ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներու նախագահի անվտանգութեան հարցերու խորհրդական Ճոն Պոլթըն անցեալ շաբաթ այցելեց Հայաստան, ուր պաշտօնական ընդունելութեան կողքին, ան նաեւ ամերիկեան դեսպանատան մէջ հանդիպում ունեցաւ կարգ մը ակադեմականներու հետ:
Հանդիպումներուն ընթացքին Պոլթընի կատարած յայտարարութիւնները բաւական մեծ անհանգստութեան դուռ բացող վերլուծութեան պատճառ դարձան հայկական եւ ռուսական մամուլին մէջ:
Մոսկուայէն դիտուած` Պոլթըն կը փորձէ որոշ տնտեսական խոստումներ տալ Հայաստանին, որպէսզի վերջինս իր սահմանը փակէ Իրանի հետ: Բան մը, որ անընդունելի է Ռուսիոյ համար, որովհետեւ Հայաստան միակ ռազմավարական եւ Ռուսիոյ դաշնակից երկիրն է, որ սահման ունի Իրանի հետ:
Թեհրանէն դիտուած` ասիկա մտահոգիչ է այն առումով, որ իրեն սահմանակից եւ ռազմավարական երկիր մը կը միանայ Միացեալ Նահանգներու դաշինքին: Հոս պէտք է նշենք, որ Իրան առաջին իսկ օրէն Հայաստանի ժողովրդային շարժումը որակեց իբրեւ գունաւոր յեղափոխութիւն, որուն հիմնական նպատակն է տապալել հակաամերիկեան կառավարութիւնները շրջանին մէջ:
Երեւանէն տարբեր արձագանգներ կային Պոլթընի այցելութեան շուրջ: ՀՅ Դաշնակցութիւնը եւ Հանրապետական կուսակցութիւնը մերժեցին այն յայտարարութիւնները, որոնց ընդմէջէն Պոլթըն կոչ կ՛ուղղէր Երեւանին` դուրս ելլելու իր «գաղափարական քաղաքականութենէն»: Ըստ բազմաթիւ աղբիւրներու, Պոլթըն դռնփակ հանդիպումներու ժամանակ նաեւ ըսած է, որ Հայաստան պէտք է հողային որոշ զիջումներ կատարէ Արցախի մէջ: Հայաստանի նոր իշխանութեան պատասխանը 3 օր ուշացաւ, մինչեւ որ վերջապէս վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը յայտարարեց, որ Պոլթըն չի կրնար իր անունով խօսիլ:
Այս բոլորը կ՛ապացուցեն, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութիւնը Հարաւային Կովկասի նկատմամբ փոխուած է: Նախկին նախագահ Պարաք Օպամայի ժամանակ Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը Հայաստանի հաշիւը կ՛ընէր` իբրեւ երկրի մը, որ նկատի ունենալով իր աշխարհաքաղաքական դիրքը` ստիպուած է վարել ռուսամէտ քաղաքականութիւն: Ասիկա նաեւ ընդունուած է Եւրոպական Միութեան կողմէ: Սակայն Պոլթընի կատարած յայտարարութիւնները Արցախի եւ Հայաստան-Իրան յարաբերութեան վերաբերեալ կը բացայայտեն, որ Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը շատ հեռու է աշխարհաքաղաքական հաշիւներէ:
Ներկայիս Թրամփի ղեկավարութեամբ Միացեալ Նահանգներ կը վարեն կոյր եւ անորոշ արտաքին քաղաքականութիւն մը, որով չեն կրնար զանազանել հակառակորդը դաշնակիցէն: Այս իրականութեան մէջ Հայաստան պէտք է զգուշ ըլլայ: Երեւանի իշխանութիւնները պէտք է կապ հաստատեն Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբերուն հետ, որպէսզի երկու կողմերը բացատրեն Հայաստանի դիրքը այս հարցին մասին եւ Իրանի հետ ռազմավարական կապերու կարեւորութիւնը Հայաստանի համար: Միացեալ Նահանգներ պէտք է հասկնան, որ Հայաստանի առաքելութիւնը կը մնայ կամուրջ հաստատել Արեւելքին եւ Արեւմուտքին միջեւ: