Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքեց Քարվաճառ տանող դարպասը քանդելու լուրերը, աւելցնելով՝ սահմանը վերջնականապէս ճշդելու բանակցութիւններ տեղի կ’ունենան:
Սոյն տեղեկութիւնները լրագրողներուն փոխանցեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Գէորգ Ալթունեանը:
« Դարպասը կոտրելու մասին, բնականաբար խօսք չկայ: Այնտեղ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանի վերջնական հարցն է քննարկւում՝ նաեւ արբանեակային կապի միջոցներով….: Այդ աշխատանքներն են ընթանում, դարպասներ կոտրելու մասին խօսք չկայ». շեշտեց Ալթունեան:
Ան պարզաբանելով եղելութիւնը ըսաւ.« Քանի որ Հայաստանը այդ ուղղութեամբ Ազրպէյճանի հետ սահման չի ունեցել մինչեւ հիմա, այսինքն՝ Հայաստանէն ետք եղած է Արցախը, հիմա սահմանագիծի ճշգրտման խնդիր է յառաջացել: Այդ աշխատանքներն են իրականացւում»: