ԾԽ. Ստորեւ կը ներկայացնենք Պէյրութի Հայ Աւետարանական Գոլէճի ամավերջի հանդէսի պատգամաբեր Ահարոն Շխրտըմեանի խօսքը:
Սիրելի շրջանաւարտ, շրջանաւարտուհիներ.
Վայելքի, հոգեկան ցնծութեան, գոհունակութեան պահ է ամավերջի հանդիսութիւն մը, ամէն բանէ առաջ եւ վեր: Քրտինքով ձեռք բերուած ուրախութիւն մը, որուն ապրումը, ինքնին երջանկագոյնն է մարդկային կեանքի յատուկ բոլոր ապրումներով:
Վայելքի այս հոգելից պահուն, կ’ուզեմ պահ մը կոչ ուղղել Ձեր միտքերուն, Ձեր մտածումները սեւեռելու համար վայելքէն անդին՝ այս հանդիսութեան իմաստին եւ արժէքին վրայ, թէ անհատական եւ թէ ազգային գետիններու վրայ:
Սերունդ մըն է, ահա որ պայծառ ճակատներով կանգնած է սա բեմին վրայ եւ լուսավառ աչքերով կը նայի կեանքին, ապագային: Սերունդներու շղթայ մըն է այս սերունդը, որ սկսաւ անապատի աւազներուն վրայ այբուբենը պահպանելով իբրեւ մասունք սրբութեան, հասաւ մեր օրերուն: Բեմին վրայ կանգնած այս տղաքն ու աղջիկները, բառերը փոխ առնելով մեր ժողովուրդի ամենէն վաւերական բանաստեղծներէն՝ Դանիէլ Վարուժանէն, առանց ձայնի բան մը կ’ըսեն մեզի.
«Հայր իմ, օրհնէ’. Ժամը հասաւ, պիտ’ երթամ,
Նոր կեանք մ’ինծի կը սպասէ:
Պատմութիւնն ես թողուցի. Նոր արիւն
Երակիս մէջ կը վազէ»:
Ին՞չ է այդ նոր արեան նորութիւնը: Ին՞չ երակներով կը հոսի այդ արիւնը իրենց մէջ եւ իրենց մէջէն հայ կեանքի մէջ:
Ես երկու էական երակներ կը տեսնեմ իբրեւ առուակ այդ արեան բաշխումին: Գիտակցութեան երկու լոյսեր կան այժմ բացուած իրենց հայեացքին դիմաց: Կեանքին նայելու երկու լուսարձակներ պէտք է ըլլան իրենցմէ ճառագայթող արիւնին տուրքն ու բարիքը հայ կեանքին մէջ:
Անուրանալի է, որ 21-րդ դարուն, արդի սերունդին տագնապը արժէքի գաղափարի թուլացումէն յառաջ կու գայ: Հարցականի տակ դրուած են այսօր մարդկային արժէքները: Ինչ որ երէկ գեղեցիկ էր, նուիրական, վսեմ, գրաւիչ, բազմութիւնները զօրաշարժի ենթարկելու չափ հոգեյոյզ գաղափար ՝ այսօր տժգունած են եւ դարձած անհրապոյր, մահաբոյր:
Սակայն սիրելի շրջանաւարտներ, արժէք կոչուած իրականութիւնը աշխարհի ամենէն հզօր եւ անդիմադրելի մակնիսն է: Հոն ուր որ մարդ արժէք կը տեսնէ՝ հոն կը դնէ իր սիրտը: Հայրենիքի գաղափարով բռնուած հերոսը մահուան մէջ կը տեսնէ իր երջանկութիւնը: Արուեստի հրայրքով վառուած արուեստագէտին համար նիւթականը, նեղութիւնը, տառապանքը կը կորսնցնեն իրենց փուշին խայթոցը:
Այսօր երիտասարդական հոսանք մը կայ, որ կը մերժէ արժէքի այս տիրական դերը մարդկային կեանքի մէջ: Արժէքի չի հաւատար: Արժէք չի հետապնդեր: Աւելին անդին, կան առաւել ծայրայեղականները, անոնք որոնք, ոչ թէ միայն արժէքի չեն հաւատար, այլ նաեւ մանաւանդ արժէքները կ’ուզեն քանդել:
Սիրելիներ, կեանքը պիտի ապրիք արժէքի սկզբունքին կապուած մնալով եւ մեր ազգային գոյութեան բոլոր թելերով: Այս հաւատքով եւ համոզումով ապրեցան հայոց պատմութեան այն սերունդները, որոնք կերտեցին մեր այսօրուան ազատ ու անկախ հայրենիքը : Ես համոզուած եմ, որ դուք եւս պիտի գործէք իբրեւ մեր նոր սերունդի գիտակից ներկայացուցիչներ:
Սիրելի տղաք եւ աղջիկներ, դուք նոր աշխարհ մը կերտելու հնարաւորութիւնը ունիք Ձեր առջեւ: Համարձակ պիտի ըլլաք արտայայտելու եւ պաշտպանելու Ձեր տեսակէտները: Մի ընկրկիք, մի ազդուիք ճնշումներէն, Ձեր ընդդիմախօսներուն քանակէն: Մարդիկ շատ յաճախ կը հալածուին, ոչ՝ որովհետեւ ընկերութիւնը զիրենք կը մերժէ, այլ՝ բռնատէրները զիրենք չեն կրնար հանդուրժել: Սկզբունքային եւ ինքնավստահ եղէք Ձեր կեցուածքներուն մէջ:
Ասոր զուգահեռ, մի հագենաք միայն մասնագիտական ուսումով: Դարձէք գիտելիքներու լայն հորիզոնով զինուած անհատներ: Կլանեցէք, յափշտակեցէք գիտութիւնը, որպէսզի դառնաք գլխագիր մարդ՝ իր ամբողջական իմաստով, դաստիրակութեամբ, մտապաշարով եւ աշխատանքով:
Նոր գիտակցութեան երկրորդ արտայայտութիւնը կը գտնեմ այն հիմնական ճշմարտութեան մէջ, ըստ որուն անհատ մը իր կեանքը կրնայ ամբողջականօրէն եւ վաւերականօրէն ապրիլ, երբ մարդկային կեանքին ու աշխարհին նայի իբրեւ՝ ընկերութեան մը շաղախուած մասնիկը, բաղկացուցիչ անդամը: Մարդկային կեանքը հաւաքական իրագործում մըն է : Անհատները, որքան ալ որ ուժեղ ըլլան, տաղանդաւոր, ոչինչ կրնան իրագործել, երբ ապրին ու աշխատին անջատաբար մարդկային հաւաքականութենէն:
Յատկապէս մեր իրականութեան մէջ, որքան կարօտն ունինք այս սերտութեան, անհատներու ներդաշնակութեան: Կեանքը ներդաշնակութեամբ ապրելու գաղտնիքը մեր նոր սերունդին յատուկ առաքելութիւնը պէտք է դառնայ: Անհրաժեշտ է վերստեղծել հայ հաւաքականութեան միութիւնը, մանաւանդ Սփիւռքի մէջ, ուր կոտորակումի վտանգը ամէնօրեայ սպառնալիք է մեր գլխուն վրայ կախուած Դամոկլեան սուրի նման:
Սիրելի տղաք եւ աղջիկներ, կեանքը կարելի է ապրիլ բազմաթիւ եղանակներով, գործել տարբեր ուղղութիւններով: Բայց կան մօտեցումի երկու հիմնական ձեւեր. մէկը անոնցմէ՝ կեանքին կը նային դուրսէն: Այլ խօսքով, մարդիկ կան, որոնք կը քալեն կեանքի եզերքներէն: Այսպիսիները ոչինչ կը բերեն իբրեւ նպաստ, ընդհակառակը՝ կը դանդաղեցնեն ու կը խանգարեն ստեղծագործ աշխատանքը, նսեմացնելով իրագործուած արժէքները: Այսպիսիները կու գան հովին հետ եւ կ’ացնին հովին նման…:
Երկրորդը այս կեցուածքներէն այն է, որ կեանքին կը նային ներսէն: Այսպիսիներն են, որոնք պատմութեան մէջ դեր ունին իրբեւ դերակատարներ:
Սիրելի շրջանաւարտներ անհրաժեշտ է քալել պատմութեան մէջէն եւ ոչ՝ լուսանցքէն: Հաւատքով՝ արժէքի վրայ եւ հաւաքական գիտակցութեամբ, մարդկային ու հայկական ընկերութեան հետ ներդաշնակուելու արուեստով՝ քալել պատմութեան մայր պողոտայէն: Ըլլալ մայր էջի բովանդակութիւն եւ ոչ թէ՝ լուսանցի վրայ գրուած փշրանք: Գաղտնիքը այս ոճի գեղեցկութեան եւ վեհութեան՝ մարդու հոգիին մէջ ծաղիկի նման բացուող զգացումն է պատասխանատուութեան: Ինքզինք մարդ զգալ, կը նշանակէ ինքզինք մասնակից դարձնել մարդկութեան հոսքին:
Ահա այս ժամանակ, իբրեւ անհատ եւ սերունդներ, դուք Ձեզ կ’արժեւորէք, որովհետեւ հետք կը ձգէք այս աշխարհին վրայ: Եւ ին՞չ է մարդկութեան պատմութիւնը, եթէ ոչ հետքերու շղթայ մը, զոր ոչ մէկ պատերազմ, արհաւիրք կրնայ ջնջել:
Ժողովուրդներ ու դարեր այդ հետքերով կը չափուին: Որքան երկար է հետքերու շղթան եւ որքան հարուստ են օղակները անոր՝ այնքան մեծ է ժողովուրդը, որ քալած է այդ հետքերու ճանապարհէն:
Եւ հիմա՝
Դիտեցէք սա բեմէն հայ ժողովուրդին, Ձեր ժողովուրդին պատմութեան պողոտան: Կը տեսնէ՞ք ոսկէ շղթան ուրարտական շրջանէն քակուող, Մեծն Տիգրանի փառքի ճաճանչներով պայծառացած, քրիստոնէական հաւատքով ազնուացած, Սահակ-Մեսրոպեան շունչով ազգայնացած, Աւարայրի դաշտով միշտ կանաչ, Սարդարապատեան եւ Արցախեան յաղթանակներով անկախութեան եւ ազատութեան իրաւունք նուաճած: Այս պողոտայի ճամբորդներն էք հիմա Դուք:
Սիրելի երիտասարդ, երիտասարդուհիներ, ին՞չ պիտի ըլլայ Ձեր հետքը: Առանց հետքի անցնիլը ունի մէկ անուն՝ մահ: Հետքով անցնիլը նոյնպէս ունի մէկ անուն՝ անմահութիւն:
Դուք՝ մահուան մէջէն անմահութիւն կերտող հրաշագործ ժողովուրդի մը նոր վկաները, քալեցէք այնպէս, որ հետք ձգէք պատմութեան մէջ: Քալեցէք ուրեմն հայ կեանքի մայր պողոտայէն անշեղ, հաստատ եւ ստեղծագործ երթովը Ձեր ժողովուրդի անմահ ոգիին: Այս հեռանկարը Ձեր մտքերուն մէջ ունենալով քալեցէք Ձեր ճանապարհէն՝ ուսման եւ ծառայութեան անշեշ ուղիէն: Քալեցէք անվախ, համարձակ, առանց տկարանալու ձեր անփորձութեան զգացումէն: Քալեցէք մեր ժողովուրդին եւ մարդկութեան օգտակար ըլլալու կամքով ու վճռակամութեամբ:
Սրտաբուխ այս խօսքիս աւարտին յաջողութեան մաղթանքներուս կ’աւելցնեմ, սրտալից շնորհաւորութիւններս, Հայ Աւետարանական գոլէճի տնօրէնութեան, հոգաբարձութեան, ուսուցչական կազմին, բոլոր ծնողներուն, հայ դպրոցի առաքելութեան հաւատացող ներկայ ու բացակայ երախտաւորներուն, որոնք հունձք մը եւս նուիրեցին մեր հայ իրականութեան եւ մարդկութեան: