Լիբանանցի քաղաքացի մը Պասսամ Շէյխ Հիւսէյն երէկ ուղղուեցաւ Համրայի «Ֆետերըլ» դրամատունը, ուր պահանջեց վերադարձնել դրամատան մէջ իր պահ դրած գումարը` 209 հազար տոլար:
Քաղաքացին, որ իրեն հետ կը կրէր գնդացիր մը եւ պենզին, սպառնաց հրկիզել բոլորը եւ ապա անձնասպանութիւն գործել:
Ան իր զէնքը ուղղեց դրամատան տնօրէնին եւ դրամատան բոլոր պաշտօնեաներն ու յաճախորդները պատանդ վերցուց` չզիջելով իր պահանջէն:
Դէպքին վայրը հասան ապահովութեան ուժերը, որոնք շրջափակեցին դրամատունը եւ սկսան բանակցիլ Հիւսէյնի հետ:
Բանակի գաղտնի սպասարկութեան սկսած բանակցութիւնը շարունակեց Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը, սակայն Հիւսէյն կառչած մնաց իր պահանջին, որ իր իրաւունքն է, եւ ան դրամատան մէջ գտնուող պաշտօնեաներուն եւ յաճախորդներուն դէմ յարձակողական ոչ մէկ քայլ առաւ:
Բանակցութիւններուն ընթացքին դրամատան կողմէ Հիւսէյնին առաջարկուեցաւ 10 հազար տոլարի գումար մը, որ կտրականապէս մերժուեցաւ:
Երեկոյեան ժամը 5:00-ին, դրամատան կողմէ առաջարկուած գումարը վերածուեցաւ 30 հազար տոլարի, որուն լոյսին տակ Հիւսէյն աւելի ճկուն կեցուածք ցուցաբերեց` շարունակելով պահանդները պահել դրամատան մէջ:
Երեկոյեան ժամը 6:00-ին ապահովական աղբիւրներ յայտնեցին, թէ Հիւսէյն համաձայնած է իրեն առաջարկուած գումարին շուրջ եւ դուրս պիտի գայ դրամատունէն: 20 վայրկեան ետք Հիւսէյն դուրս եկաւ դրամատունէն եւ ուղղուեցաւ դէպի սպիտակ ինքնաշարժ մը, որուն մէջ կը գտնուէր անոր եղբայրը: Աւելի ուշ ան ինքզինք յանձնեց ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքին:
Նշենք, որ բանակցութիւններու ընթացքին Հիւսէյն ազատ արձակեց պատանդ-յաճախորդ մը, որ առողջական հարցեր ունէր:
Յետմիջօրէին դրամատուն հասան տասնեակ մը քաղաքացիներ, որոնք իրենց կարգին դրամատուներու մէջ հաշիւ ունին: Անոնք զօրակցութիւն յայտնեցին Պասսամ Շէյխ Հիւսէյնին եւ դէմ արտայայտուեցան դրամատնային քաղաքականութիւններուն:
Դրամատուներու մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներու միութեան նախագահ Հասան Մուղնիէ յայտնեց, որ Հիւսէյն այս քայլին դիմած է, որովհետեւ անոր հայրը հիւանդանոցն է, եւ անկէ պահանջուած է 50 հազար տոլար` իր հօր բժշկութեան համար:
Դրամատուներու պաշտօնէութեան սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Ժորժ Հաժ յայտնեց, որ իրենք կը փափաքին, որ այս դէպքը խաղաղութեամբ աւարտի:
Հաժ յայտնեց, որ իրենք գործադուլի պիտի չդիմեն, որովհետեւ անիկա հարցերը չի լուծեր, ան աւելցուց սակայն, որ ներքին գործոց նախարարութեան հետ պիտի կապուի` ապահովելու համար դրամատուներու պաշտպանութիւնը:
Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանի եւ տեղեկահաւաքի բաժանմունքի պատասխանատու գնդապետ Խալետ Համմուտի հետ հետեւեցաւ «Ֆետերըլ» դրամատան մէջ ընթացող բանակցութիւններուն եւ ապահովութեան ուժերուն կողմէ որդեգրուած քայլերուն:
Մաուլաուի ընդգծեց իր յանձնառութիւնը` բոլոր քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը պաշտպանելու առումով: