Դեկտեմբերի երկրորդ կէսին գայթակղութեան փոթորիկ մը ծագեցաւ Թուրքիոյ մէջ: Երկփեղկում մը յառաջացած էր իշխող՝ Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան մէջ, յայտնապէս անորոշութեան մատնելով վարչապետ Էրտողանի քաղաքական ճկատագիրը:
Ինչպէ՞ս բացայայտուեցաւ գայթակղութեան ծրարը, երբ տակաւին օրեր առաջ, վարչապետ Էրտողան կը յոխորտար, թէ իր մօտ կը պահէր իրաւապահական կառոյցներու բանալիները…: Բայց ահա անակնկալը՝ Իսթանպուլի դատախազ Զեքերիյա Էօզ, հետաքննութիւն մը կը բանար Թուրքիոյ վերնախաւին դէմ: Այնպիսի անձնաւորութիւններու, որոնք ընդունուած էին ըլլալու Թուրքիոյ քաղաքական կեանքի անհպելիները: Էօզ, եղած է երկրին ամենահեղինակաւոր դատախազը եւ վարչապետ Ռեճէպ Թայիփ Էրտողանի կարեւոր զինակիցը: Էրտողանն էր զինք մղողը բանալու «Էրկենեքոն»ի թղթածրարը եւ ծանր վճիռներ արձակելու բանակի շտապին դէմ: «Էրկենեքոն»ի հնգամեայ դատաւարութիւնը աւարտելէ ամիսներ ետք, Էօզ զարմանալիօրէն կռնակ կը թեքէր իր հիմնական հովանաւորէն: Քաղաքական լռելեայն տագնապի մը հետեւանք էր ան, անկասկած: Կասկածները կը հասնին մինչեւ Ուաշինկթըն, որովհետեւ վերջինս բացայայտ դժգուհութիւնը կ’արտայայտէ դրացի պետութիւններու հանդէպ Էրտողանի վարած քաղաքականութենէն..:
Ծննդեան տօներու նախօրէին, ոստիկանութիւնը անակնկալօրէն ձերբակալեց յիսունէ աւելի անձնաւորութիւններ, որոնց մէջ քաղաքական հեղինակութիւններ, Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում Կուսակցութեան ղեկավարներ, ազդու գործարարներ, երեք նախարարներու զաւակներ: Հետաքննութեան գլխուն կեցած էր Էօզը…: Էրտողան անմիջապէս հակազդեց եւ Էօզը հեռացուց պաշտօնէն: Սակայն հետաքննութեան ընթացքը կարելի չէր կասեցնել: Բացայայտումները , Էրտողանի տասնմէկամեայ իշխանութեան ամենավտանգաւորն էին: Անոնք ոչ միայն կը հեղինակազրկէին Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում Կուսակցութիւնը, այլեւ՝ բաժան- բաժան կը սպառնան դարձնել զայն: Այս բոլորը կը պատահէին ընտրական տարուան սեմին, երբ Էրտողան ամէն գնով կը ձգտի հասնիլ նախագահութեան:
Հետաքննութեան առաջին օրերուն, տնտեսութեան, ներքին եւ գիւղատնտեսութեան նախարարները անմիջապէս ներկայացուցին իրենց հրաժարականը: Յաջորդող օրերուն աւելցաւ չորրորդ մը: Հետաքննութիւնները բացայայտեցին, թէ անոնց զաւակները, միայն կաշառք ստանալու փոխարէն կ’ընծայէին շինարարական արտօնութիւն, եւ կանաչ լոյս կու տային հանրային ծառայութեան պայմանագրութիւններուն: Էրտողան մերժեց իր կառավարութեան անդամներուն դէմ յղուող ամբաստանութիւնները, սակայն անմիջապէս արձակեց եօթ նախարարներ, զանոնք փոխարինելով աւելի վստահելի անձնաւորութիւններով:
Ձերբակալեալներու մէջ կը գտնուէր նաեւ Իրանի հետ քարիւղի համաձայնութիւնները վարող, պետութեան հովանաւորութիւնը վայելող «Հալքպանք»ի ընդհանուր տնօրէնը: «Հալքպանք»ի տնօրէնը կ’ամբաստանուէր Իրանի դէմ միջազգային պատժամիջոցները անտեսելու եւ՝ քարիւղի փոխարէն միլիառաւոր եուրօ արժողութեամբ ելեւմտական գործառքներ ծածուկ կերպով իրականացնելու յանցանքով: Ոստիկանութիւնը խուզարկեց «Հալքպանք»ի տնօրէնին ապարանքը եւ կօշիկի տուփերու մէջ բացայայտեց չորսուկէս միլիոն տոլարի գումար մը:…: Բացայայտումները , աւելի ծանր գայթակղութեան մը նախամուտքն էին: Այժմ լուսարձակները կեդրոնացած էին Էրտողանի վրայ: Գիւղատնտեսութեան նախարար Էրտողան Պայրաքտար պահանջեց Էրտողանի հրաժարականը: Իր խոստովանութեան մէջ, Պայրաքտար բացայայտեց, թէ վարչապետին հաւանութեամբ կը կնքուէին բոլոր համաձայնութիւնները: Հետաքննութիւններու օղակը մօտեցաւ Էրտողանի զաւակին՝ Պիլալին: 32-ամեայ Պիլալ Էրտողան՝ Թիւրկէվ հեղինակաւոր հաստատութեան հիմնադիրն ու սեփականատէրն էր: Վերջին տարիներուն, Էրտողանի որդին բաւական յարմար սակով կառավարական կալուած մը ձեռք բերած էր, ընդամէնը՝ երեք միլիոն եուրօ կաշառքի փոխան: Իսթանպուլի հանրային դատախազ Մուամմար Աքքա ձերբակալութեան հրամանագիր մը հրապարակեց Պիլալի դէմ: Սակայն ոստիկանութիւնը հրաժարեցաւ գործադրելու հրահանգը: Փոխարէնը՝ Աքքա, նոյնպէս արտաքսուեցաւ աշխատանքէն ..:
Արդարադատութեան պարանոցէն խուսափելու միջոցներ փնտռելու նպատակով, , վարչապետ Էրտողան քարոզչական արշաւի ձեռնարկած է, համոզելու թէ արտաքին ուժերու կողմէ դաւադրութիւն մը սարքուած էր անոր կառավարութեան դէմ: Սակայն նոյնիսկ Էրտողանի համակիրները՝ ցնցուած այս եղելութիւններէն, համոզիչ չեն գտներ անոր պատճառաբանութիւնները: Բոլորին մօտ բացայայտ դարձած է, որ երբեմնի լայն ժողովրդականութիւն վայելող վարչապետը, յենակներ կը փնտռէ փրկելու իր քաղաքական ապագան:Փաստօրէն, դրացի պետութիւններուն ժողովրդավարութեան դասեր փոխանցող Էրտողանը իր կառավարութեան անդամներուն հետ մխրճուած է փտածութեան եւ կաշառակերութեան գիրկը: Այս առիթով կ’արժէ մեր ընթերցողներուն յիշեցնել, 2010 թուականին Թուրքիոյ մասին, Ուիքիլիքսի բացայայտած՝ ամերիկացի դիւանագէտներու մէկ վկայութիւնը: Վերջիններս, պետական քարտուղարութեան յղած իրենց տեղեկագիրին մէջ կ’ընդգծէին .« Թուրքիոյ մէջ, բոլոր մակարդակներու վրայ փտածութեան առկայութիւնը»: Բայց ցաւալին այն է, որ վարչապետ Էրտողան, տակաւին Շաբաթ օր, իր համակիրներուն առջեւ խօսք առնելով առանց ամչնալու կը յայտարարէր .« Զաւակէս անգամ պատրաստ եմ հրաժարելու, եթէ մխրճուած է փտածութեան մէջ»: Եթէ այդպէս էր, Էրտողան ինչո՞ւ խուսափեցաւ զայն հարցաքննելու ատեանին հրահանգէն:
Ընդդիմարիր Ժողովրդահանրապետական Կուսակցութեան պետ Քամալ Քիլիճտարօղլու մէկը այն անձնաւորութիւններէն,որ խորհրդարանին մէջ մնայուն արծարծած է փտածութեան առկայութիւնը, սկսաւ բացայայտ յայտարարել, թէ աւազակապետ մը կը ղեկավարէր երկիրը: Ներկայիս ոչ միայն ընդդիմութիւնն է բողոքի դրօշ պարզողը Էրտողանի դէմ, այլեւ՝ անոր կողքին կեցած անձնաւորութիւններ, որոնց մէջ քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլէնը: Կիւլէն, աքսոռի մէջ կ’ապրի Միացեալ Նահանգներ : Անոր համակիրները կրթական հաստատութիւններու, հրատարակչական ընկերութիւններու, հիւանդանոցներու սեփականատէրեր են: Կիւլէն մնայուն փորձած է կրթական, բարեսիրական ծառայութիւններու հագուստ զգենուլ, սակայն բոլորը քաջատեղեակ են վարագոյրին ետին գործող քաղաքական եւ իսլամիստ թեքումով կազմակերպութեան մը իրողութիւնը: Կիւլէն եւ Էրտողան սերտ գործակիցներ եղած են մինչեւ վերջերս: Շնորհիւ այդ բարեկամութեան , Կիւլէնի կողմնակիցները բանալի պաշտօններ ստանձնած են ոստիկանութեան եւ իրաւական մարզերուն մէջ: Փոխարէնը՝ անոնք, մնայուն քուէարկած են Էրտողանին:
Անցնող ամիսներուն լռելեայն պայքար մը ծագեցաւ երէկի երկու դաշնակիցներուն միջեւ: Էրտողանի մօտ աստիճանաբար այն տպաւորութիւնը ստեղծուեցաւ, թէ Կիւլէնի համախոհները զօրանալով , մօտիկ ապագային լուրջ մրցակից մը պիտի դառնային անոր քաղաքական ձգտումներուն առջեւ: Էրտողանին զարմանք կը պատճառէր Կիլէնի կողմնակիցներուն կողմէ, երկրին գաղտնի սպասարկութեան պետին դէմ հետաքննութիւն բանալու միտումը: Վերջինս Էրտողանի մօտիկ անձնաւորութիւն մը ըլլալով, կը վայելէր անոր պաշտպանութիւնը: Առ ի պատասխան Կիւլէնի քայլերուն, Էրտողան փորձեց փակել անոր պատկանող կեդրոնները եւ պաշտօններէ հեռացնել Կիւլէնի կողմնակիցները : Էրտողան մինչեւ իսկ՝ անվստահելի, սկսաւ անուանել իր երէկի դաշնակիցները եւ հալածել զանոնք, որովհետեւ անոր կարծիքով՝, Կիւլէնի համախոհները սկսած էին « պետութեան մէջ պետութիւն» ստեղծել երկրին մէջ: Այս երկուքին միջեւ ծագած պայքարին ականատեսը կը դառնանք այսօր:
Վերջին քանի մը ամիսներուն, Էրտողան երկրորդ անգամ ըլլալով կը դառնայ քննադատութեան թիրախ: Առաջինը՝ Կեզի զբօսայգիի վերանորոգութեան առիթով կազմակերպուած նստացոյցերը, անմիջապէս բողոքի ալիքի մը վերածուեցան անոր վարչակարգին դէմ: Տասնմէկ տարուան միահեծան իշխանութիւնը, իրականութիւնները տեսնելէ զուրկ անձնաւորութեան մը վերածած է Էրտողանը: Ատակ եւ կարող անձնաւորութիւններ փոխարինուած են անոր հրահանգներուն մնայուն ենթարկուող, անմիջապէս անոր հրահանգներուն տեղի տուող կամակատարներով: Քաղաքական ասպարէզի մէջ նուաճումները, աւելի շրջահայեաց դարձնելու փոխարէն, անհանդուրժող եւ հակառակորդները ամէն գնով ոչնչացնելու ձգտող քինախնդիր անձնաւորութեան մը վերածած են Էրտողանը: : Թուրքիոյ բանտերը այսօր աւելի լեցուն են լրագրողներով, քան՝ որեւէ ժամանակ:
Էրտողան կը փորձէ արգիլել իր կառավարութեան դէմ իրաւական հետապնդումները: Սակայն վերջին զարգացումները ամբողջութեամբ կը տարբերին Կեզի զբօսայգիի միջադէպերէն: Թուրքիոյ վարչապետը այս անգամ պիտի չյաջողի ուժի եւ բռնութեան ճանապարհով պարտութեան մատնել կամ լռեցնել իր հակառակորդները:
Գայթակղութեանց հետաքննութիւնները շարունակուելու պարագային, յառաջիկայ Ամառ, երկրի նախագահ ընտրուելու Էրտողանի փայփայած յոյսերը, ի դերեւ կրնան դուրս գալ: Էրտողան հազիւ թէ յաջողի խորհրդարանական մեծամասնութիւն ապահովել յառաջիկայ ընտրութիւններուն: Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում Կուսակցութեան ներքին կանոնագրութիւնը անոր կ’արգիլէ յաւելեալ՝ չորրորդ շրջան մը ստանձնել վարչապետի պաշտօնը: Այլապէս, ան պարտաւոր պիտի ըլլայ փոփոխութեան ենթարկելու կուսակցութեան ներքին կանոնագրութիւնը: Այս պարագային, նախագահ Ապտուլլա Կիւլ կ’ընդդիմանայ իր երկար տարիներու դաշնակիցին քաղաքական յաւակնութիւններուն: Նոյնպէս ալ՝մեծ թիւով կուսակիցներ:
Վերջապէս՝ տնտեսութիւնը: Նախորդ ընտրութիւններուն Էրտողանի քարոզչութեան հիմնական զէնքը հանդիսացող տնտեսական աճը, տեղքայլի նշաններ սկսած է ցոյց տալ վերջին տարիներուն: Թրքական թղթոսկին կ’արժեզրկուի եւ կ’արձանագրէ մրցանիշային անկում: Օտար դրամանիշներով ներդրումները նուազած են: Տնտեսական այս զառիթափին հետեւանքով , մեծ թիւով համախոհներ երես պիտի դարձնեն Էրտողանէն:
Այսօրուան դրութեամբ, ընդդիմութիւնը բաւական լուրջ մրցակից մը որդեգրած է յառաջիկայ Մարտին կայանալիք Իսթանպուլի քաղաքապետական ընտրութիւններուն: Այս մէկը աւելի զգայուն սկսած է դարձնել Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում Կուսակցութեան դիրքերը: Անգիր օրէնք մը գոյութիւն ունի թրքական քաղաքականութեան մէջ՝ Իսթանպուլի քաղաքապետական ընտրութիւնները կորսնցնելը համազօր է կորսնցնելու Թուրքիոյ ընտրութիւնները:
Այլընտրանքներ չկան Էրտողանի առջեւ. զիջումերու գնով փոխհասկացողութեան նոր եզրեր ստեղծել Ֆեթհուլլա Կիւլէնի հետ եւ կամ սպասել իր քաղաքական մայրամուտին..
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ