ԵՐԱՆ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ
Սիրտը օրէնք չունի երբե՛ք
Մէ՛կ կը պաղի, մէ՛կ կը տաքնայ
Տերեւի պէս կը թրթռայ
Թէ որ սիւքը զայն համբուրէ…
……………
Հոգին մարդուն չի ծերանար
Թէ որ մաքուր պահես միշտ զայն
Ժանգն ու տիղմը տեղ չեն բռներ
Հոգւոյն վրայ որ բիւրեղ է….
……………
Հոգիդ ըլլայ պարզ ու անզարդ
Թէ որ զարդեր դնես վրան
Պիտ’ կարենա՞յ վեր թեւածել
Ճախրել ազատ երկինքն ի վեր…
……………
Քիչեր կ’ըլլան ոգիով քաջ
Զանգուածին դէմ կենան մենակ
Այդ քիչերուն ուսին վրայ
Պատմութիւնը կ’երթայ յառաջ…
……………
Տուրք մի՛ տար դուն բիւր բռնութեանց
Մտքիդ, սրտիդ, հոգւոյդ վրայ
Հաւատարիմ անձիդ մնա՛
Ներքին ես-իդ հետ ներդաշնակ…
……………
Հըպատակէ՛ ճիշդին միայն
Ճշմարիտը լոկ դաւանէ՛
Յայնժամ միայն ազատ կ’ըլլաս
Նոյնիսկ եթէ քեզ պարսաւեն…
……………
Պատանի սիրտս սիրեց կաթոգին
Մաքուր, անարատ սիրով սրբագին
Սէրն այդ առկայծեց իմ մութ օրերուս
Լոյսեր հրավառեց՝ բալասան հոգւոյս…
……………
Մէկը գովերգեն անկախ իր շնորհքէն
Միւսը խարանեն՝ ինչո՞ւ, ո՞վ գիտէ
Սեւին՝ սպիտակ, սպիտակին՝ սեւ
Շահն ու հաշիւը՝ շիլ չափանիշ են…
……………
Արուեստը լուռ կը հառաչէ
Կորսուած որակն իր կը փնտռէ
Լոյսի դարուն լուսահեղձ է
Միջակութեանց հանդէսին մէջ…
……………
Ամբոխն խելառ ծափահարէ
Հտպիտին խենթ ու խեղկատակ
Արուեստագէտն անդին մենակ
Երազահեւ տողեր հիւսէ…
……………
Սրտիս զարկին միշտ ունկնդիր
Հիւսեցի ես տողեր անեղծ
Բառերուս հետ թրթռաց հոգիս
Բընակեցաւ իմ սրտիս մէջ…
……………
Ոմանք միայն զիս հասկցան
Կամ հասկնալ ձեւացուցին
Խրթին բառ է- մրմնջացին
Անցան, գացին ու հեռացան…
……………
Սիրտդ պահէ ջինջ ու մաքուր
Ինչպէս սիրտը երեխայի
Մի՛ թողուր որ ստուեր նստի
Անոր փոքրիկ սափորին լոյս…
……………
Մի՛ տրտնջար բախտիդ համար
Ամէն բախտ ալ իր լոյսն ունի
Թէ տրտնջաս ստուերը շատնայ
Լոյսը նուազի կաթի՛լ-կաթի՛լ…
……………
Սիրտդ պահէ միշտ լուսաշէն
Քանի կ’ապրիս, լոյսը տեսնես
Իւրաքանչիւր օր պարգեւ է
Ընծայուած քեզ Արարիչէն…
……………
Ունեցածդ գընահատէ
Մի գանգատիր չունեցածիդ
Ունեցածդ օրհնութիւն է
Թէ չգիտնաս՝ կրնայ կորչիլ…
……………
Մի՛ շպարեր հոգիդ ի զուր
Տիտղոս, ոսկի, գանձ ու դիրքեր
Ոչ մէկ հմայք կ’աւելցնեն
Հոգւոյդ վրայ Աստուածատուր…
……………
Թէ բանտարկես միտքդ ազատ
Կամ կաղապար դընես անոր
Կը կաշկանդես սըլացքն անոր
Դառնաս ստրուկ մը անազատ..
……………
Խօսքդ բխի սիրտէդ, միտքէդ
Զայն միշտ մաքուր դուն ընծայէ
Էութեանդ վճիտ ցոլքն է
Քու հոգիիդ հայելին է…