ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Քարէն Եփփէ ծնած է 1 յուլիս 1876-ին, Դանիոյ Լիւմպերկ քաղաքը: Ան կ՛ըլլայ երեք քոյրերու անդրանիկը: Անոր հայրը եղած է լաւ պատրաստուած եւ ազատամիտ ուսուցիչ մը ու պաշտպանը` կիներուն ուսում ստանալու իրաւունքին: Քարէն փոքր տարիքէն հետեւած է հօրը ուսումնական դաստիարակութեան եւ 6 տարեկանին սկսած է կարդալ պատմական գիրքեր: Ան նախակրթարանի ուսումը ստացած է իր ծննդավայրին մէջ: 13 տարեկանին հայրը զինք կը ղրկէ Գերմանիա` գերմաներէն լեզուին տիրապետելու համար: Ան մէկ տարիէն կը սորվի գերմաներէն լեզուն:
Քարէնին ծնողքը կը փափաքին, որ ան բժշկութիւն ուսանի, սակայն Քարէն կը նախընտրէ ուսողութեան ճիւղը: Գերմանիայէն վերադառնալէ ետք ծնողքը զինք կ՛ուղարկեն Քոփենհակենի գիշերօթիկ դպրոցներէն մէկը: Գիշեր մը դպրոցին տնօրէնը, բարձրաձայն կը կարդայ թերթերէն մէկուն մէջ Գերմանական արեւելեան առաքելութեան դանիացի միսիոնար Օժէ Մեյըր Պենետիքթսընի գրած յօդուածը, որ ականատեսի աչքերով կը պատմէր 1896-ի հայերու դէմ համիտեան ջարդերու մասին: Այդ օրերուն լուրեր կը հաղորդուին հայկական ջարդերու մասին ամէն կողմ, եւ հայ որբեր պատսպարող եւրոպացի եւ ամերիկացի միսիոնարները մամուլի միջոցով իրենց քաղաքացիներուն խիղճը կ՛արթնցնեն:
Օժէ Պենետիքթսըն եղած է Հայկական հարցին եւ պատմութեան քաջածանօթ գրող եւ մասնագէտ քաղաքագէտ մը: Ան պայքարած է անիրաւութեան դէմ եւ եղած արդարութեան մարդ: Օժէ Պենետիքթսըն դէպի Պարսկաստան իր ուղեւորութեան ընթացքին կ՛անցնի Ուրֆայէն եւ հոն կ՛այցելէ Գերմանական արեւելեան միսիոնարութեան կեդրոնը եւ դպրոց-որբանոցը, որոնք կը ղեկավարուէին գերմանացի կղերական Եոհաննէս Լեփսիուսի կողմէ: Օժէ կը ծանօթանայ այս կեդրոնին եւ դպրոց-որբանոցին ու կը մտերմանայ Լեփսիուսի հետ: Ան Դանիա վերադառնալէ ետք, 1902-ին կը նախաձեռնէ հիմնել աշխարհիկ կազմակերպութիւն մը` օգնութեան հասնելու համար օսմանեան պետութեան մէջ տառապող հայ ժողովուրդին: Ան կ՛անուանէ այս կազմակերպութիւնը` «Հայերու դանիացի ընկերներ» անունով:
Յաջորդ օրերուն Քարէն Եփփէ ներկայ կ՛ըլլայ Օժէի մէկ դասախօսութեան, ուր Օժէ կ՛անդրադառնայ Թուրքիոյ մէջ օսմանցիներուն կատարած հայկական կոտորածներուն եւ ջարդերուն ու կը վերջացնէ իր խօսքը հայերուն օգնելու կոչով: Քարէն լրջօրէն կը հետեւի դասախօսին, եւ իր մէջ կ՛արթննայ հայկական ողբերգութեան շուրջ մեծ հետաքրքրութիւն: Ան կ՛ուզէ մասնակից դառնալ եւրոպացի եւ ամերիկացի միսիոնարներու սրբազան գործին եւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայ բնակչութեան օժանդակող միջազգայնօրէն տարուած ջանքերուն:
Քարէն Եփփէ կը տեսնուի Օժէին հետ եւ կ՛իմանայ անկէ, որ Լեփսիուս պէտք ունէր ծառայասէր եւ պատրաստուած ուսուցչուհիի մը` աշխատելու համար Ուրֆայի դպրոց-որբանոցին մէջ: Ան կը հրաժարի ուսումէն եւ նամակագրական կապեր կը հաստատէ Ուրֆայի մէջ որբահաւաքի գործ կատարող գերմանացի Եոհաննէս Լեփսիուսի եւ ամերիկացի Միս Շաթիկի հետ եւ կ՛որոշէ երթալ Ուրֆա ու միանալ այդ դպրոց-որբանոցի անձնակազմին: Քարէն ինք պիտի վճարէր իր ճամբորդութեան ծախսը, սակայն ան անկարող էր: «Հայերու դանիացի ընկերներ» կազմակերպութիւնը բարեսիրտ բարեկամ մը գտնէ, որ յանձն կ՛առնէ Քարէնին ճամբորդութեան ծախսը: Ուստի 1903-ին, հակառակ հօր կամքին, Քարէն Եփփէ կը մեկնի Ուրֆա` միանալու Գերմանական առաքելութեան:
Եփփէ հրաժեշտ կ՛առնէ իր ծննդավայրէն եւ շոգեկառքով կը մեկնի Իտալիա` անցնելով Պերլինէն: Ան նաւով կը հասնի Պոլիս եւ հոնկէ կ՛ուղղուի դէպի Մերսին: Ճամբան իրեն կ՛ընկերակցի զուիցերիացի քարոզիչ Եաքոպ Քիւնցլեր: Երկուքը միասին Մերսինէն ճամբայ կ՛ելլեն շոգեկառքով եւ կը հասնին Ատանա: Անոնք կը շարունակեն իրենց ճամբորդութիւնը` հասնելու համար Ուրֆա` մաս մը ձիակառքով եւ մաս մը էշերով: Ուրֆայի մուտքին հայ ժողովուրդը կը դիմաւորէ Քարէն Եփփէն հացով ու աղով եւ կը տրամադրէ անոր ձի մը, որպէսզի ձիով հասնէր Ուրֆայի կեդրոնական շուկան: Սակայն Քարէն կը մերժէ հայերուն առաջարկը եւ իր «բարեկամ» էշով կը հասնի Ուրֆայի կեդրոնը:
Ուրֆա չմեկնած` ան կը ստանձնէ Ուրֆայի մէջ երկու հայ որբերու` Լուիզա Նաթանեանի եւ Միսաք Մելքոնեանի խնամքի ծախսերը: Հետագային ան կ՛որդեգրէ այս երկու որբերը եւ կ՛ամուսնացնէ զանոնք իրարու հետ: Միսաք կը դառնայ Քարէն Եփփէի լաւագոյն օգնականներէն մէկը մինչեւ իր կեանքին վերջը:
Քարէն Եփփէ Ուրֆա կը հասնի 4 հոկտեմբեր 1903-ին: Ուրֆա հասնելէ ետք, 27 տարեկանին իրեն կը վստահուի 300 հայ որբերու խնամքն ու դաստիարակութիւնը Միլլեթ Խանի գերմանական դպրոց-որբանոցին մէջ: Եփփէ շուտով հայերէն կը սորվի: Ան ժողովուրդին կողմէ կը ճանչցուի «Միս Եփփէ Մայրիկ» անունով: Հայերէնի կողքին, ան կը սորվի արաբերէն, թրքերէն եւ քրտերէն լեզուները:
Քարէն Եփփէ 300 հայ որբերու խնամքի եւ դաստիարակութեան սրբազան գործը կը ստանձնէ եւ իր մանկավարժական մեթոտներով ու դաստիարակչական սկզբունքներով կը նուիրուի որբերուն դաստիարակութեան: Նախ եւ առաջ ան կը զբաղի որբերուն ֆիզիքական առողջութեամբ եւ ետքը կը զբաղի անոնց մտային եւ հոգեկան դաստիարակութեամբ:
Որբանոցին մէջ որբերը կը դաստիարակուին ապագային ինքնուրոյն կեանք մը ունենալու հեռանկարով: Հոգեպէս կը կազդուրէ հայ որբերը, կը ներշնչէ անոնց վստահութեան զգացում, որպէսզի հայ համայնքի կենսունակութեան վերականգնման նպաստող տարրերու վերածուէին:
Քարէն Եփփէ կը փորձէ յուսալքութեան, ընկճուածութեան եւ անզօրութեան զգացումներէն ձերբազատել հայ որբերը: Կ՛ամրապնդէ անոնց մէջ կարգապահութեան եւ պատասխանատուութեան ոգին:
Որբերուն առօրեայ յայտագիրը կազմուած կ՛ըլլայ խաղի եւ աշխատանքի յայտագիրներով: Իւրաքանչիւր որբի յատուկ պարտականութիւններ եւ աշխատանքներ կը հայթայթէ, որպէսզի անոնց մէջ զարգանար միտքը, ֆիզիքական ուժը եւ հոգեկան ներաշխարհը: Ան կարեւորութիւն կու տայ երեխաներուն անհատականութեան եւ նախաձեռնութիւններուն անկաշկանդ զարգացման:
Երեխաներուն կրթական յայտագիրը կը հարստացնէ` հայոց պատմութեան հերոսապատումներով, հայերէնի, հայ արժէքներու եւ լեզուի ու գրականութեան դասաւանդումով, աշակերտական դասախօսութիւններով, բարձրաձայն ընթերցումներով, գրադարանի գործածութեամբ, հոգեւոր ու կրօնական դաստիարակութեամբ եւ ընդհանուր քրիստոնէական ու յատուկ Հայ եկեղեցւոյ դաստիարակութեամբ ու համամարդկային արժէքներու եւ բարոյական հասկացողութեան փոխանցումով: Այս բոլորը կ՛իրականանան վաստակաւոր ուսուցիչներով եւ քարոզիչներով:
Քարէն Եփփէ կը հաւատայ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ ուրոյն դիմագիծին: Ան արգելք կը հանդիսանայ առաքելական եկեղեցւոյ պատկանող որբերուն կորզումը դէպի բողոքական եկեղեցի:
Ան որբանոցին մէջ կը հիմնէ արհեստանոցներ եւ ձեռային աշխատանքներու աշխատանոցներ, ուր բոլոր որբերը կը ծանօթանան զանազան ասպարէզի մասնագիտութեան գիտելիքներուն եւ կը սորվին արհեստներ ու կ՛արտադրեն արուեստի գործեր, որպէսզի ինքնաբաւ դառնան:
Իւրաքանչիւր որբուկին համար Եւրոպայի մէջ կը գտնէ հոգեծնողներ եւ կը ջանայ, որ որբերուն եւ անոնց հոգեծնողներուն միջեւ կապերը ամրապնդուին նամակագրութեամբ: Հոգեծնողները նուէրներ կը ղրկեն` ըստ որբերուն նախասիրութեան:
Շատ մը որբեր դաստիարակուելէ եւ զարգանալէ ետք, պատանի կամ երիտասարդ, կը հեռանան որբանոցէն եւ կը մտնեն կեանքի ասպարէզ` պատրաստ աշխատելու եւ արտադրելու: Քարէն Եփփէ ամէն միջոցի կը դիմէ, որպէսզի հեռացող տղաքն ու աղջիկները այցելէին որբանոց եւ մնայուն կապի մէջ ըլլային որբանոցին հետ: Ան հեռացողներուն տեղ շուտով նորեր կ՛ընդունի:
Տարիներու ընթացքին որբանոցի հասուն աղջիկներէն եւ տղոցմէ շատեր կ՛ամուսնանան եւ ընտանիք կը կազմեն Եփփէի ջանքերով եւ միջնորդութեամբ:
1908-ին Քարէն Եփփէ կը վերադառնայ իր ծննդավայրը, ուր դասախօսութիւններ կու տայ հայկական ողբերգութիւններու մասին: Ան շուտով կը հասնի Ուրֆա, ուր կը շարունակէ իր ծառայական գործունէութիւնը: Եփփէ ջուր եւ սնունդ կը մատակարարէ Ուրֆայէն անցնող բռնագաղթուող հայերու կարաւաններուն: Հակառակ ահաւոր սպանդին, ան կը շարունակէ աշխատիլ եւ օգնել փախչող հազարաւոր հայերուն` անոնց քիւրտի ու արաբի շորեր հագցնելով:
Ուրֆայի հերոսամարտին Եփփէ իր կարելին կ՛ընէ` հայերուն սնունդ եւ դեղորայք հասցնելով, խնամելով ու մատակարարելով հազարաւոր գաղթականներ եւ որբեր:
Ուրֆայի հերոսամարտի ոչ բաղձալի աւարտէն ետք կը սկսին հայերու աքսորը եւ գաղթականութեան արհաւիրքը: Տեղի կ՛ունենան տուներու խուզարկումները: Խուզարկութիւններու ընթացքին թուրքերը կը գրաւեն եւ իրենց հետ կը տանին տասնեակ մը հայ երիտասարդներ, աղջիկներ եւ երեխաներ: Կը խուզարկուի Եփփէի տունը, ուր ապաստանած կ՛ըլլայ քահանայ Գարեգին Ոսկերիչեանը: Եփփէ ճարպիկութեամբ կը փախցնէ քահանան շրջակայ այգիները, սակայն թուրքերը կրկին ու կրկին կը խուզարկեն իր տունը: Ի վերջոյ տէր Գարեգին իր կնոջ հետ անձնասպան կ՛ըլլայ, որպէսզի չյանձնուի թուրքերուն: Խուզարկութիւններու ընթացքին կը ձերբակալուի նաեւ Եփփէի որդեգիր աղջիկը` Լուիզան, որ քանի մը օր ետք կաշառքով կ՛ազատագրուի: Եփփէի որոշումով իր որդեգրած տղան` Միսաք, Եփփէի տան ճաշասենեակին մէջտեղ փոսխոռոչ մը կը փորէ եւ կը ծածկէ տախտակներով եւ գորգով մը ու կը տեղաւորէ սեղան մը գորգին վրայ: Այս խոռոչին մէջ կը պատսպարուին 6 փախստական հայեր: Իսկ Եփփէ իր տան նկուղին մէջ երկու տարի շարունակ կը պատսպարէ բազմաթիւ փախստական երիտասարդ հայեր:
Այդ դժնդակ օրերուն Եփփէ ուժասպառ կ՛ըլլայ ծանր աշխատանքէ եւ 30 օր կը կորսնցնէ իր գիտակցութիւնը: Այդ շրջանին իրեն օգնութեան կը հասնին իր քով ծառայողները, եւ զինք կը բուժէ Եաքոպ Քիւնցլեր: Կամաց-կամաց ան կը գտնէ իր գիտակցութիւնը եւ առողջութիւնը: 1917-ի աշնան իր երկու որդեգիր զաւակները կը յանձնէ քիւրտ ընտանիքի մը` որպէս ապահով անձեր եւ ինք կը մեկնի Դանիա հիւանդ վիճակով:
Քարէն Եփփէ ապաքինելէ ետք Դանիոյ մէջ դասախօսութիւններով ու յօդուածներով հանդէս կու գայ հայ ժողովուրդի ապրած ահաւոր եղեռնին շուրջ եւ կ՛աշխատի նիւթական օժանդակութիւններ հաւաքելով` Հալէպ հասնիլ հայ խլեակներուն օգտակար ըլլալու համար: Ան կ՛իմանայ, որ իր որդեգիրները` տէր եւ տիկին Միսաք եւ Լուիզա Մելքոնեանները ողջ են ու Հալէպ կը գտնուին եւ շատերու պէս կ՛ուզեն Պոլիս, Եւրոպա կամ Ամերիկա անցնիլ: 29 օգոստոս 1920 թուակիր իր ձեռքով գրուած հայերէն նամակին մէջ կը գրէ անոնց. «Ես ալ կ՛ըսեմ, թէ Ուրֆա ի՜նչ կորսնցուցած ենք: Երբ որ Հալէպ գործ մը կրնաք գտնել, հոն մնացէք, ես ալ հոն կու գամ, անկէ Հայաստան կ՛երթանք, Պոլիս անպիտու տեղ մըն է, վաս անցէք»:
Քարէն Եփփէ Ուրֆա իր վերադարձը անհնար գտնելով` 1921-ին Հալէպ կու գայ ու բոլորովին անհատական ճիգերով կը լծուի տարագիր իր սիրելի ժողովուրդին վերապրող խլեակներուն օգտակար դառնալու գործին: Իրեն զօրավիգ կը կանգնի Հայերու դանիացի բարեկամներ ընկերակցութիւնը:
Ան իր ծառայութիւնները կը սկսի Հալէպի Սիւլէյմանիէի հիւղաւանին մէջ` իբրեւ պաշտպան այրի կիներու եւ որբերու: Հայ այրի կիներու եկամուտի աղբիւր հայթայթելու մտահոգութեամբ, Թիլել թաղամասին մէջ (հաւանաբար` Հոգետունին մէջ) կը հաստատէ ասեղնագործութեան աշխատանոց մը, ուր մեծ թիւով կիներ կ՛աշխատին աւելի քան քառորդ դար: Այս գործին մէջ իրեն զօրավիգ ու գործակից կը դառնայ լեհ ծագումով ու իր կողմէ որդեգրուած Լիոփոլտ Կաշշիկը (Leopold Gassczyk), որ թղթակցութիւններով Անգլիոյ, Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Նորվեկիոյ, Դանիոյ, Հոլանտայի եւ այլ երկիրներու մէջ շուկայ կը պատրաստէ հայ կիներու ձեռային աշխատանքներուն:
Եփփէ կ՛աջակցի Ազգերու լիկայի ջանքերուն` Ցեղասպանութեան ընթացքին ստրկութեան ու սեռական շահագործման տարուած հայ կիներուն ու աղջիկներուն փնտռտուքի եւ գտնելու գործին մէջ: Եւրոպա հաւաքուած գումարներով ան ի վիճակի կ՛ըլլայ արաբներէն գնել բազմաթիւ կիներ ու երեխաներ:
1922-ին Քարէն Եփփէ կը նշանակուի Ազգերու լիկայի լիազօր ներկայացուցիչ` զբաղելու համար գաղթական հայերու տեղաւորման հարցերով: Այս գործին համար պիւտճէ կը տրամադրուի անոր: Քարէն Եփփէ կը մասնակցի Սուրիոյ հիւսիսը շարք մը բնակավայրերու մէջ հայ գաղթականներ տեղաւորելու ու զանոնք ֆինանսաւորելու գործին` իր գործունէութեան կայաններ դարձնելով Ճարապլուս, Թել Ապիատ, Ռաս Իւլ Այն, Թել Սիմեն, Ապու Թինա եւ Խրպեթ Ռըզ գիւղերը: Իր հիմնած ու հայերով բնակեցուցած Թինա գիւղը ամբողջութեամբ կ՛առնէ Հայերու դանիացի բարեկամներ ընկերակցութեան հոգատարութեան տակ եւ անոր վերակացու կը նշանակէ իր որդեգիր զաւակը` Միսաք Մելքոնեանը:
Քարէն Եփփէ հազարաւոր քիլոմեթրեր կը շրջագայի միջագետքեան անապատին մէջ` գերութեան մէջ պահուող հայ կիներն ու երեխաները ազատագրելու համար: Այս աշխատանքին մէջ անփոխարինելի գործ կը կատարէ իր «Աննա ֆորտ» մակնիշով մեքենան, որ քանի՜ քանի անգամներ վտանգի ենթարկուած է եւ վնասուած է այս առաքելութեան ընթացքին:
Ան կը մեկնի Սուրիոյ անապատ` Տէր Զօր, Հասիչէ եւ մօտակայ շրջանները ու կը կատարէ փրկարար աշխատանք` ազատագրելով հազարաւոր հայ գաղթական աղջիկներ եւ կը տեղաւորէ զանոնք գաղտնի կեդրոններու մէջ: Հետագային զանոնք կը փոխադրէ Հալէպ:
Եփփէ կը հանդիպի արաբ գիւղապետի մը` շէյխ Հաճիմ փաշա, եւ երկար ու դժուար բանակցութիւնէ ետք անկէ վարձու կ՛առնէ 30 ընտանիք կերակրելու համար բաւարար մեծութեամբ գիւղատնտեսական հող մը` Եփրատի շրջանի արեւելեան հողատարածքին մէջ: Այդ օրերուն իրեն կը միանան դանիացի երկու օգնականներ` Ճենի Ճենսըն եւ Քարէն Պժեր, որոնք մեծապէս օգտակար կը հանդիսանան իր որբախնամ գործին:
Սուրիական անապատին մէջ իր ջանքերով եւ Լեփսիուսի միջոցով կը հիմնուին Թել Սամեն, Թել Արմէնի եւ ետքը Շարփ Պետրոս գիւղերը: Կը ստեղծուին գիւղատնտեսական կառոյցներ, ուր կը գործեն հայ գաղթականներ: Անապատին մէջ հաւաքուած որբերուն համար փլատակ աւաններու մէջ կը հիմնէ դասարաններ, ուր որբերը կը սորվին հայերէն եւ հայոց պատմութիւն:
Ռասիւլ Այնի մէջ կը հիմնէ փախստականներու վեցերորդ կեդրոնը, ուր կը տեղաւորուին հարիւրաւոր հայ փախստականներ:
Քարէն Եփփէի ամէնէն սուրբ գործը կ՛ըլլայ որբեր ու այրի կիներ հաւաքելու արշաւը, որ կը կատարէ շատ յանդուգն քայլեր առնելով ու յաճախ շրջելով գիւղէ գիւղ: Այդ գործին մէջ իրեն աջակից կը դառնան իր խիզախ որդեգիրը` Միսաք Մելքոնեան եւ արաբ ցեղապետներ:
Հազարաւոր այրիներ, որբեր եւ չափահաս մարդիկ կ՛անցնին թրքական սահմանը ու կը ներկայանան այս կայանները: Իր քով կը հասնին մեծ թիւով իսլամացած հայ կիներ եւ աղջիկներ: Իւրաքանչիւր բերուած հայուն համար 10 օսմանեան ոսկի կը վճարէ Քարէն Եփփէ:
Քարէն Եփփէ փրկուած հայերը կը տեղաւորէ իր հիմնած գիւղերուն մէջ, փոքրերն ու այրի կիները կ՛առնէ իր անմիջական խնամքին տակ, իսկ ուրիշներու համար կայք կը գտնէ Հալէպի Ազգային առաջնորդարանին հետ գործակցաբար:
Մինչեւ 1929 ընդհանուր փրկուած հայ աղջիկներուն եւ տղոց թիւը կ՛անցնի 1900-ը: Ասոնց մեծ մասը կը գտնէ իր հարազատները Հալէպի մէջ:
Քարէն Եփփէ կը փորձէ հաւաքուած երիտասարդ տղաքն ու աղջիկները ամուսնացնել եւ անապատին մէջ կը կատարէ հաւաքական առաքելական պսակադրութիւն` հայ եկեղեցականներու օրհնութեամբ:
Ազգերու դաշնակցութեան տրամադրած պիւտճէով Քարէն Եփփէ կը պաշտօնականացնէ Հալէպի մէջ հայ որբեւայրիներ եւ անոնց որբերը խնամելու գործը եւ իր հաստատութիւնը կը կոչէ «OEUVRE DE PROTECTION DES FEMMES ET DES ENFANTS» (Կիներու եւ մանուկներու պաշտպանութեան գործ), որ նախ կը գործէ Հալէպի Թիլել թաղամասին մէջ: 1924-ին իր անունով կը գնէ քաղաքէն դուրս Մէյտան կոչուող վայրին մէջ տասը հազար քառ. մեթր տարածութեամբ հողաշերտ մը, ուր 1926-ին եւ 1929-ին կը կառուցէ ինը միայարկ տաղաւարներ` 80 սենեակներով եւ հոն կը պատսպարէ իր այրիները իրենց 200 որբերով:
Քարէն Եփփէ սերտ գործակցութեան մէջ կը մնայ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ Ազգային իշխանութիւններուն հետ: Ան յաճախ խորհրդակցական հանդիպումներ կ՛ունենայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Սահակ Խապայեանի ու Բերիոյ թեմի առաջնորդ Արտաւազդ արք. Սիւրմէեանի հետ: Իր գլխաւոր մտահոգութիւններէն մէկը կ՛ըլլայ հայութեան վերադարձնել իր հաւաքած որբերը` անոնց ապահովելով Հայաստանեայց եկեղեցւոյ ու ազգային վարժարանի դաստիարակութիւնը:
Մեծ կ՛ըլլան Քարէն Եփփէի նիւթական եւ բարոյական նպաստները իր Մէյտանի կալուածին հարաւային կողմը գտնուող Ազգային Սահակեան վարժարանի (1927), Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (1930) շինութեանց եւ առհասարակ Մէյտանի մէջ հայ գաղթականներուն համար մնայուն բնակութիւն հաստատելու աշխատանքներուն մէջ: Նորաբնակները շրջանը կը կոչեն «Նոր Գիւղ»:
Սահակ կաթողիկոս 21 մարտ 1926 թուակիր իր կոնդակով բարձրօրէն կը գնահատէ Քարէն Եփփէի մարդասիրական մեծ ծառայութիւնները: Դանիոյ պետութիւնն ալ զայն կը պատուէ «Պատուոյ լեգէոնի ասպետ»-ի առաջին կարգի շքանշանով: 1928-ին Բերիոյ թեմի առաջնորդ Արտաւազդ արք. Սիւրմէեան Քարէն Եփփէի հայանպաստ գործունէութեան 25-ամեակին առթիւ յոբելենական հաւաք մը կը կազմակերպէ Հալէպի Ազգային Հայկազեան մանկապարտէզի սրահին մէջ:
Քարէն Եփփէ ծանրաբեռնուած վիճակի մէջ այլեւս չի կրնար դիմագրաւել ծանր աշխատանք: Ան կը հիւանդանայ մալարիայով եւ կը մահանայ 7 յուլիս 1935-ին, 59 տարեկան հասակին:
Ծնունդով դանիացի բողոքական Քարէն Եփփէ իր կեանքին երկրորդ կէսէն աւելին կ՛ապրի ու կը մեռնի իբրեւ հայ առաքելական: Իր կտակին համաձայն, յուղարկաւորութիւնն ու թաղման ծէսը կը կատարէ Հայ առաքելական եկեղեցին` առաջնորդ Արտաւազդ արքեպիսկոպոսի, եկեղեցական դասուն եւ բազմահազար հայորդիներու մասնակցութեամբ: Առաջնորդը կը փափաքի, որ Քարէն Եփփէ թաղուի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ բակին մէջ, որուն «կնքահայր»-ներէն մէկը եղած էր հանգուցեալը: Տեղական ֆրանսական իշխանութիւնը արգելք կը հանդիսանայ:
Քարէն Եփփէի շիրիմը կը գտնուի Հալէպի հայոց Ազգային գերեզմանատան մէջ: Իսկ անոր կիսանդրին զետեղուած է Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի շրջափակին մէջ:
Քարէն Եփփէի որդեգիրը` Միսաք, որ Քարէն Եփփէի կարեւոր աշխատակիցը եղած էր երկար տարիներ, կը շարունակէ Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան տարածքին հայերը փրկելու սրբազան աշխատանքը նոյնիսկ անոր մահէն ետք: Միսաք կը ստանձնէ «Հայաստանի դանիացի բարեկամներ»-ու հիւսիսային Սուրիոյ մէջ գործունէութեան վերահսկողութիւնը: Սակայն կազմակերպութիւնը չկարողանալով Դանիոյ մէջ հարկ եղած դրամահաւաք կատարել` կազմակերպութեան եւ Միսաքի գործունէութիւնները կը դադրին: Կազմակերպութիւնը Համաշխարհային Բ. պատերազմի յաջորդող տարիներուն կը լուծուի, եւ Միսաք իր ընտանիքին հետ կը գաղթէ Միացեալ Նահանգներ ու կը հաստատուի Քալիֆորնիա, ուր կը մահանայ 1978-ին:
Քարէն Եփփէի մասին գրուած են քանի մը գիրքեր` դանիացի գրողներու կողմէ:
Այդ գիրքերէն մէկն է` «Քարէն Եփփէն եւ հայ ժողովուրդը. կեանք մը, կանչ մը», հեղինակութեամբ Քէյթ Ղոյստա (դանիացի գրող), տպագրուած` 2013-ի մայիսին, դանիերէն լեզուով:
Քարէն Եփփէ իր կեանքի ընթացքին գրած է գիրք մը` «Միսաք», որ 2015-ին անգլերէնի թարգմանուած է J. Kauffeldt-ի կողմէ «Misak, An Armenian life» անունով: Գիրքը հիմնականօրէն կը խօսի իր որդեգրած զաւկին` Միսաքի մասին:
Դանիացի ժողովուրդը յաւերժացուցած է Եփփէի ծառայական գործունէութիւնը` փորագրելով անոր անունը յիշատակի խոշոր ժայռի մը վրայ եւ զետեղելով այդ ժայռը Քարէն Եփփէի ծննդավայրին մէջ:
Իսկ Հայաստանի կառավարութիւնը նախաձեռնութիւնը կ՛առնէ եւ խաչքար մը կը զետեղէ այս յիշատակի ժայռին մօտ:
Քարէն Եփփէի կիսանդրին նաեւ զետեղուած է Երեւանի պետական համալսարանի մուտքին:
Քարէն Եփփէ իր կեանքը նուիրած է հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան զոհերու փրկութեան գործին: Ան գնահատելի ժառանգութիւն թողած է իր սիրած հայերուն` հող, ապրուստ եւ ապագայ, իսկ իր հիմնած գիւղերէն վեցը գոյութիւն ունին այսօր: Ան իր մահէն առաջ հայանուէր փրկարար աշխատանքները դրած է ամուր հիմերու վրայ:
Հայ ժողովուրդը զինք կոչած է` «Հայ որբերու պահապան հրեշտակը»:
Իր մահէն 12 տարի ետք, 1947-ին Հալէպի Ազգային առաջնորդարանի եւ առաջնորդին` Զարեհ եպս. Փայասլեանի ջանքերով Քարէն Եփփէի հիւղաւաններու կալուածին վրայ կը հիմնուի Հալէպի Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարանը:
Զարեհ եպիսկոպոսին խնդրանքին ընդառաջ երթալով` Դանիական բարեսիրական միութիւնը հայ ազգին կը նուիրէ 10.000 քառ. մեթր տարածութեամբ մեծարժէք հողը, որուն վրայ այրիանոցի համեստ բնակարաններ կային: Այս կալուածին վրայ կը հաստատուի Ազգային Ճեմարանը Քարէն Եփփէ անունով` ի գնահատութիւն եւ յերախտագիտութիւն մեծ հայասէրին չարչարագին ծառայութեանց հանդէպ հայ ժողովուրդին: Ուստի հալէպահայութիւնը բախտաւորութիւնը կ՛ունենայ ականատես ըլլալու Քարէն Եփփէ ճեմարանի բացման:
Ճեմարանի բացման հանդիսութեան նախագահած է Սուրիոյ հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Զարեհ եպս. Փայասլեան: Ան իր խօսքին մէջ ըսած է. «Այսօր Հալէպի մէջ շատ կան երկրորդական վարժարաններ` անգլիական, ամերիկեան, ֆրանսական կրթարաններ, սակայն անոնք չեն պատրաստեր ճշմարիտ եւ գիտակից հայ հանրային մարդը, որուն այնքան պէտք ունի այսօր գաղթահայութիւնը` ազգային իր գոյութիւնը անաղարտ ու ապահով պահելու համար հազար ու մէկ յորձանքներու, փոթորիկներու դէմ: Հայ ծնողներու վրայ կը ծանրանայ պարտականութիւնը գիտակցելու այն անփոխարինելի դերին, զոր կոչուած է կատարելու հայ երկրորդական վարժարան մը` վաղուան հայ մայրերն ու հայրերը պատրաստելու համար»:
Տարիներ ետք Ճեմարանի հին հիւղաւանները կը քանդուին եւ կը կառուցուի արդիական ճեմարանը: Ան կը գործէ մինչեւ այսօր:
Քարէն Եփփէ ճեմարանի հիմնադրութիւնը դրական արձագանգ գտած է հայկական սփիւռքի զանազան գաղթօճախներու մէջ: Սփիւռքի հայութիւնը ուրախութեամբ ընդունած է հալէպահայութեան այս մեծ իրագործումը:
Քարէն Եփփէ ճեմարանը սոսկ դպրոց մը չէ եղած, այլ` հայակերտումի եւ մարդակերտումի լուսաւոր կեդրոն մը: Ան եղած է ազգային ոգին մարմնաւորող կրթամշակութային միջնաբերդ մը: Հոն հայ աշակերտին փոխանցուած է ազգային դաստիարակութիւն, համապարփակ ուսում եւ կրթութիւն:
Ճեմարանը սփիւռքահայութեան իրականութեան մէջ ունեցած է եւ կը շարունակէ ունենալ բախտորոշ եւ վաւերական ներկայութիւն եւ մեծ դերակատարութիւն` ազգապահպանման սրբազան գործին մէջ:
Ճեմարանը տուած է հազարաւոր շրջանաւարտներ, որոնք այսօր կը գտնուին Սուրիոյ եւ սփիւռքի զանազան հայահոծ կեդրոններու մէջ եւ կը գործեն հանրային, կրթական, եւ մշակութային ու այլ բնագաւառներու մէջ: Անոնք մեծ ներդրում ունեցած են հայապահպանման սրբազան գործին մէջ: Ճեմարանը տուած է սփիւռքին բազմահազար ուսուցիչներ, մտաւորականներ, նշանաւոր ազգային գործիչներ եւ հրապարակագիրներ:
Քարէն Եփփէ ճեմարանը հիմնադրութենէն մինչեւ օրս արժանացած է Սուրիոյ հայոց թեմին Ազգային առաջնորդարանին եւ իրերայաջորդ ազգային իշխանութիւններուն ամբողջական հոգատարութեան եւ նիւթական ու բարոյական օժանդակութեան: Հալէպահայութիւնը միշտ նեցուկ կանգնած է Ճեմարանի գոյութեան, յարատեւութեան, վերելքին եւ բարգաւաճումին` հաւատալով նորահաս սերունդի հայեցի դաստիարակութեան անոր անժխտելի դերակատարութեան:
Փա՛ռք ու պատիւ Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանին:
Յաւերժ խաղաղութիւն` հայ որբերու պահապան հրեշտակ Քարէն Եփփէի հոգիին:
Մոնրէալ, 20 յուլիս 2020
Օգտագործուած աղբիւրներ`
- Հայրունի, Աշոտ Ն., «Վէմ» համահայկական հանդէս, հոկտեմբեր-դեկտեմբեր 2017 եւ յունուար-մարտ 2018, Երեւան:
- Հայկական ուսումնասիրութիւնների Անի կեդրոն, «Քարէն Եփփէ` նրա ջանքերով գերութիւնից ու ստրկութիւնից փրկուել է 2000 հայ կին», Երեւան:
- «Ռատիօ Վատիկան», հայերէն հաղորդում, «Քարէն Եփփէն եւ հայ որբուկները», 13 յունիս 2019:
- Karen Jeppe Վիքեբետիա հանրագիտարան:
- Jeppe, Karen, «Misak, An Armenian life» (Gomidas Inst. 2015), translated, edited and introduced by J. Kauffeldt:
- Garivo network, «Karen Jeppe, a righteous woman for the Armenians».
- Eva Lous, «The Danish peace academy, Karen Jeppe, Denmark’s first peace philosopher», 2003.
- UWC, Dilijan College, «Karen Jeppe, Danish missionary and social worker».
- Matthias Bjenlund, Karen Jeppe, AAGE Meyer Bene-dictsen and the Ottoman Armenians, National survival in imperial and colonial settings, Danish institute for study abroad, January 2008.