտութիւն չէ, գիտութիւն է։ Այս օրերուն գիտակցութիւնը սերտօրէն կ՝առընչուի գիտութեան: Հաւատքը միշտ դերակատար է, բայց առանց գիտութեան անբաւարար։ Գիտութիւնը պէտք չէ շփոթել ուսման հետ։ Այս պարագային, գիտութիւնը ծանօթութիւն է, առարկայական ծանօթութիւնն է շրջապատի պայմաններուն, խաղին օրէնքներուն։ Գիտութիւնը ապագան գնահատող տեսիլք է, ցնորատեսութիւն չէ։ Գիտութիւնը ծրագրում է։
Կ՝արժէ լրջօրէն մտածել այս մասին։ Տարակուսանքը եւ հարցադրումները կը նկատուին սկիզբը գիտական մտածողութեան։ Պայման է որ տարակուսինք մեր ներկայ իրավիճակով եւ հարցադրումներ կատարենք մեր ապագային նկատմամբ։
Ժամանակն է որ մտածումները, բոլոր տեսակի մտածումները լոյս աշխարհ գան եւ չմնան պահուած կամ կաշկանդուած։
Ժամանակն է առողջ քննադատութիւնը նստեցնելու իր բարձր պատուանդանին վրայ եւ պահպանողական պոռոտախօսութիւնները դատապարտելու քաջութեամր եւ անզիջողութեամր։