ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ
Այս յօդուածով կ՛ուզեմ հակիրճ ձեւով ամփոփել Հայաստանի նոր կառավարութեան ծրագիրի արտաքին քաղաքականութեան վերաբերող հատուածը:
Ծրագիրը կը բաղկանայ քանի մը կէտերէ, սակայն կ՛ուզեմ անդրադառնալ հիմնական երեք կէտերու` Արցախ, Հայոց ցեղասպանութիւն եւ շրջանային ու միջազգային քաղաքականութիւն:
Արցախեան հարցին անդրադառնալով` ծրագիրը կը հաստատէ, որ Արցախի կարգավիճակը եւ անոր անվտանգութեան ապահովումը բանակցային հոլովոյթին մէջ Հայաստանի համար հիմնական են: Հայաստան նաեւ ջանք պիտի թափէ Արցախը դարձնելու բանակցութեան մէջ հիմնական կողմ, որով արցախցիք պիտի ունենան իրենց լիիրաւ ներկայացուցիչը: Ասիկա նորութիւն մը չէ, Երեւանի նոր վարչակազմը քանի մը անգամ յայտարարեց, որ Արցախը պէտք է մասնակցի բանակցութիւններուն, որովհետեւ Երեւանը չի կրնար ներկայացնել Ստեփանակերտի տեսակէտները: Անշուշտ այս մօտեցումը անընդունելի էր Պաքուի իշխանութիւններուն համար:
Հայոց ցեղասպանութիւնը դարձեալ արտաքին քաղաքականութեան օրակարգի վրայ է: Կառավարութիւնը խոստացաւ հետապնդել Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման հոլովոյթը եւ զայն նկատեց շրջանային անվտանգութեան օրակարգ: Այստեղ կարեւոր է նշել նաեւ, որ հայ-թրքական օրակարգը ծրագիրին մէջ չէ ներառուած: Ինչպէս նախկին կառավարութիւնը, այս կառավարութիւնը նոյնպէս պատասխանատուութիւնը ստանձնեց, որ միջազգային գետնի վրայ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման հարցին մէջ Հայաստան յառաջատար դեր խաղայ:
Շրջանային եւ միջազգային գետնի վրայ չկար շեղում, այլ կառավարութիւնը յստակ պատկերացում մը տուաւ` զարգացնելու տնտեսական, քաղաքական եւ ռազմավարական յարաբերութիւնները դրացի եւ բարեկամ երկիրներու հետ: Նկատի առնելով աշխարհաքաղաքական իրավիճակը Վրաստանի եւ Իրանի միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ` հայկական կողմը առանձին անդրադարձաւ այս կէտին եւ ընդգծեց «առանձնայատուկ եւ բարիդրացիական յարաբերութիւններ»-ը այս երկու սահմանային երկիրներուն հետ: Նկատի ունենալով, որ այս երկու երկիրները միակ ելքն են դէպի Եւրոպա-Ռուսիա եւ ասիական շուկաներ, հայկական կողմը յստակացուց, որ ինք չի կրնար մխրճուիլ քաղաքական հաշիւներու մէջ, որոնք կ՛ուզեն հարուածել Վրաստանը կամ Իրանը` ըլլայ ատիկա Ռուսիոյ կամ Միացեալ Նահանգներու կողմէ: Իսկ ինչ կը վերաբերի Ռուսիոյ հետ յարաբերութեան, անիկա որակուեցաւ իբրեւ «ռազմավարական դաշնակցային յարաբերութիւն», եւ հայկական կողմը այս յարաբերութիւնները զարգացնելու առումով յաւելեալ տնտեսական եւ զինուորական ծրագիրներ որդեգրեց: Կառավարութիւնը նաեւ ընդգծեց, որ պիտի խորացնէ իր տնտեսական յարաբերութիւնները Միացեալ Նահանգներու ու Եւրոպական Միութեան հետ եւ խոստացաւ, որ Հայաստանը աւելի ճկուն մասնակցութիւն բերէ ՕԹԱՆ-ի, ԱՊՀ-ի եւ ԵԱՀԿ-ի ծրագիրներուն մէջ: Կառավարութիւնը նաեւ առանձին հատուածներու մէջ անդրադարձաւ Չինաստանի, Հնդկաստանի ու Ճափոնի հետ համագործակցութեան եւ յարաբերութիւններու զարգացման ու խորացման հեռանկարներուն: Վերջապէս, յատուկ ուշադրութիւն պիտի գրաւեն Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներու Եւրոպական Միութեան մուտքի արտօնագիրներու ազատականացման ապահովման ուղղուած ջանքերը:
Իբրեւ եզրակացութիւն` կարելի է ըսել, որ այս կէտերը եւ անոնց զարգացումը կարեւոր դեր պիտի խաղան Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ: Անշուշտ մարտահրաւէրները շատ են, մանաւանդ ըստ կարելւոյն պէտք է հաւասարակշռութիւնը պահել Արեւմուտքին ու Ռուսիոյ միջեւ եւ նոր ճամբաներ բանալ դէպի Ասիա: Անշուշտ հոն ալ կան խնդիրներ. Հայաստան շուտով պիտի անդրադառնայ, որ Չինաստան-Հնդկաստան եւ Չինաստան-Ճափոն քաղաքական բախումը իր արձագանգները կրնայ ունենալ Երեւանի վրայ, եթէ վերջինս որոշէ աւելի խորացնել իր տնտեսական եւ, ինչո՞ւ չէ, ռազմավարական յարաբերութիւնները ասիական երկիրներուն հետ: Հայաստան պէտք է շարունակէ յառաջապահ դեր խաղալ ցեղասպանութեան կանխարգիլման օրինագիծերու որդեգրման մէջ` միջազգային ատեաններուն մէջ, սակայն` միաժամանակ զգուշ ըլլալով, որ իր դիւանագիտական յարաբերութիւնները չվնասուին կարգ մը երկիրներու հետ: Հայաստան պէտք է նաեւ խորացնէ իր յարաբերութիւնները իսլամական երկիրներու հետ` կանխելու համար թուրք-ազրպէյճանական հակահայկական քարոզչութիւնը: Հայ-ազրպէյճանական բանակցութիւնները ստեղծեցին որոշակի հանդարտութիւն մը շփման գիծին վրայ, սակայն պէտք չէ յուսալ, որ ասիկա խաղաղութեան ճամբայ կը բանայ: Այո՛, առաջին քայլն է, սակայն յստակ ծրագիր պէտք է խաղաղութեան ու արցախեան հիմնախնդիրի արդար լուծման շուրջ: Մինչեւ օրս երկու կողմերը հակառակորդ կողմեր են: Օրը հաւանաբար գայ, որ փոխզիջումի դռները բացուին, սակայն ո՞ր կողմը աւելի վնասուած դուրս պիտի գայ: Այս բոլորը կարիքը ունին ճկուն, հաւասարակշռուած արտաքին քաղաքականութեան մը, որուն հունձքերը կրնանք քաղել յառաջիկայ ամիսներուն կամ տարիներուն:
Օգտագործուած աղբիւր`
– Կառավարութիւնը հրապարակել է արտաքին քաղաքական ծրագիրը, https://www.lragir.am/2019/02/06/415430/