Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Քապուլի Օդակայանին Մօտ Զոյգ Պայթումներու Հետեւանքով՝ 90 Զոհ, 120 Վիրաւոր

August 27, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Հայերէն Լուրեր
0
Afghanistan crisis: Who are Isis-K?

Աֆղանիստանի մայրաքաղաք Քապուլի միջազգային օդակայանին մօտ, 26 Օգոստոսին  ահաբեկիչներու կողմէ զետեղուած երկու ռումբեր պայթեցան, որոնցմէ առաջինը՝ օդակայանին հիւսիսային «Ապի» մուտքին, երկրորդը՝ «Պարոն» պանդոկին մօտ, ուր մեծ թիւով ամերիկացիներ հաւաքուած էին։

Ըստ «Աֆղանիստան Թայմզ»ին՝ պայթումը խլած է 90 զոհ եւ 120 վիրաւոր, որոնց մէջ՝  ամերիկացի զինուորականներ եւ ՄԱԿ-ի աշխատակիցներ։

«Թալիպան» շարժումի բանբեր Զապիհուլլա Մուժահետ դիտել տուաւ, որ պայթումին պատասխանատուութիւնը կը կրէ «Իսլամական պետութիւն» խմբաւորումը։ Ան «Թուիթըր»ի իր էջին ճամբով յայտնեց, որ շարժումը վճռականօրէն կը դատապարտէ այս պայթումները՝ խոստանալով պատասխանատուութեան ենթարկել մեղաւորները: «Մենք մեծ ուշադրութիւն կը յատկացնենք մեր ժողովուրդի անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան, եւ այս յանցագործութեան բոլոր մեղաւորները պիտի յայտնաբերուին եւ խստօրէն պատժուին», նշեց ան:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեշ անհանգստութիւն յայտնեց Աֆղանիստանի մէջ տիրող իրավիճակով՝ պատրաստակամութիւն յայտնելով օգնել Աֆղանիստանի ժողովուրդին:

ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպըրկ դիտել տուաւ, որ Քապուլի օդակայանին մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական արարքը կը փաստէ, որ օրէ օր վտանգը կը մեծնայ Աֆղանիստանի մէջ։ «Մէկ կողմէ մենք կը փափաքինք որքան կարելի է աւելի շատ ժամանակ ունենալ, որպէսզի աւելի շատ մարդ դուրս բերուի երկրէն: Սակայն, եթէ մենք մնանք 31 Օգոստոսէն ետք, յատկապէս եթէ «Թալիպան»ը մեզի գոնէ ինչ-որ լուռ համաձայնութիւն չտայ, կը շատնայ գրոհներու սպառնալիքը», նշեց ան։

Previous Post

Խորհրդարանական Ընդդիմութիւնը Չմասնակցեցաւ Քուէարկութեան. Ազգային Ժողովը Ընդունեց Հայաստանի Կառավարութեան Ծրագիրը

Next Post

Erdoğan says no decision yet on Taliban request for Turkish help at airport

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.