Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին Փոլ Ահըրն, Էրիք Մէյըր, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ ամերիկացի դեսպան Տորըթի Շիա:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն հաստատեց, որ Լիբանան պիտի շարունակէ փտածութեան, դրամի լուացումի եւ ահաբեկչութեան ֆինանսաւորման դէմ պայքարիլ` աւելցնելով, որ այս իմաստով օրէնքները խիստ կերպով կը գործադրուին Լիբանանի մէջ, եւ ասոր վկան են երկրին ելեւմտական ու միջազգային հաստատութիւնները:
Նախագահ Աուն ընդգծեց նաեւ, որ փտածութեան դէմ պայքարի ամէնէն փայլուն օրինակներէն է Կեդրոնական դրամատունը իրաւական հաշուեքննութեան ենթարկելը:
Ան նշեց, որ քեփիթըլ քոնթրոլի օրինագիծը արդէն իսկ կը գտնուի խորհրդարանին մէջ` ընդգծելով, որ խորհրդարանի օրէնսդրական արտակարգ նստաշրջան մը կայացնելու նախագահական հրամանագիրը հիմնականին մէջ նկատի ունէր քեփիթըլ քոնթրոլի օրինագիծին քննարկումն ու վաւերացումը` նախքան ներկայ խորհրդարանին պաշտօնավարութեան շրջանի աւարտը:
Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Միացեալ Նահանգներուն` Լիբանանին տրամադրած անոնց օժանդակութիւններուն համար:
Ան շեշտեց, որ այդ օժանդակութիւններուն շնորհիւ Լիբանան կրնայ բազմաթիւ դժուարութիւններ դիմագրաւել:
Պաապտա այցելեց նաեւ Միջազգային դրամական ֆոնտի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Էռնեսթօ Ռիկօ Ռամիրեզի:
Նախագահ Աուն յայտնեց, որ Լիբանան ու անոր դրամատնային ու ելեւմտական մարզերը ոչ մէկ շահ ունին ելեւմտական եւ տնտեսական ապաքինումի ծրագիրի մշակումին յապաղումով: Ան նշեց, որ այս աշխատանքը պէտք է արագացնել, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանին շահեր ապահովել:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ բրիտանական պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան մօտ Միջին Արեւելքի խորհրդական գնդապետ-զօրավար Մարթին Սիմփսընը, ինչպէս նաեւ այլ զինուորականներ եւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Իան Քոլարտը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-բրիտանական յարաբերութիւններն եւ լիբանանեան ու բրիտանական բանակներուն միջեւ գործակցութիւնը:
Նախագահ Աուն եւ Սիմփսըն հաստատեցին զինուորական գործակցութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը:
Հանրապետութեան նախագահը արժեւորեց լիբանանեան բանակին տրամադրուած բրիտանական զինուորական օժանդակութեան անհրաժեշտութիւնը:
Նախագահ Աուն յայտնեց, որ Լիբանան կը շարունակէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարիլ` բացայայտելով ահաբեկչական քնացած բջիջներ եւ կազմաքանդելով զանոնք:
Իր կարգին, Սիմփսըն շեշտեց, որ Բրիտանիա յանձնառու կը մնայ Լիբանանին օժանդակելու` հաստատելով, որ Լիբանանի կողմէ ահաբեկչութեան, զէնքի եւ թմրանիւթի մաքսանենգումին դէմ պայքարը շարունակելը անհրաժեշտ է:
Սիմփսըն մաղթեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարուին ճշդուած թուականին` յառաջիկայ մայիսին` շեշտելով, որ Լոնտոն կը զօրակցի, որ Լիբանանի մէջ երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարուին եւ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցութիւնները յաջողին:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նախագահ Աունի ռուսական հարցերու խորհրդատու Ամալ Ապու Զէյտ, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց լիբանանեան-ռուսական երկկողմանի յարաբերութիւններն ու Ռուսիա-Ուքրանիա զինուորական գործողութիւնները:
Ապու Զէյտ յայտնեց, որ ինք պիտի մեկնի Մոսկուա` ռուս պատասխանատուներուն հետ քննարկելու համար Լիբանանի մէջ արձանագրուող զարգացումները: