ՀՀ ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալպանտեան Մարտի 5-ին ներկայ գտնուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած Երուսաղէմի սիմֆոնիկ նուագախումբի համերգին, որ կը կրէր «Քեզ հետ, Հայաստան» խորագիրը։: Երուսաղէմի հեղինակաւոր համերգասրահի լեփ-լեցուն դահլիճին մէջ կայացած համերգին հնչեցին Կոմիտասի, Արամ Խաչատրեանի, Պեթհովենի եւ Ստեփան Ռոստոմեանի ստեղծագործութիւնները։ Է. Նալպանտեան ըսաւ. Ելոյթ ունենալով համերգէն առաջ` «Ես բազմաթիւ անգամ եղած եմ Երուսաղէմ` մշտապէս առանձնայատուկ զգացում ունենալով սուրբ քաղաքին մէջ գտնուելու առիթով: Այսօրուան խորհուրդը ունի իր առանձնայատկութիւնը: Այսօր Երուսաղէմի սիմֆոնիկ նուագախումբը իր համերգը կը նուիրէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին, եւ ես կը ցանկամ իմ երախտագիտութիւնը յայտնել բոլոր անոնց, որոնք հնարաւոր դարձուցած են` այս նախաձեռնութեան յաջողութիւնը: Քիչ ազգեր ունին նոյնքան ընդհանրութիւններ, որքան հայերը եւ հրեաները: Քանի մը դար պետականութեան բացակայութեան եւ զրկանքներէն ետք, անցնելով ցեղասպանութեան արհաւիրքներուն մէջէն, սփռուած ամբողջ աշխարհով` մենք հպարտ ենք, որ 20-րդ դարուն վերականգնեցինք պետականութիւնը։ Ես կը ցանկայի կրկին մէջբերել Հայոց Ցեղասպանութեան հրէայ ականատեսներուն խօսքերը. «Ես սարսուռով կը մտածեմ` ով պիտի ըլլայ յաջորդը: Երբ ես կը քալեմ Երուսաղէմ տանող օրհնուած եւ սուրբ հողով, ես կը հարցնեմ ինքզինքիս` արդեօք հիմա 1915 թուականն է, թէ մենք կը գտնուինք Տիտոսի կամ Նաբուքոդոնոսորի ժամանակներուն մէջ: Արդեօք ես, հրէայ ըլլալով, մոռցած եմ, որ հրէայ եմ: Նաեւ կը հարցնէի ինքզինքիս, թէ արդեօք ես իրաւունք ունիմ սգալու միայն իմ ժողովուրդի ողբերգութեան համար, եւ արդեօք Երեմիա մարգարէն արեան արցունքներ չէ թափած նաեւ հայերու համար»։: Շատեր կը համարեն, որ հնարաւոր պիտի ըլլար կանխել Երկրորդ Աշխարհամարտի քօղի ներքոյ իրականացուած ոճրագործութիւնները, եթէ Առաջին Աշխարհամարտի քօղի տակ մարդկութեան դէմ իրականացուած յանցանքները ստանային միանշանակ միջազգային դատապարտում, եւ պատասխանատուները արժանի պատիժ կրէին: 1939 թուականի Ատոլֆ Հիթլերի խօսքերը` «Այսօր ո՞վ կը խօսի հայերու կոտորածներուն մասին», յստակ յիշեցում են, որ իրագործուած ցեղասպանութիւններու անպատիժ մնալը եւ ժխտումը անոնց կրկնութեան համար պարարտ հող կը ստեղծեն։: Իրականացուած ցեղասպանութիւններու լիակատար ճանաչումը ապագային անոնց կրկնութիւնը կանխելու ամենաարդիւնաւէտ միջոցներէն մէկն է: Յիշելու իրաւունքը, յիշողութեան միջոցով անցեալի ողբերգութիւնները ճանչնալը կարեւոր են նոր ցեղասպանութիւններու կանխարգելման գործին համար։ Այս առումով Հայաստանի եւ Իսրայէլի ժողովուրդները քաջատեղեակ են եւ կիսում են անցեալին կրած իրարու ցաւը: Հոլոքոստի վերաբերեալ իրազեկուածութեան առումով հայերը առաջիններէն մէկն են աշխարհի մէջ: ԵՈՒՆԵՍՔO-ի զեկոյցի համաձայն` Հայաստանը տարածաշրջան միակ երկիրն է, ուր դպրոցական ծրագիրները Հոլոքոստի վերաբերեալ ուղղակի անդրադարձ կը ներառեն: Անոնք, որոնք այցելած են Եադ Վաշեմ, հաւանաբար կարդացած են հայերու անունները, ովքեր հրէաներ փրկած են Հոլոքոստի ընթացքին եւ ստացած “առաքինիներ”-ու վեհ տիտղոսը: Շոայի յիշատակի հիմնադրամի վերջին հարցումը ցոյց տուաւ, որ Իսրայէլի մէջ հրէաներու 88%-ը կ’ընդունի Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Սիրելի՛ բարեկամներ, Այսօր առաւօտեան պատիւ ունեցայ հանդիպելու Իսրայէլի Պետութեան նախագահ Ռէվեն Ռիւլինին: Մեր քննարկման հիմնական թեմաներէն էր հայ եւ հրէայ ժողովուրդներու համատեղ պատասխանատւութիւնը` ցեղասպանութիւններու, մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու կանխարգիլման ուղղութեամբ: Այս առումով կը ցանկայի շնորհակալութիւն յայտնել Հոլոքոստը վերապրած Նոբելեան մրցանակակիր Էլի Վիզելին, ականաւոր փրոֆէսրներ Իսրայէլ Չարնիին, Եաիր Աուրոնին եւ շատ այլ հրէայ գիտնականներու, որոնց աշխատանքները` նուիրուած հայ եւ հրէայ ժողովուրդներու ցեղասպանութիւններուն, բարձր կը գնահատուին ողջ աշխարհի մէջ: Մեր ժողովուրդներու միջեւ կայ եւս կարեւոր ընդհանրութիւն. հակառակ մեր ժողովուրդները բնաջնջելու փորձերուն` մենք վերածնուեցանք: Դժուար կ’ըլլայ համար, ովքեր կը փորձեն հաշուել տաղանդաւոր արուեստագէտները, երաժիշտները, գիտնականները, յաջողակ գործարարները, ովքեր էական ներդրում ունեցած են իրենց ոլորտներու զարգացման մէջ 20-րդ եւ 21-րդ դարերուն: Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի յիշատակման առանցքային ուղերձներէն մէկը, ըստ էութեան, վերածնունդն է: Այն փաստը, որ Երուսաղէմի սիմֆոնիկ նուագախումբը իր համերգային ծրագրերու մէջ կը ներառէ 20-րդ եւ 21-րդ դարերու հայ եւ հրէայ երաժշտահաններու գործերը, այդ վերածնունդի պարզ վկայութիւնն է”: