ԼՈՆԿ ՊԻՉ, «Լոս Անճելըս Թայմզ».- Երեքշաբթի, 8 Մայիսին իր մահկանացուն կնքեց Քալիֆորնիոյ նախկին նահանգապետ Ճորճ Տէօքմէճեան։ Ան 89 տարեկան էր։
Իբրեւ կառավարիչ իր ութ տարիներու պաշտօնավարութեան ընթացքին (1983-1991) շեշտը ոճրագործներու հալածանքը եւ պատիժները խստացնելու վրայ դրած նահանգապետը, նաեւ 16 տարիներով եղած է նահանգային օրէնսդիր մարմինի անդամ, իսկ չորս տարի՝ նահանգի ընդհանուր դատախազ։ Ան զաւակն է Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած եւ Նիւ Եորք հաստատուած ծնողներու. 1955-ին Նիւ Եորքէն տեղափոխուած է Քալիֆորնիա ու 1958-ին հաստատուած է Լոնկ Պիչ քաղաքը։
Տէօքմէճեանի անունով կոչուած են շարք մը նահանգային հաստատութիւններ, ներառեալ՝ Կլենտէյլէն հիւսիս-արեւելք գտնուող զբօսավայր մը եւ Լոնկ Պիչ քաղաքին մէջ Լոս Անճելըս գաւառի Գերագոյն դատարանի շէնք մը։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը ցաւակցութիւն յայտնած է Տէօքմէճեանի կնոջ՝ Կլորիային եւ համայն ընտանիքին: