ԵՐԵՒԱՆ.- Հինգշաբթի, 17 Մայիսին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրաբ Մնացականեան ընդունեց ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիքը:
Դեսպան Քասփըրչիք շնորհաւորեց նախարար Մնացականեանը՝ արտաքին գործոց նախարար նշանակուելուն առթիւ եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր՝ իր առաքելութեան մէջ:
ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչը նախարար Մնացականեանին ներկայացուց Փարիզի մէջ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Մամետիարովի հետ տեղի ունեցած հանդիպումներու արդիւնքները: